«Նորայր Էլսայեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Կարեւոր անձնաւորութիւն
(Տարբերութիւն չկայ)

16:49, 31 Մարտ 2021-ի տարբերակ

Նորայր Էլսայեան (ծ․ Արաք 1934 - Երեւան 20 Մարտ 2021), իրանահայ վաստակաւոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ, դաշնակցական գաղափարական նուիրեալ եւ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի երկար տարիների գլխաւոր խմբագիր։

Նորայր Էլսայեանը ծնուած է 1934 թւականին Արաք քաղաքին մէջ։ Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը Թեհրանի պետական համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետի մէջ՝ մանկավարժական թեքումով։ Դեռեւս պատանի տարիքէն մասնակցած է հայ ազգային-հասարակական կեանքին եւ անդամագրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեանը եւ իր ողջ կեանքի ընթացքին եղել է կուսակցութեան գաղափարների անխոնջ կրողն ու հաւատարիմ զինւորը։

Իր բեղմնաւոր ազգային-հասարակական կեանքի ընթացքին եղած է Թեհրանի Հ.Մ. «Սիփան», «Ռոստոմ» եւ Հայ ուսուցիչներու միութեան հիմնադիր անդամներէն։ Երկար տարիներ զբաղուած է մանկավարժութեամբ եւ նուիրուած մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին։ Որպէս հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչ, փոխտեսուչ եւ տեսուչ պաշտօնավարած է Արարքի հայոց տարրական դպրոցին մէջ եւ Թեհրանի հայոց ազգային «Ռոստոմ», «Թունեան», «Նոր Անի» եւ «Աբրահամ Սողոմոնեան» դպրոցներուն մէջ։ Եղած է նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի հայերէնագիտական երեկոյեան դասընթացքներու տեսուչ եւ հայոց պատմութեան դասախօս։

1984-93 թթ. եղել է «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը։

1993-95 թթ. բնակութիւն հաստատած է Հայաստան, ապա երեք տարիով վերադարձած է Թեհրան, որմէ ետք կրկին տեղափոխուած է Հայաստան եւ վերջնականապէս հաստատուած հայրենիքի մէջ՝ շարունակելով իր ազգային-հասարակական եւ գաղափարական-կուսակցական գործունէութիւնը։

2002 թուականին Լոս Անջելէսի, Հ.Մ.Ը.Մ. Պըրպանքի «Սիփան» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, նշուած է անոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործունէութեան 50-ամեակը։ 2013 թւականին Հ.Մ. «Սիփան» միութեան 50-ամեակի առիթով, միութեան դահլիճը անուանակոչուած է Նորայր Էլսայեանի՝ որպէս միութեան հիմնադիր անդամի անունով։