«Մամուլ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «մինի|«The Wall Street Journal»ին առաջին թիւը '''Մամուլ''', տպագրութիւն, հրատարա...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

11:52, 2 Մարտ 2021-ի տարբերակ

Մամուլ, տպագրութիւն, հրատարակութիւն, տպագրական մեքենայ, տեղեկատուութիւն, տեղեկատուական ցանց կամ կառոյց․ տեղեկատուական որեւէ օրկան՝ օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ։

«The Wall Street Journal»ին առաջին թիւը

Վերջին տասնամեակներուն, մամուլը աւելի լայն հասկացողութեամբ կը ներառէ ինչ որ առնչուած է տեղեկատուութեան. այսինքն՝ տպագրուած մամուլի կողքին, նաե՛ւ ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ համացանց[1]։

Պատմական ակնարկ

Մամուլը ձեւաւորուած է Եւրոպայի մէջ, 15-րդ դարուն (գիրքեր, գրքոյկներ, թռուցիկներ եւ այլն)։ 17-րդ դարուն սկսանն հրատարակուիլ թերթեր ու ամսագիրեր, 19-րդ դարու կէսերուն հիմնուեցան մամուլի գործակալութիւններ։ Սկզբնական շրջանին մամուլը ծառայած է եկեղեցւոյ գաղափարախօսութեան։ Պատմական զարգացման ընթացքին հանդէս եկած է նաեւ աշխարհիկ մամուլ, որ արտայայտած ու պաշտպանած է տիրող դասակարգերու շահերը։

Տեղեկատուական բնագաւառը հսկայ աշխարհ մըն է, ուր մասնաւորաբար ելեկտրոնային մամուլի մարզէն ներս, ամէն օր տեղի կ'ունենան հսկայաքայլ ու աննախընթաց զարգացումներ։

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշռին, դարձած է աշխարհի ամենէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ՝ յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ՝ հակառակը։

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։