«Քրիստափոր Միքայէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Սիմոն Վրացեանը Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մէկը չէր։
Տող 11.
 
== «Հայ Յեղափոխականներու դաշնակցութիւն» կուսակցութեան հիմնում ==
[[Պատկեր:Founders of the Armenian Revolutionary Federation Stepan Zorian, Christapor Mikaelian, Simon Zavarian.jpg|մինի|Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադիրներ՝ Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան), Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Սիմոն ՎրացեանԶաւարեան]]
Արմէնական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց տակաւին մեծ էր թիւը այն խմբակներուն, որոնք Կարինէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Մոսկուա յեղափոխական բուռն խմորումներու մէջ էին, բայց միաւորուած չէին եւ ցիրուցան վիճակ մը կը պարզէին: Քրիստափոր կը ձեռնարկէ ե՛ւ նորաստեղծ զոյգ կուսակցութիւնները, ե՛ւ անջատաբար պայքարի լծուած խմբակները իրարու մօտ բերելու եւ միացնելու աշխատանքին: Թէեւ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Ռուբէն Խանազատ համաձայնութիւն կը յայտնէ Դաշնակցութեան մը մէջ բոլոր յեղափոխականները ի մի բերելու գաղափարին, բայց Հնչակեան կեդրոնը հետագային կը մերժէ միանալ նորակազմ հոսանքին եւ այդպէ՛ս, [[1890]]-ի ամրան, [[Թիֆլիս]]ի մէջ, [[Սիմոն Զաւարեան]]<nowiki/>ի եւ [[Ստեփան Զօրեան]]<nowiki/>ի (Ռոստոմ) հետ կը հիմնէ «[[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութիւնը|Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութիւն]]»<nowiki/>ը (Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութիւն)ը եւ կը դառնայ՝ Կեդրոնական վարչութեան անդամը եւ ղեկավարող դէմքը։ [[1891]]-ին ձերբակալուելով կ'աքսորուի Պեսարապիա՝ Քիշնեւ։ Սակայն այնտեղ հանգիստ չի մնար։ 1891-ին գաղտնի կ'անցնի Ռումանիա եւ կը կազմակերպէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ՝ «Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը։ [[1892]]-ի ամրան կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. առաջին ընդհանուր ժողովին։ Այդ ժողովին կը հաստատուի Հ.Յ.Դ ծրագիրը, որու հեղինակներէն մէկն էր Քրիստափոր։ Քրիստափոր կը յաջողի ստեղծել գաղափարական, կազմակերպական եւ գործնական այն համախմբող աւազանը, ուր իրարու կը կապուին անխտիր բոլորը: Այնուհետեւ կը սկսի նորաստեղծ կուսակցութիւնը գաղափարական եւ կազմակերպական, քաղաքական եւ մարտական ինքնահաստատման հունի մէջ մտցնելու դժուարին աշխատանքը: Զաւարեանի եւ Ռոստոմի հետ գործակցաբար` Քրիստափոր ամուր հիմերու վրայ կը դնէ Հ.Յ.Դ.-ի պաշտօնաթերթ՝ «Դրօշակ»ը, որուն էջերուն մէջ լոյս կը տեսնեն Դաշնակցութեան ծրագիրն ու քաղաքական առաջադրանքները հիմնաւորող Քրիստափորի առաջնորդող յօդուածները: Ժողովը կ'ընտրէ Հ.Յ.Դ անդրանիկ Բիւրոն, որու անդամ էր նաեւ Քրիստափոր։