«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 6.
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է 1885-ին, [[Ռոտոսթօ]], կօշկակարի մը տան մէջ։
 
Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարանը]]: 90-ական թուականներուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ [[Վառնա]]յի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով [[Մեծիկեան]]ի եւ պարսկահայ ջութակահար [[Նաթան բէկ Ամիրխանեան]]ի: Վառնայի մէջ կ'աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի [[Պուքրէշ]], ուր ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար [[Ժորժ Պույուք]]ի քով։ Նկատելով Կանաչեանի ընդունակութիւնները նկատելով, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կը սկսի երգել եկեղեցիներու մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէ ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը՝ 1913-էն 1915:
 
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
Տող 12.
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս Վարդապետ|Կոմիտաս վարդապետին]] եւ ներկայ կ'ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ'անդամակցի իբրեւ «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ'ընտրէ իբրեւ սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ'իջնէ 5-ի։ Անոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ|Ա. Համաշխարհային պատերազմին]] կը զինուորագրուի եւ 1914-1918-ին, իբրեւ թրքական բանակի զինուոր, կը գտնուի Հալէպ: Հրաշքով կը յաջողի հետաքրքրութիւն ստեղծել բարձրաստիճան թուրք զինուորականներու մօտ իր սիրելի նուագարանով: Կանաչեան իր ջութակով զանոնք կը դիւթէ հայկական եւ քրտական պարեղանակներով (այս վերջինները ան սորված էր Ճապաղջուրի մէջ քիւրտ երգիչէ մը): Այսպէս, ան կը խուսափի Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, մինչեւ որ կ'աքսորուի [[Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]]<ref name=":0">{{Cite web|url=https://www.aztagdaily.com/archives/339748|title=Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով*|date=2017-03-14|website=Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)|language=en-US|accessdate=2020-12-18}}</ref>, ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ'անցնի [[Կիլիկիա]], ուր համերգներ կու տայ, ապա կը մեկնի Պոլիս։
[[Պատկեր:An advertisement About Kousan.jpg|մինի]]
[[Կոմիտաս Վարդապետ|Կոմիտաս]]ի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն`հրատարակեն՝ «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:
 
Կոմիտասի սաները [[Փարիզ]] կը ղրկուին իրենց ուսումը կատարելագործելու համար։ Կանաչեան 1921-ին կը մեկնի ֆրանսական մայրաքաղաքը, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման հետեւելով [[Ռընէ Լընորման]]ի դասընթացքներուն։ Կանաչեան Փարիզէն կ'անցնի [[Եգիպտոս]], ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն: Երաժշտական գործունէութիւն ունեցած էկունենայ նաեւ [[Կիպրոս|Կիպրոսի]] [[Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն|Մելքոնեան կրթական հաստատութեան]] մէջ։ 1932-ին կը հաստատուի [[Պէյրութ|Պէյրութ,]] ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Համերգային ելոյթներով կը շրջի [[Դամասկոս]], [[Թրիփոլի (Լիբանան)|Թրիփոլի]], [[Զահլէ]], [[Լաթաքիա]], [[Ալեքսանտրէթ]], [[Հալէպ]] եւ այլն:
 
Կանաչեան երկար տարիներ մանկավարժ, երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է [[Նշան Փալանճեան Ճեմարան|Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ]]։ Ան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայ երաժշտութեան, տարածելով կոմիտասեան սկզբունքները, իր արժանաւոր տեղը գտնելով երաժշտութեան գանձարանէն ներս: Ստեղծագործած է խմբերգերխմբերգներ ու մեներգեր: Կատարած է նաեւ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու մշակումներ, յօրինած է մանկական երգեր ու դաշնամուրային գործեր:
 
== Կանաչեանի գործերը ==
Գրած է «''Վարդերի հետ''» ինչպէս նաեւ մեղեդիներ, խմբերգերխմբերգներ եւ նուագախմբային հատուածներ, որոնց թիւը կը հասնի 25-ի: Ունի մանկական երգերու շարք մըն ալ, որոնցմէ 20-ի չափ հրատարակուած են առանձին գրքոյկով: Ան արաբական ժողովրդական երգեր ալ դաշնաւորած է առաջին անգամ ըլլալով: «Աբեղան» օփերան կը համարուի անոր գլխաւոր ստեղծագործութիւններէն մին, [[Մատթէոս Զարիֆեան]]<nowiki/>ի «Խենթը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած մեներգը, Մեներգերուն ամէնէն նշանաւորը կը համարուի «Օրօր»ը, որուն մեղեդին սրտառուչ յօրինումը երգչախումբի ընկերակցութեամբ քաղցրօրէն հիւսուած շեշտ մը ունի: Մեներգերէն են նաեւ՝ «Ծով Աչեր», «Պճինկօ», «Ցայգերգ», «Ալվարդի երազը» եւ «Ծիծեռնակ»: Առաջին խմբերգերէնխմբերգներէն են՝ «Տալիլօ», «Հոյ Նար», «Վարդերի հետ», «Մարալօ», «Հելէ-Հելէ», «Շուշօ», «Գորանի», եւ «Նեննիր Նայ» խմբերգերըխմբերգները: Իսկ երկրորդներէն՝ «Լուսնակն ելաւ»,«Խնճոյք», «Ռազմերգ», «Կամաւորներու Քայլերգ», «Սօսին», «Հոփ Կիւլիզար», «Հայրենի Կարօտ», «Գարուն Եկաւ», «Կամերգ» եւ վերջապէս «Նանօր» վիպական - ողբերգական բնոյթի խմբերգային պատկերը, որ կը նկարագրէ դէպի Ս. Կարապետ ուխտագնացութիւնը<ref>{{Cite web|url=https://www.aztagdaily.com/archives/340267|title=«Գուսան» Ու Բարսեղ Կանաչեան|date=2017-03-17|website=Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)|language=en-US|accessdate=2020-12-18}}</ref><ref name=":0" />:
 
Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Կանաչեան սերտօրէն կապուած է ազգային երգարուեստին: Ան ընդհանրացումներ կատարած է օգտուելով գեղջկական եւ գուսանական երգերու տարբեր յատկանիշներէն ու արտայայտութեան միջոցներէն: Յատկապէս խմբերգերուխմբերգներու պարագային օգտագործած է բազմաձայնութեան ոճական ուղղութիւնը:
 
== Պէյրութի մէջ ==
Տող 28.
Շրջան մը Կանաչեան հետաքրքրուած է լիբանանեան ժողովրդական գեղջուկ երգերով: Պհամտուն գիւղին մօտերը, ամառնային իր արձակուրդներուն, ան գտած է արաբ երգիչ մը եւ անկէ քաղած` «Աալա տալօունա»-ի, տիւրզի գիւղի մը «''Տըպըք-տըպըքի''»-ն, «''Զահլէ աարուս ըմզայանէ''»-ի, պետեւի ցեղախումբին «''Պէքինա''»-ին երգն ու բառերը: Բազմաձայնած է անոնցմէ քանի մը հատը<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/339748 Բ. Կանաչեան]</ref>:
 
1945-ին կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը՝ աչքի ջիղերուն քայքայումին հետեւանքով։ Կը հաստատուի [[Պաղտատ]], ուր կը մահանայ<ref>{{Գիրք:Հայերը Լիբանանի մէջ|Գ|175}}</ref><ref name=":1" />:
 
1947-ին, Պէյրութի մէջ կը ստեղծուի «Յոբելենական կեդրոնական յանձնախումբ»-ը, որուն նախաձեռնութեամբ կը հրատարակուին Կանաչեանի գործերը տասը պրակներով: