«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Տող 10.
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
[[Պատկեր:Parsegh Ganachian With Gomidas and his friends.jpg|մինի|Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի եւ ընկերներուն հետ]]
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս Վարդապետ|Կոմիտաս վարդապետին]] եւ ներկայ կ'ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ'անդամակցի իբրեւ «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ'ընտրէ իբրեւ սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ'իջնէ 5-ի։ Անոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ|Ա. Համաշխարհային պատերազմին]] կը զինուորագրուի եւ զինուորական1914-1918-ին, նուագախումբինիբրեւ թրքական բանակի զինուոր, կը գտնուի Հալէպ: Հրաշքով կը յաջողի հետաքրքրութիւն ստեղծել բարձրաստիճան թուրք զինուորականներու մօտ իր սիրելի նուագարանով: Կանաչեան իր ջութակով զանոնք կը դիւթէ հայկական եւ քրտական պարեղանակներով (այս վերջինները ան սորված էր Ճապաղջուրի մէջ քիւրտ երգիչէ մը): Այսպէս, ան կը նուագէխուսափի Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, մինչեւ որ կ'աքսորուի [[Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]]<ref name=":0">{{Cite web|url=https://www.aztagdaily.com/archives/339748|title=Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով*|date=2017-03-14|website=Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)|language=en-US|accessdate=2020-12-18}}</ref>, ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ'անցնի [[Կիլիկիա]], ուր համերգներ կու տայ, ապա կը մեկնի Պոլիս։
[[Պատկեր:An advertisement About Kousan.jpg|մինի]]
[[Կոմիտաս Վարդապետ|Կոմիտաս]]ի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:
Տող 25.
== Պէյրութի մէջ ==
1936-ի վերջերը Պէյրութի մէջ Կանաչեանի աշակերտները կը կազմեն «Գուսան» երաժշտական միութիւնը<ref>[http://hamazkayin.org/faces.php?Lang=hy Ամսուան Դէմքը]</ref>, որ կ'աջակցի Կանաչեանին վարչական գործերուն մէջ։ 1933-46 շրջանին Կանաչեան իր «Գուսան» երգչախումբով ամէն տարի կանոնաւոր կերպով տուած է մէկ կամ երկու մեծ համերգներ Պէյրութի մէջ, մէկ կամ երկու համերգներ Պէյրութի արուարձաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ [[Սուրիա|Սուրիոյ]] եւ [[Լիբանան|Լիբանանի]] հայաշատ կեդրոնները՝ Հալէպ, [[Պիթիաս]], [[Սօուք Օլուգ]], [[Դամասկոս]], [[Թրիփոլի]], [[Լաթաքիա]] եւ [[Զահլէ]] արժանանալով հայ եւ օտար հասարակութեան գնահատանքին։ Հայ եւ արաբ մամուլը բազմաթիւ սիւնակներ նուիրած է Կանաչեանի արուեստին եւ անոր միջոցաւ հայ մշակոյթին։ Կանաչեան նոյն ատեն երաժշտութեան ուսուցիչ եղած է Ս. Նշան Ազգ. վարժարանին եւ Հայ ճեմարանին մէջ։ Ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ՝ ջութակի, դաշնակի եւ հարմոնիի։
 
Շրջան մը Կանաչեան հետաքրքրուած է լիբանանեան ժողովրդական գեղջուկ երգերով: Պհամտուն գիւղին մօտերը, ամառնային իր արձակուրդներուն, ան գտած է արաբ երգիչ մը եւ անկէ քաղած` «Աալա տալօունա»-ի, տիւրզի գիւղի մը «''Տըպըք-տըպըքի''»-ն, «''Զահլէ աարուս ըմզայանէ''»-ի, պետեւի ցեղախումբին «''Պէքինա''»-ին երգն ու բառերը: Բազմաձայնած է անոնցմէ քանի մը հատը<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/339748 Բ. Կանաչեան]</ref>:
 
1945-ին կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը՝ աչքի ջիղերուն քայքայումին հետեւանքով։ Կը հաստատուի Պաղտատ, ուր կը մահանայ<ref>{{Գիրք:Հայերը Լիբանանի մէջ|Գ|175}}</ref><ref name=":1" />: