«Սահարա Անապատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 7.
Սահարան աշխարհի ամէնէն մեծ անապատն է ոչ բեւեռային գօտիին մէջ։ Արեւմուտքէն անիկա Ատլանտեան ովկիանոսէն կը տարածուի Հիւսիսային Ափրիկէէն դէպի արեւելք՝ Կարմիր ծով, ընդգրկելով մօտաւորապէս 9,100,000 Քմ.²։ Անոր մէջ կարելի է 70 անգամ տեղաւորել [[Անգլիա|Անգլիան]] կամ ամբողջ [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|ԱՄՆ]]-ը՝ առանց [[Թեքսաս]] նահանգին։
 
Սահարայի մակերեսին 25 տոկոսէն աւելին պատուած է աւազէ սաւաններով ու աւազաբլուրներով։ Լայնատարած են լեռնային աւազաթումբերը, որոնք կրնան հասնիլ մինչեւ 333 Մ. բարձրութեան։ Հակառակ ընդունուած պատկերացումներուն՝ աւազաբլուրները կը կազմեն անապատին շուրջ քառորդ մասը միայն։ Անիկա մեծ մասամբ կազմուած է քարքարոտ բարձրաւանդակներէ, չոր դաշտավայրերէ եւ Աղահանք պարունակող հարթ տարածութիւններէ։ Առաջին նայուածքով կը թուի, թէ մեծ թիւով մարդոց կամ անասուններու ապրելու համար պայմանները բաւարար չեն՝ յատկապէս ջերմաստիճանի տատանումները նկատի առնելու պարագային (գիշերային ջերմաստիճանը ըստ Ֆերընհայթի՝ 21°(-6°C), ցերեկները կարգ մը տեղեր կը հասնի ըստ Ֆերընհայթի՝ 136°(58°C)։ Այնուամենայնիւ, մօտաւորապէս երկուքուկէս միլիոն հոգի (ինչպէս նաեւ մեծ թիւով շնագայլեր, ճագարամուկեր, եղջիւրաւոր իժեր եւ այծքաղներ) այս անապատը հաճոյքով կը համարեն իրենց տունը։ Սահարային տարածութիւնը օր ըստ օրէ կ'ընդարձակի: Վերջին հարիւրամեակին ընթացքին անոր չափերը աւելցած են 10 տոկոսով: Անապատին ընդարձակումը հետազօտած են արբանեակային տուեալներու օգնութեամբ, որոնք հաւաքագրուած են ամբողջ Ափրիկէէն, 1920-2013 թուականներուն ընթացքին: Գիտական խումբը կը նշէ, թէ եթէ կլիմայի փոփոխութիւնները շարունակուին, ապա Սահարայի դանդաղ ընդարձակումը կը շարունակուի:<ref>[https://www.panorama.am/am/news/2018/03/31/%D5%8D%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D6%80%D5%A1-%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D5%BF/1927159 Տարածքին ընդարձակումը]</ref>
 
== Սահարայի կլիմայական պայմաններ ==
Տող 13.
Սահարան աչքի կը զարնէ արեւադարձային օդի ծայրահեղ չորութեամբ։ Սահարան աշխարհի ամէնէն տաք վայրերէն մէկն է։ Յուլիսին հոս տիրապետող կը դառնայ +30° իզոթերմը։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին արեւմուտքի անապատի զգալի մասը կը գտնուի 35° իզորթերմի տակ։ Սահարան կ'առանձնանայ նաեւ անձրեւազուրկ եղանակով։ Տեղումները բացառիկ քիչ են, կեդրոնական մասին մէջ՝ շուրջ 3 միլիոն Քմ. տարածութեան վրայ տարեկան կը թափին 25 մ.մ. ոչ աւելի անձրեւներ։
 
Սահարայի հիւսիսը տեղումները կը թափին գերազանցապէս ձմրան, իսկ հարաւի կողմերը՝ ամրան։
 
Ձմրան ցերեկը ջերմաստիճանը կը հասնի 20-25°-ի, սակայն գիշերը, ուժեղ ճառագայթման հետեւանքով, օդին ջերմաստիճանը կ'իջնէ մինչեւ 0°։
 
Ամրան Սահարայի մէջ կը ստեղծուին մթնոլորտային ճնշումներ, որոնք մրրկային ուժեղ քամիներու յառաջացման պատճառ կը դառնան։
 
Տեղումներու սակաւութեան հետեւանքով, Սահարայի մէջ կը տեսնուի աշխարհի ամէնէն մեծ գոլորշիացումը։
 
== Սահարայի հողերը եւ բուսականութիւնը ==
Տող 27.
Հակառակ հողերու անբերրիութեան, հոս կան բուսականութեան շուրջ 500 տեսակներ: Կան նաեւ բուսազուրկ տարածքներ եւ քարքարոտ տեղեր։ Որոշ բուսատեսակներ կը յարմարին կլիմայական պայմաններուն։
[[Պատկեր:Libya 5391 Ubari Lakes Luca Galuzzi 2007.jpg|մինի|աջից|Լիպիոյ կողմերը ովասիս մը, շուրջը՝ բուսականութեամբ]]
Բուսականութիւնը համեմատաբար հարուստ է փոքր ովասիսներու շրջակայքը։ Հոս կ'աճին գլխաւորաբար չոր դիմացկուն ծառեր եւ թփուտներ։ Ովասիսներուն մէջ առաւելապէս տարածուածարմաւենիներ ենտարածուած արմաւենիներ։են։
 
== Կենդանական աշխարհը ==
[[Պատկեր:Bilma-Salzkarawane1.jpg|մինի|աջից]]
Կենդանական աշխարհը կը հաշուէ շուրջ 4000 տեսակ։ Սահարական տեսակները 10-12% են։ Անասուններէն բնորոշ են վիթը (այծեամ), մուֆլոնը եւ կճղակաւորներու խումբին պատկանող անասուններ։ Շատ են կրծողները։ Կայ [[այծքաղ]], [[վայրի ոչխար]], [[Աղուէսներ|աղուէս]], [[վագրակատու]], [[շնագայլ]], [[բորենի]], [[աւազամուկ]], [[ճագարամուկ]], [[նապաստակ]] եւ այլն։ Ամէն տեղ տարածուած են [[սողուններ]]ը։ Ահագգարի մնացորդային ջրաւազաններուն մէջ կան ոչ մեծ [[Կոկորդիլոս|կոկորդիլոսներ]]։ Սահարայի [[անասուն]]ներունանասուններուն մեծ մասը գիշերային կեանք կ'ապրին։ապրի։
 
== Պատկերասրահ ==