«Սահարա Անապատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Libya 4985 Tadrart Acacus Luca Galuzzi 2007.jpg|մինի|250px|աջից|Սահարա]]
 
'''Սահարան'''<ref name="ՏՈՒՏ">{{ՏՈՒՏ|section=II.A.3|page=53}}</ref> ([[արաբերէն]]՝ الصحراء الكبرى, ''ասալ-սահրա ալ-քուպրա'', «Մեծն անապատը», ({{Audio|ar-Sahara.ogg|صحراء}}) տարածութեամբ՝ աշխարհի երկրորդ ամէնէն մեծ [[անապատն]] է, [[Անթարքթիքա|Անթարքթիքայէն]] ետք։ Անիկա կը գտնուի հիւսիսային [[Ափրիկէ]]ի մէջ, [[Կարմիր Ծով|Կարմիր ծովէն]] մինչեւ [[Ատլանտեան ովկիանոս|Ատլանտեան]] [[ովկիանոս]] եւ Աթլասի լեռներու հարաւային լանջերէն ու [[Միջերկրական Ծով|Միջերկրական ծով]]<nowiki/>էն մինչեւ [[Սուտան]]։ Արեւմուտքէն արեւելք Սահարան կը տարածուի շուրջ 5,500 Քմ., իսկ հիւսիսէն հարաւ՝ 20002,000 Քմ.։ Սահարայի տարածքը 8,5 միլիոն Քմ.² է։ Սահարան գրեթէ [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու]] կամ [[Չինաստան]]<nowiki/>ի չափ է եւ [[Աւստրալիա]]յէն աւելի ընդարձակ է։
 
Սահարան ամբողջութեամբ ներառուած է ափրիկեան տարածքին մէջ։
 
Սահարան աշխարհի ամէնէն մեծ անապատն է ոչ բեւեռային գօտիին մէջ։ Արեւմուտքէն անիկա Ատլանտեան ովկիանոսէն կը տարածուի Հիւսիսային Ափրիկէէն դէպի արեւելք՝ Կարմիր ծով՝ծով, ընդգրկելով մօտաւորապէս 9,100,000 Քմ.²։ Անոր մէջ կարելի է 70 անգամ տեղաւորել [[Անգլիա|Անգլիան]] կամ ամբողջ [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|ԱՄՆ]]-ը՝ առանց [[Թեքսաս]] նահանգին։
 
Սահարայի մակերեսին 25 տոկոսէն աւելին պատուած է աւազէ սաւաններով ու աւազաբլուրներով։ Լայնատարած են լեռնային աւազաթումբերը, որոնք կրնան հասնիլ մինչեւ 333 Մ. բարձրութեան։ Հակառակ ընդունուած պատկերացումներուն՝ աւազաբլուրները կը կազմեն անապատին շուրջ քառորդ մասը միայն։ Անիկա մեծ մասամբ կազմուած է քարքարոտ բարձրաւանդակներէ, չոր դաշտավայրերէ եւ Աղահանք պարունակող հարթ տարածութիւններէ։ Առաջին նայուածքով կը թուի, թէ մեծ թիւով մարդոց կամ անասուններու ապրելու համար պայմանները բաւարար չեն՝ յատկապէս ջերմաստիճանի տատանումները նկատի առնելու պարագային (գիշերային ջերմաստիճանը ըստ Ֆերընհայթի՝ 21°(-6°C), ցերեկները կարգ մը տեղեր կը հասնի ըստ Ֆերընհայթի՝ 136°(58°C)։ Այնուամենայնիւ, մօտաւորապէս երկուքուկէս միլիոն հոգի (ինչպէս նաեւ մեծ թիւով շնագայլեր, ճագարամուկեր, եղջիւրաւոր իժեր եւ այծքաղներ) այս անապատը հաճոյքով կը համարեն իրենց տունը։ Սահարային տարածքը օրէտարածութիւնը օր ըստ օրէ կ'ընդարձակի: Վերջին հարիւրամեակին ընթացքին անոր չափերը աւելցած են 10 տոկոսով:Անապատին ընդարձակումը հետազօտած են արբանեակային տուեալներու օգնութեամբ, որոնք հաւաքագրուած են ամբողջ Ափրիկէէն, 1920-2013 թուականներուն ընթացքին: Գիտական խումբը կը նշէ, թէ եթէ կլիմայի փոփոխութիւնները շարունակուին, ապա Սահարայի դանդաղ ընդարձակումը կը շարունակուի:<ref>[https://www.panorama.am/am/news/2018/03/31/%D5%8D%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D6%80%D5%A1-%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D5%BF/1927159 Տարածքին ընդարձակումը]</ref>
 
== Սահարայի կլիմայական պայմաններ ==