«Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
 
Տող 24.
Կազմակերպութիւնը կը ծաւալէ մարզական, սքաուատական, ընկերային գործունէութիւն։ [[1968]] թուականին սկսած են կազմակերպուիլ [[Գալիֆոռնիա]]յի մասնաճիւղերը։ Գործած են ՀՍՌՄ Գալիֆոռնիայի եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնները։ Կազմակերպուած են միջմասնաճիւղային, համագաղութային ամենամեայ մարզական միջոցառումներ (նաւասարդեան խաղեր), Հայաստանի եւ Գալիֆոռնիայի ՀՄԸՄ մասնաճիւղերու սկաուատական բանակումներ։
 
Մասնաճիւղեր կը գործեն [[Լոս Անճելես]]ի, [[Ֆրեզնո]]յի, [[Սան Ֆրանսիսքո]]յի, Փասատինայի, Կլենտէյլի, Օրէնճ Քաունթիի, Սան Տիէկոյի, Սան Ֆեռնանտոյի, Պոսնոյի, [[Նիու Եորք]]ի, Նիու Ճըրզիի, Տիթրոյթի, Ֆիլատելֆիոյ, Պեյսայտի, Փրովիտընսի, Ուաշինկթոնի, Հարաւային Ֆլորիտայի, Ալբնիյի մէջ։ Գրեթե բոլոր մասնաճիւղերը ունին ճատրակի, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, թենիսի, քոնկֆու-քարադէյի, թեթեւ աթլեդիքայի, դաշտային խաղերու խմբակներ։ Հրատարակած է «Լրատու» ([[1986]], Լոս Անճելըս), «Կոչնակ» ([[1980-1982]], Կլենտէյլ) պարբերականները, «[[Ասպարէզ (օրաթերթ)|Ասպարէզ]]» օրաթերթի «Հայասա» յաւելուածը։
 
== Տե՛ս նաեւ ==