«Քարէն Եփփէ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 9.
Ծնած է 1876-ին, [[Դանիա|Դանիոյ]] [[Կայլինկ]] քաղաքը, պետական ուսուցիչի մը ընտանիքին մէջ։ Երեք քոյրերուն անդրանիկն է։ Ծննդավայրին դպրոցը աւարտելէ ետք, հօր առաջարկով գացած է [[Քոփենհակըն|Քոփենհակն]]՝ բժշկութիւն ուսանելու համար<ref>[http://www.horizonweekly.ca/news/details/59554 Քարէն Եփփէ՝ Մեծ Եղեռնի հայ որբերու պահապան հրեշտակը]</ref>։
 
Համիտեան կոտորածներու տարիներուն երբ մամուլը լուրեր կը հաղորդէր ջարդերու մասին, հայ որբեր պատսպարող [[եւրոպա]]ցի եւ ամերիկացի միսիոնարները մամուլի միջոցով իրենց քաղաքացիներուն խիղճը կը փորձէին արթնցնել։ Քարէն Եփփէ կը հետեւէր մամուլին ու տեղեակ կ'ըլլար հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութենէն։ Ուսումէն հրաժարելով կ'ուզէ մասնակից դառնալ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներու սրբազան գործին։ Ան նամակագրական կապեր կը հաստատէ [[Ուրֆա]]յի մէջ որբահաւաքի գործ կատարող գերմանացի [[Եոհաննէս Լեփսիւս|Եոհաննէս Լեփսիւսի]] եւ ամերիկացի Գորիննա ՇաթուքինՇաթուքի (Corinna Shattuck, 1848-1910) հետ։ Երկար ժամանակի կը կարօտի համոզելու համար իր ծնողքը, եւ վերջապէս 1903-ին կը հասնի Ուրֆա<ref>[http://www.fredsakademiet.dk/library/ukjeppe.htm Դանիական Խաղաղութեան ակադեմիա «The Danish Peace Academy»]</ref>։
 
27 տարեկանին իրեն կը վստահուի 300 հայ որբերու խնամքն ու դաստիարակութիւնը։ Ան իր թղթակցութիւններով կ'օժանդակէ որբանոցին ու որբերը տնտեսապէս անկախ դարձնելու համար արհեստանոց մը կը բանայ։
 
«Միսս» (անգլերէնով օրիորդ) Եփփէ շուտով [[հայերէն]] կը սորվի։ Ուրֆայի բարբառինբարբառի ու գրական [[արեւմտահայերէն|արեւմտահայերէնի]]ին խառնուրդ մըն էր իրը, որ այնքան հաճելի կը հնչէր դանիացի օրիորդին շրթներէն։ Ան ժողովուրդին կողմէնկողմէ կը ճանչցուի «Միս Եփփէ Մայրիկ» անունով:
 
Քարէն Եփփէ 1915-ին Ուրֆայի մէջ ոչինչ կը խնայէ Ուրֆայէն անցնող հայ տարագիրներուն, ապա Ուրֆայի հայոց հերոսամարտի հայ դիւցազիւններունդիւցազուններուն օգտակար ըլլալու համար։ Ուրֆայի դիւցազնամարտին անդրադարձող բոլոր հեղինակները յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշատակեն դանիացի օրիորդին քաջասրտութիւնն ու մարդասիրութիւնը։
 
1917-ին Դանիա վերադարձած ու ծանրօրէն հիւանդ Քարէն Եփփէ, ապաքինելէ ետք, դասախօսութիւններով ու յօդուածներով հանդէս կու գայ հայ ժողովուրդին ապրած ահաւոր եղեռնին շուրջ եւ կ'աշխատի միջոցներ հաւաքելով Հալէպ հասնիլ հայ խլեակներուն օգտակար ըլլալու համար։ Ան կ'իմանայ, որ իր որդեգիրները՝ տէր եւ տիկին Միսաք եւ Լուսիա Մելքոնեանները ողջ են ու Հալէպ կը գտնուին եւ շատերու պէս կ'ուզեն [[Պոլիս]], [[Եւրոպա]] կամ [[Ամերիկա]] անցնիլ։ 29-8-1920 թուակիր, իր ձեռքով գրուած հայերէն նամակին մէջ կը գրէ անոնց.
 
{{քաղվածք|Ես ալ կ'ըսեմ, թէ Ուրֆա ի՜նչ կորսնցուցած ենք։ Երբ որ Հալէպ գործ մը կրնաք գտնել՝ հոն մնացէք, ես ալ հոն կու գամ, անկէ Հայասթան երթանք, Բոլիս անպիտու տեղ մըն է, վաս անցէք:|}}