«Նիտըրլենտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 12.
 
=== Բնութիւն ===
ՆիտրլենտիՆիտըրլենտի բնորոշ են ցած հարթավայրերը։ Կը գերակշռոեն մշակուող հողատարածքները եւ պահպանուող բնատարածքները։ Մակերեսին միայն 2 %-ն ունի 50 մ-էն աւելի բարձրութիւն։ Հեղեղումներէն պաշտպանուելու համար կառուցուած են բազմաթիւ ամբարտակներ եւ պատնէշներ։ Ծովապատնէշով փակուած են Զիլանտ մարզին ծովախորշերը եւ Այսելմիեր լիճը։ ՆիտրլենտիՆիտըրլենտի ցամաքային մակերեսին զգալի մասը կը կազմեն նախկին ջրային տարածութիւնները, որոնք ամբարտակներով փակուած ու չորցուած են, վերածուելով մշակուող բերրի հողատարածքներու։
 
ՆիտրլենտիՆիտըրլենտի արեւելքը տարածուած են բլրապատ դաշտավայրեր, կեդրոնական մասին մէջ տեղ-տեղ պահպանուած են սառցադաշտային թումբեր, իսկ հարաւը՝ կրաքարով ծածկուած են հին գետային դարաւանդները։ ՆիտրլենտիՆիտըրլենտի հիւսիսային մասը կազմուած է «Պլեյստոցենի» աւազակաւային, ծովային եւ գետային, արեւելքը՝ սառցադաշտային եւ ջրասառցադաշտային, [[Հռենոս]]ի, [[Մաաս]]ի եւ Շելտայի «Տելթա»ն՝ կուտակումային նստուածքներէն, իսկ հարաւ- արեւելքը՝ կրաքարերէ, կաւերէ եւ կաւիճէ։
 
{| class="graytable"
Տող 42.
 
=== Ներքին ջուրեր ===
Գետերը ջրառատ են, նաւարկելի եւ միացած՝ ջրանցքներով։ Ամենամեծ գետը Հռենոսն է (հոլանտերէն՝ ''Ռայն''), որմով երկու անգամ աւելի շատ ջուր կը ներհոսի ՆիտրլենտՆիտըրլենտ, քան տարեկան տեղումներու ընդհանուր քանակը։ Այլ մեծ գետեր են Մաասը եւ Շելտան։ ՆիտրլենտիՆիտըրլենտի մէջ կառուցուած են մեծ թիւով ջրանցքներ: Գրեթէ բոլոր գետերը նաւարկելի են։ Ամսթերտամ, Լայտեն եւ Ուտրեխտ քաղաքները նշանաւոր են իրենց ջրանցքներու համակարգով։
 
Քաղցրահամ լիճերը, որոնց մեծ մասը կը գտնուի երկիրին արեւմտեան մասին մէջ եւ Ֆրիզլենտ մարզին մէջ, ունին բուժիչ յատկութիւններ։ Խմելու համար կ'օգտագործուին ստորգետնեայ ջուրի պաշարները։ Ջրային բարիքներու պահպանումով եւ վերահսկողութեամբ կը զբաղի Երթեւեկութեան եւ ջրային տնտեսութեան նախարարութիւնը։
 
=== Կլիմայ ===
Նիտըրլենտ տեղակայուած է Եւրոպայի Մերձատլանտեան բարեխառն վայրէջքներուն մէջ: Երկիրին տարածքին՝ բարձրադիր վայրերու կամ լեռներու փոքր չափերու բացակայութեան պատճառով, կլիմայական տարբերութիւններ գրեթէ չկան։ Նիտըրլենտի կլիմային վրայ իւրայատուկ ազդեցութիւն կը ձգեն Ատլանտիկական մրրիկները։ Եղանակը շատ շուտ կը փոխուի, սակայն հիմնականին մէջ կը գերիշխէ ամպամած, խիտ ամպերով եւ մառախուղով պատուած եղանակը։ Ամբողջ տարուան ընթացքին հազուադէպ են արեւոտ օրերը։
 
Նիտըրլենտի մէջ ձմեռը օդին միջին ջերմաստիճանը կը հասնի 2 °C-ի, որ տեղի կ'ունենայ շնորհիւ գերակշռող արեւմտեան ամպերուն, որոնք կը փչեն Հիւսիսային ծովէն։ Ձմրան ձիւնի տեղումները հազուադէպ են, իսկ մնացեալ բոլոր տեղումները անձրեւային են։ Արեւելքէն փչող ցրտաշունչ քամիները կրնան իրենց հետ բերել սառնամանիքներ եւ Ռայնի հոսքն ի վար՝ սառցակալումներ։ Ամրան ընթացքին զով եղանակին կը յաջորդեն տաք օրերը։
 
Յուլիսին օդին միջին ջերմաստիճանը կը հասնի մինչեւ 16 °C-ի։ Օգոստոսէն Հոկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին մէջ կ'արձանագրուին տեղումներու ամենաշատ քանակը։ Նիտըրլենտի կլիման բարենպաստ է հացահատիկային եւ պտղատու բոյսերու աճեցման համար՝ վաղ Գարունէն մինչեւ ուշ Աշուն։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Նիտըրլենտ» էջէն