«Անուշաւան Արք. Դանիէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Կատարուած են լրացումներ եւ լեզուական խմբագրում։
Տող 35.
Աւազանի անունով՝ Թորգոմ Դանիէլեան, վեցերորդ զաւակը Անդրանիկ եւ Արաքսի Դանիէլեաններուն, ծնած է 29 Յունուար, 1951-ին։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Պուրճ Համուտի [[Ազգ. Քառասնից Մանկանց Վարժարան|Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանին]] մէջ, 1963-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան [[Անթիլիաս]]ի դպրեվանքը։ Աստուածաշունչի եւ եկեղեցական հայրերու գործերու ընթերցումները կազմաւորած են իր ամբողջ աշխարհահայեացքը՝ ծառայութեան, ընծայումի եւ սիրոյ ու զոհողութեան ճշմարիտ ըմբռնումին հանդէպ։ Անոր կեանքը լեցուն եղած է Դպրաց դասի, Կիրակնօրեայի եւ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի յիշատակներով։[[Պատկեր:Thumbnail IMG 9316.jpg|մինի|ձախից|Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան]]
 
* 1968-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 26 Նոյեմբեր 1972-ին Թորգոմ սարկաւագ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. [[Արտակ Արքպս. Մանուկեան|Արտակ արքեպս. Մանուկեանի]], վերակոչուելով Անուշաւան: Յունուար 1973-ին, Անուշաւան աբեղայ Դանիէլեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է Մայրավանքի [[Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար]]ի խորանին վրայ։ 1974-ին վարդապետութեան չորս աստիճանները ստացած է ձեռամբ [[Խորէն Ա.Կաթողիկոս|Խորէն Ա. Կաթողիկոսի]], իսկ 1988-ին՝ վարդապետութեան տասը աստիճանները, ձեռամբ Գերշ. Տ. [[Մեսրոպ Աշճեան|Մեսրոպ արք. Աշճեանի]]: 2006-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, ձեռամբ՝ [[Արամ Ա. Կաթողիկոս]]ի, իսկ 2018ին՝2018-ին՝ արքեպիսկոպոս, ձեռամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։
*1972-1984-ին Անուշաւան վրդ. Դանիէլեան տարբեր պաշտօններ վարած է։ Անթիլիասի մէջ, եղած է գաւազանակիր, մատենադարանապետ, ձեռագրատան պատասխանատու, Դպրեվանքի հսկիչ եւ ուսուցիչ։ Ուսուցչական պաշտօններ վարած է նաեւ Համազգային հայագիտական հիմնարկին եւ [[Մարտիկեան Վարժարան|Մարտիկեան]] ու [[Կարմիրեան վարժարան]]ներուն մէջ։ Վերջիններուն մէջ ան դասաւանդած է հայ հաւատքի եւ հայ մշակոյթի մասին։
*Միաժամանակ, Հայկազեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է, հետեւելով հոգեբանութեան։ Այնուհետեւ, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն (Մ.Ա.Ա.Ճ. / N.E.S.T.) ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսական աստիճանը (M.Div.), աւարտաճառի նիւթ ներկայացնելով «Մարկոսի Աւետարանի քննական բնագիրը՝ հայկական հնագոյն 3 ձեռագիրներու բաղդատումով»:
*Անուշաւան վրդ. ՔՕՄԱՐԷՍ բարեսիրական կազմակերպութեան մէջ ներկայացուցած է Կաթողիկոսարանը, իսկ [[Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի|Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ]] Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) խորհրդատու եղած է։ Վանական այլազան պարտականութեանց կողքին, ան մասնակցած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի [[(MECC)|(Մ.Ա.Ե.Խ. / M.E.C.C.)]], ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի [[(WCC)|(Ե.Հ.Խ. / W.C.C.)]], տեղական եւ միջազգային ժողովներու՝ ներկայացնելով երիտասարդական պատուիրակութիւնը։ 1978-ի ամրան, ան ներկայ եղած է Հարաւային Հնդկաստանի՝ Պանկալորի մէջ կայացած Հաւատք եւ կարգ բաժանմունքի (W.C.C. Faith and Order Commission) ժողովին, ինչպէս նաեւ 1980-ին՝ Վենքուվըր, Քանատայի մէջ «W.C.C.»-ի վեցերորդ համաժողովին։
 
== Միացեալ Նահանգներ ==
1984 Յուլիսին, Անուշաւան վրդ. կը ժամանէ [[Նիւ Եորք]]<ref>{{cite web | url=http://asbarez.com/arm/127439/%D5%B6%D5%AB%D6%82-%D5%A5%D5%B8%D6%80%D6%84%D5%AB-%D5%B4%D5%A7%D5%BB-%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%B7%D5%A1%D6%82%D5%A1%D5%B6-%D5%A5%D5%BA%D5%BD-%D5%A4%D5%A1%D5%B6%D5%AB%D5%A7%D5%AC%D5%A5%D5%A1%D5%B6/ | title=Նիւ Եորքի Մէջ Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 40ամեակի Նշում}}</ref> իբրեւեւիբրեւ ուսանող եւ 1985-ին, Նիւ Ճըրզիի [[Փրինսթըն]] Աստուածաբանութեան ճեմարանէն կը ստանայ աստուածաբանութեան մագիստրոսական աստիճանը (Th.M), որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով «Ս. Օգոստինոսի խոստովանութիւններ եւ [[Ս. Գրիգոր Նարեկացի]]ի Նարեկ մատեանի զուգահեռ ներքին ճամբորդութիւնները»։ Ապա կը յաճախէ Նիւ Եորքի [[Քոլումպիա Համալսարան|Քոլումպիա համալսարանը]], 1992-ին կը ստանայ Փիլիսոփայութեանփիլիսոփայութեան մագիստրոսական աստիճանը եւ 2003-ին՝ փիլիսոփայութեան դոկտորի տիտղոսը (Ph.D.)։
 
Ամերիկայի մէջ, ուսման կողքին, եղած է քարոզիչ՝ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (1984-1987), Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (1987-1988) եւ Պէյսայտի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (1988-1991)։ 1991-2005-ինըլլալով Պէյսայտինաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյվերջինիս հոգեւոր հովիւը եղած է։1991-2005-ին։ Ան հաստատած է Ս. Գիրքի սերտողութեան պահեր, կազմակերպած երիտասարդական սեմինարներ ու դասախօսական շարքեր եւ հիմնած «Շարական» երգչախումբն ու «Երազ» պարախումբը։
 
Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեանի հետ հիմնած է Ս. Գրիգոր Տաթեւացի «Տաթեւ» երիտասարդաց լսարանը, որու տեսչութեան պաշտօնը վարած է 1987-2011 թուականներուն։ Հինգ դասարաններով այս լսարանին մէջ կը դասաւանդուին հայ լեզու եւ պատմութիւն եւ աստուածաբանութիւն, բարոյագիտական եւ երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական հարցեր։ Տ. [[Օշական Արք. Չօլոյեան|Օշական արք. Չօլոյեանի]] հետ հաստատած է «Prelacy Linked-iN» երիտասարդական ծրագիրը:
 
* Կրօն եւ բարոյագիտութիւն դասաւանդած է Ազգային Առաջնորդարանի «Սիամանթօ» լսարանէն եւ Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանէն ներս։
* 1994-2005 թուականներուն Առաջնորդարանի Կրօնական ժողովի ատենապետութիւնր վարած է:
* Մասնակի առաջնորդական փոխանորդութեան պաշտօն վարած է 1995-2005 թուականներուն:
* 2005-2018-ին՝ Առաջնորդական լիիրաւ փոխանորդ.փոխանորդ։ այդՀայաստանեայց հանգամանքովԵկեղեցւոյ ընկերացածառաջին է Առաջնորդ Սրբազան Հօր կրօնական կամ քաղաքական անձնաւորութեանց հետ հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ այցելած է տարբեր համայնքներ, մօտէն ծանօթանալով անոնց կարիքներուն։ Անհոգեւորականը եղած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին հոգեւորականը, որ նշանակուած է ՆիուՆիւ Եորք նահանգի ոստիկանութեան հոգեւոր խորհրդատու (chaplain)։
* 2005-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած է Հիւսիսային Ամերիկայի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ-քարտուղար:
*Սեպտեմբեր 2018-ին թեմի առաջնորդ ընտրուած է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ։
 
== Գործերը ==
 
* «ՑուցակՄայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց», 1984Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան», Անթիլիաս, Լիբանան:1984։
« Մեր հայրերը կը խօսին» մատենաշարի հաստատումով՝
* Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ ընդհանրական», Անթիլիաս, 1977 (աշխարհաբար):
* Սարգիս Շնորհալի, 1978, Անթիլիաս (աշխարհաբար):
* [[Բարսեղ Մաշկեւորցի]], «Յորդորակներ», Անթիլիաս, 1980 (աշխարհաբար):
* [[Յովհան Երզնկացի]], «Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն», Անթիլիաս, 1984 (աշխարհաբար)։
* «Հոգեւոր Մարգարիտներ» 1, Յովհաննէս Գառնեցի, Անթիլիաս, Լիբանան:
* «Հոգեւոր Մարգարիտներ» 2, Եփրեմ Խուրի Ասորի, (աղօթքներ), 2014, Նիւ Եորք, ԱՄՆ:
* «Մեկնութիւն իմաստութեան Սողոմոնի» բնագրի վերծանումը 21 ձեռագիրներու բաղդատմամբ, 2007:
* «Մեկնութիւն իմաստութեան Սողոմոնի» բնագրի աշխարհաբար վերծանումըվերածումը, Անթիլիաս, 2009:
* «Խօսք ի խորոց սրտի», ձօնուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ [[Զարեհ Ա. կաթողիկոս|Զարեհ Ա]]. եւ [[Խորէն Ա. կաթողիկոս]]ներու, Նիւ Եորք, 2014: « Մեր հայրերը կը խօսին» մատենաշարի հաստատումով՝
** Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ ընդհանրական», Անթիլիաս, 1977 (աշխարհաբար):
 
** Սարգիս Շնորհալի, 1978, Անթիլիաս (աշխարհաբար):
** [[Բարսեղ Մաշկեւորցի]], «Յորդորակներ», Անթիլիաս, 1980 (աշխարհաբար):
** [[ՅովհանՅովհաննէս Երզնկացի]], «Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն», Անթիլիաս, 1984 (աշխարհաբար)։
** «Հոգեւոր Մարգարիտներ» 1, Յովհաննէս Գառնեցի, Անթիլիաս, Լիբանան:
** «Հոգեւոր Մարգարիտներ» 2, Եփրեմ Խուրի Ասորի, (աղօթքներ), 2014, Նիւ Եորք, ԱՄՆ2014:
Աշխատակցած է [[«ՀԱՍԿ»|«Հասկ»]] հայագիտական տարեգիրքին ու [[Հասկ (ամսագիր)|«Հասկ»]] ամսագրին, [[Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս|«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»]]ին, [[«N.E.S.T.»]] աստուածուածաբանական պարբերագրին։