«Գրիգոր Զօհրապ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
Ծնած է [[Պոլիս]], ուր ստացած է նախակրթութիւնն ու միջնակարգ կրթութիւնը։ Շրջան մը աշակերտած է [[Ծերենց]]ի։ Քաղքենի բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ՝ ուսումը շարունակած է Պոլսոյ պետական երկրաչափական, ապա իրաւաբանական հիմնարկներուն մէջ։ Քսանմէկ տարեկանին կը դառնայ փաստաբան։
 
Կանխահաս միտք՝ գիտական իմաստով, երիտասարդ Զօհրապ նոյնքան օժտուած է իբրեւ արուեստագէտ, իբրեւ բացառիկ կերպով բազմակողմանի անհատականութիւն։ Կանուխէն գործօն է [[հայ]] իրականութեան մէջ եւ մշակութային միութիւններու, բայց նամանաւանդ՝ մամուլի ճամբով։ Սերտօրէն աշխատակցած է «Արեւելք»ին։ Շրջան մը, բարեկամին՝ [[Հրանդ Ասատուր]]ի հետ, կը խմբագրէ «Արեւելք»ի կից լոյս տեսնող «Մասիս»ը։ Այս թերթերուն, ապա «Հայրենիք»ի մէջ, կը ստորագրէ հրապարակագրական փայլուն էջեր (քննադատութիւն, քրոնիկ...), բայց մանաւանդ՝մանաւանդ իր յաջորդական պատմուածքները կամ նորավէպերը, որոնք մեր գրականութեան մէջ՝մէջ իրենց տեսակին լաւագոյներն են։
 
[[1908]] թուականի սահմանադրութեան, Զօհրապ կ՛ընտրուի երեսփոխական օսմանեան խորհրդարանին։ Հայութեան ամենափայլուն այս ներկայացուցիչը միանգամայն խորհրդարանի ամենէնամէնէն օժտուած դէմքն է՝ ամէն իմաստով, նոյնը՝ պետական համալսարանի իրաւաբանութեան հիմնարկին մէջ, իր արժանաւոր ներկայութեամբ եւ վաստակով՝ ան հիացում ու նախանձ կը ստեղծէ իր շուրջ։ Այս տարիներուն, Զօհրապ կը հրատարակէ մամուլի մէջ ցրուած իր պատմուածքները, զանոնք խմբած երեք ժողովածու-հատորներու մէջ՝ «Խղճմտանքի Ձայներ», «Կեանքը Ինչպէս Որ Է» եւ «Լուռ Ցաւեր»։
 
Զօհրապ կը շարունակէ գործել նաեւ հայկական գետնի վրայ։ Ղեկավարող մասնակցութիւն կը բերէ, նախ՝ թուրք ղեկավարութեան հետ հասկացողութեան գալու փորձերուն, ապա՝ [[1912]] թուականի շուրջ գործակցութեան խզումէն ետք, [[եւրոպա]]կան պետութիւններու մօտ կատարուած դիմումներուն ու հետեւող բանակցութիւններուն ու անոնց միջոցով ապահովելու՝ հայկական բարենորոգումները եւ վարչական ինքնավարութիւնը։
Տող 15.
[[1915]] թուականի Ապրիլի ձերբակալութիւններէն ետք, իր դիրքին ու ազդեցութեան բերմամբ՝ պահ մը դեռ ազատ ձգուած, Զօհրապ յուսահատ պայքար մը կը մղէ բողոքելով թուրք կառավարութեան ոճրային քայլերուն դէմ։ Բայց չ՛ուշանար նաեւ իր ձերբակալումը, եւ ապա՝ [[Հալէպ]]էն [[Տիգրանակերտ]] ճամբուն վրայ բարբարոս սպանութիւնը՝ պետութեան ձեռքով կազմակերպուած ու զինուած ոճրագործներէն։
 
Զօհրապ գրած է բանաստեղծութիւններ, նորավէպեր, ակնարկներ, վէպեր եւ այլ տեսակի գրութիւններ։ Սակայն առաւել ճանչցուած է իր նորավէպերով։ Բիւրեղացած ձեւի ու փոքր ծաւալի մէջ ան հասած է հոգեբանական խորութեան եւ կերտած՝ բազմաթիւ կերպարներ, զարգացնելով իրապաշտութեան աւանդները հայ գրականությանգրականութեան մէջ։ Անոր լեզուամտածողութիւնը կ՛առանձնանայ՝ զուսպ ու դիպուկ ոճով, հոգեբանական նուրբ պատկերներու, համեմատութիւններու եւ մարդոց արտայայտչամիջոցներով։
 
== ԵրկերիԵրկերու մատենագիտութիւն ==
[[File:La Question arménienne à la by Zohrab Krikor bpt6k870174j.pdf|thumb|''La Question arménienne'', written by Zohrab using the pen name Marcel Léart]]
* Անհետացած սերունդ մը, [[Ստամբուլ|Կ. Պոլիս]], 1887, 187 էջ:
Տող 26.
* Անհետացած սերունդ մը, Կ. Պոլիս, 1924, 151 էջ:
* Ծանօթ դէմքեր եւ պատմուածքներ, [[Փարիզ]], 1932, 220 էջ:
* Խղճմտանքի ձայներ, [[Ալեքսանդրիա|ԱղէքսանդրիաԱղեքսանդրիա]], 1938, 95 էջ:
* Նովելներ, [[Երեւան]], 1941, 303 էջ:
* Մեր կեանքէն, [[Գահիրէ]], 1945, 190 էջ:
Տող 32.
* Նովելների լիակատար ժողովածու, Երեւան, 1954, 394 էջ:
* Լուռ ցաւեր, [[Պէյրութ]], 1956, 154 էջ:
* Անհետացած սերունդ մը եւ ՓօթորիկՓոթորիկ, Պէյրութ, 1957, 154 էջ:
* Խղճմտանքի ձայներ, Պէյրութ, 1958, 89 էջ:
* ԱմբօղջականԱմբողջական հաւաքածոյ նորավէպերինորավէպերու եւ պատմուածքներիպատմուածքներու, [[Ստամբուլ|Ստամպուլ]], 1959, 414 էջ:
* Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն, Պէյրութ, 1959, 62 էջ:
* Կեանքը ինչպէս որ է, Պէյրութ, 1959, 120 էջ: