«Էտիթ Փիաֆ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 2.
| գոյն = solo_singer
}}
'''Էտիթ Փիաֆ''' ({{ԱԾ}},) իսկական անունը՝ Էտիթ Ճիովաննա Կասիոն, Édith Giovanna Gassion;. 19 Դեկտեմբեր 1915, [[Փարիզ]], [[Ֆրանսա]] - 10 Հոկտեմբեր 1963, Կրաս), ֆրանսացի երգչուհի եւ դերասանուհի։
 
== Մանկութիւն ==
Տող 9.
Երկու տարի ետք, Լուի Կասիոն կ'իմանայ, որ իր կինը զինք լքած է, իսկ աղջիկը ձգած է իր ծնողքին քով։ Տեսնելով, որ Էտիթ կ'ապրի չափազանց վատ պայմաններու մէջ, Լուի զայն կը տեղափոխէ իր մօր քով, որ հասարակաց տուն կը պահէր։
 
Նորմանտիայի մէջ կը պարզ կը դառնայ, որ Էտիթ կոյր է։ Կեանքին առաջին իսկ ամիսներուն անոր մօտ կը յառաջանայ աչքի եղջերաթաղանթի բորբոքում (keratitis), սակայն Մայար զոյգը չի նկատեր հիւանդութեան զարգացումը։ Երբ այլեւս բուժման որեւէ յոյս չէր մնացած, մեծ մայրը աղջնակին կը տանի Լիզիէ քաղաք՝ սբՍ. Թերեզայի գերեզման, որ նշանաւոր ուխտավայր էր։ Ուխտագնացութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք՝ 19 Օգոստոս 1921-ին, 6 տարեկան Էտիթ դարձեալ կը սկսի տեսնել։
 
Շուտով Էտիթ կը սկսի յաճախել դպրոց, սակայն քաղաքի բնակիչները չէին ուզեր իրենց զաւակներուն կողքը տեսնել ուրիշ փոքրիկ մը, որ կ'ապրէր հասարակաց տան մէջ։ Հետեւաբար, որոշ ժամանակ ետք Էտիթ ստիպուած կ'ըլլայ ուսումը կէս ձգելու։ 1924-ին հայրը Էտիթը իր հետը կը տանի Փարիզ, ուր անոնք միասին կը սկսին աշխատիլ հրապարակներու վրայ. հայրը աճպարարութիւն կ'ընէր, իսկ անոր իննամեայ աղջիկը կ'երգէր։ Էտիթ փողոցին մէջ երգելով կը շահէր իր ապրուստը մինչեւ այն պահը, երբ «Ժուան -լը-Փեն» ճաշարանէն ստացաւ այնտեղ երգելու առաջարկ։
 
== Երիտասարդութիւն ==
1932-ին, Փիաֆ ծանօթացաւ Լուի ՏիուփոնիՏիւփոնի հետ (Louis Dupont)։ Մէկ տարի ետք մէկզոյգը տարի ետք զոյգըունեցած ունեցաւէ դուստր մը՝ Մարսէլ (Marcelle)։ Սակայն Լուի չհամակերպեցաւ Էտիթին երկար աշխատանքային ժամերուն ու պահանջեց լքել զայն։ Էտիթ մերժեց եւ զոյգը բաժնուեցաւ։ Սկիզբը դուստրը ապրեցաւ իր մօր հետ, մինչեւ որ սակայն օր մը, տուն վերադառնալով, Էտիթ տեսաւ որ ան գացած է։ Լուի Տիւփոն առած էր աղջիկը՝ յուսալով, որ սիրելի կինը կը վերադառնայ իր քով։ Սակայն, իր հօր քով ապրելու ժամանակ Մարսէլ վարակուեցաւ հարբուխով եւ մահացաւ (1935)։ Մարսէլ Էտիթի միակ երեխան էր։
 
1935-ի Էտիթի տաղանդը նկատեց «Ժերնիս» ճաշարանի տէր Լուի Լեփլէ (Louis Leplée) եւ զինք հրաւիրեց իր ծրագիրին մէջ հանդէս գալու։ Ան Էտիթին սովեցուցսորվեցուց նուագակցողի հետ աշխատիլ, ընտրել եւ բեմականացնել երգերը, բացատրեց, թէ ինչ մեծ կարեւորութիւն ունին արուեսագէտի մը բեմական հագուստը, անոր մարմինին շարժումները, դիմախաղերը եւ բեմական պահուածքը։ Լեփլէ Էտիթի համար գտաւ Փիաֆ բեմական անունը (փարիզեան ժողովրդախօսակցական բառբարով՝ ճնճղուկ)։ «Ժերնիսի» որմազդներունորմազդերուն վրայ անոր անունը կը տպուի իբրեւ «Փոքրիկ Փիաֆ»: Առաջին իսկ ելոյթներէն Փիաֆի յաջողութիւնը շռնդալից էր։ 17 Փետրուար 1936-ին Փիաֆ ֆրանսական էսթրատային հանրածանօթ աստղերու հետ, ինչպիսիք էին՝ինչպէս՝ [[Մորիս Շեւալիէ]]ն, [[Միսթինկետ]]ը, [[Մարի Տիւբա]]ն, հանդէս կու գայգան Մետրանօ կրկէսին մէջ։ Սակայն անոր յաջող սլացքը կ'ընդհատուի ողբերգութեամբ՝ գլխուն ատրճանակի կրակոցով կը սպաննուի Լուի Լեփլէն։ Էտիթ Փիաֆ կը յայտնուի կասկածեալներու ցուցակին մէջ, քանի որ ԼեպլենԼեփլէն փոքր գումար մը կտակած էր անոր։ Թերթերը կ'ուռճացնեն այդ պատմութիւնը եւ ճաշարանին այցելուները թշնամական աչքով կ'ընդունէին Էտիթի ելոյթները՝ համոզուած ըլլալով, որ իրենք իրաւունք ունին «յանցաւորը պատժելու»:
 
== Նոր Վերելք ==
Շուտով Էտիթ կը ծանօթանայ Ռայմոն Ասսոյի հետ, որ վերջնականապէս կ'ապահովէ երգչուհիին յաջողութիւնները։ Ան Էտիթին կը սորվեցնէ ոչ միայն անոր մասնագիտութեան անմիջականօրէն վերաբերող նոր հմտութիւններ, այլ նաեւ ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է կեանքի մէջ, ինչպէս՝ վարքի օրէնքներ, հագուստ ընտրելու շնորհք եւ այլն։
 
Հիմնուելով Էտիթի անհատականութեան վրայ՝ Ռայմոն Ասսօ կը ստեղծէ «Փիաֆի ոճը», կը գրէ երգեր, որոնք կը յարմարէին միայն իրեն, ինչպէս՝ «Փարիզ - Միջերկրական ծով», «Ան Կ'ապրէր Փիկալ Փողոցին Մէջ», «Իմ Լեգէոներս», «Դրօշ Լեգէոնի Համար»:
 
Էտիթ կը հասնի այն մակարդակին, որ հանդէս գար «АВС» երաժշտական սրահին մէջ, որ Փարիզի ամենայայտնի համերգային հարթակն էր։ Ասսօ նաեւ երգչուհիին կը համոզէ իր բեմական անունը փոխել «Փոքրիկ Փիաֆ»-էն «Էտիթ Փիաֆ»-ի: «АВС»-ի մէջ ելոյթին յաջորդ օրը մամուլը կը գրէ. «Երէկ «АВС»-ի բեմին վրայ Ֆրանսայի մէջ ծնաւ մեծ երգչուհի մը»: Իւրօրինակ ձայնը, իսկական թատրերգականթատերգական տաղանդը, աշխատասիրութիւնը եւ փողոցը մեծցած աղջկան նպատակասլացութիւնը Էտիթ Փիաֆը տարին դէպի յաջողութեան բարձունքներ։
 
== Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Տարիներուն ==
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, ան յաճախակի հանդէս կու գայ գերմանական ուժերու հաւաքոյթներուն գրաւեալ Ֆրանսայի մէջ, ինչ որ շատերու կողմէ կը դիտուի իբրեւ դաւաճանութիւն։ Սակայն Փիաֆ պատերազմէն ետք կը յայտարարէ, որ ան համագործակցած է ֆրանսական դիմադրութեան հետ։ Հակառակ անոր վերաբերեալ որեւէ ստոյգ ապացոյց չըլլալուն, կը կարծուի, թէ Փիաֆը օգնած է շարք մը անձերու (ինչպէս առնուազն մէկ հրեայի) խուսափելու նացիստական հալածանքներէն, ինչ որ կը համապատասխանէ իրականութեան։
 
Տարածուած պատմութիւններէն մէկուն համաձայն, Փիաֆ բարձրաստիճան գերմանացի զինուորականներու համար «ՄեկՄէկ Երկու Երկու» ակումբին մէջ երգելուն շնորհիւ, իրաւունք կը ստանայ այցելելուայցելել ֆրանսացի ռազմագերիներու ճամբարը, ելոյթ ունենալու այնտեղ եւ լուսանկարուելու անոնց հետ։ Հետագային, ֆրանսացի ռազմագերիներէն մէկ քանին կ'օգտագործեն Փիաֆի հետ իրենց լուսանկարները կեղծ անձնագիրներ պատրաստելու եւ ճամբարէն փախուստի դիմելու համար։
 
== Երգերը ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Էտիթ_Փիաֆ» էջէն