«Անթարքթիքա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
 
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Տող 1.
[[Պատկեր:Antarctica-Region.png|աջից|մինի|200x200փքս|Հարաւային կիսագունդը եւ Անթարքթիքան]]
'''Անթարքթիքա''', [[Երկիր]] մոլորակին հարաւային բեւեռային շրջանն է, որուն մէջ կը մտնեն Անթարքթիքան եւ հարող Ատլանտեան, [[Հնդկական Ովկիանոս|Հնդկական]] եւ [[Խաղաղական ովկիանոսներու]]<nowiki/>ն հարաւային մասերը (երբեմն այդ ովկիանոսներուն հարաւային հատուածները կը միաւորուին մէկ միասնական՝ Հարաւային ովկիանոսին մէջ)։
 
Անիկա կը գտնուի Հարաւային կիսագունդին Անթարքթիք շրջանին մէջ՝ յատկապէս՝ Անթարքթիք շրջանակին հարաւային մասին մէջ. շրջապատուած է Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսով։ Տարածութիւնը կը կազմէ 14,0 քառակուսի քիլոմեթր (5,4 միլիոն քառակուսի մղոն), ուստի անիկա կը համարուի Երկիրին մակերեսին հինգերորդ ամէնէն մեծ ցամաքամասը [[Ասիա|Ասիայ]]<nowiki/>էն, [[Ափրիկէ]]<nowiki/>էն, [[Հիւսիսային Ամերիկա]]<nowiki/>յէն եւ [[Հարաւային Ամերիկա]]<nowiki/>յէն ետք։ Համեմատութեան համար նշենք, որ Անթարքթիքան Աւստրալիայէն երկու անգամ մեծ է։ Անթարքթիքայի տարածութեան 98% ծածկուած է սառոյցէ շերտով, որուն հաստութիւնը կը կազմէ առնուազն 1 մղոն (1.6 քիլոմեթր)։
Տող 11.
 
Հակառակ անոր, որ մարդիկ վաղուց բազմաթիւ առասպելներ եւ կարծիքներ յայտնած են Terra Australis («Հարաւային ցամաքամաս»ին) մասին, առաջին ընդունուած վարկածը ապացուցուած է Ֆապիան Կոտլիեպ վոն Պելինսհաուզենի եւ [[Միխայիլ Լազարև|Միխայիլ Լազարեւի]] Վոստոկ եւ Միրնի ռուսական հետազօտութեան կողմէ 1820-ին։ Սակայն, ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, ցամաքամասը բոլորովին անտեսուած էր անտանելի միջավայրին, միջոցներու պակասին եւ տարածքին մեկուսացման պատճառով։ 1959-ին 12 երկիրներու կողմէ Անթարքթիքայի դաշինքը կը ստորագրուի (Antarctic Treaty). այսօր երկիրներու քանակը կը կազմէ 49։ Դաշինքը կ'արգիլէ բոլոր տեսակի ռազմական գործողութիւններու եւ հանքագործութեան իրականացումը։ Արգիլուած է նաեւ այն ամէնը, որ կը վերաբերի միջուկային ռումբերու պատրաստման եւ պայթեցման գործընթացներուն՝ նպատակ ունենալով պահպանել ցամաքամասին օզոնային շերտը եւ քաջալերել միայն գիտական հետազօտութիւնները։ Այսօր հետազօտութիւններ կ'իրականացուին բազմաթիւ երկիրներէ աւելի քան 4000 գիտնականներու կողմէ։
== Հետաքրքրական տեղեկութիւններ ==
* Անթարքթիքայի ամբողջ ջուրը հալած սառ է:
* Աշխարհի վրայ ամէնէն ցուրտ ջերմաստիճանը արձանագրած է Անթարքթիքայի մէջ` -89.2 աստիճան:
* Անթարքթիքայի մէջ կան շրջաններ, ուր 800 տազար տարիներէ ի վեր բնաւ չէ անձրեւած:
* Շուներուն մուտքը արգիլուած է Անթարքթիքա:
* Հարաւային բեւեռին մէջ ամէն տարի հազիւ 2.54 սմ ձիւն կ'իջնէ<ref>[http://archive.aztagdaily.com/archives/153301 Անթարքթիքա]</ref>:
* Աշխարհի անուշ ջուրին 70 առ հարիւրը կը գտնուի Անթարքթիքայի մէջ:
* Անթարքթիքայի մէջ եւ շուրջը կ'ապրին մօտաւորապէս 5 միլիոն փենկուէններ (թեւատներ): Անոնցմէ ամէնէն մեծ տեսակը` էմփըրըր թեւատը, կրնայ կշռել մինչեւ 40 քիլօ<ref>[https://www.google.com/search?q=%D4%B1%D5%B6%D5%A9%D5%A1%D6%80%D6%84%D5%A9%D5%AB%D6%84%D5%A1%2F+%D4%B1%D5%A6%D5%A4%D5%A1%D5%AF&rlz=1C1ARAB_enLB495AM634&sxsrf=ALeKk03IHafMwzNylbCBNa8oWyK7RAQXHA%3A1624553968557&ei=8LnUYPXKIYHKgQbTsrewDA&oq=%D4%B1%D5%B6%D5%A9%D5%A1%D6%80%D6%84%D5%A9%D5%AB%D6%84%D5%A1%2F+%D4%B1%D5%A6%D5%A4%D5%A1%D5%AF&gs_lcp=Cgdnd3Mtd2l6EAM6BwgjELADECdKBAhBGAFQ-xZY7CVgriloAXAAeACAAdkBiAGfCpIBBTAuNy4xmAEAoAEBqgEHZ3dzLXdpesgBAcABAQ&sclient=gws-wiz&ved=0ahUKEwj1gtuR37DxAhUBZcAKHVPZDcYQ4dUDCA8&uact=5 Անթարքթիքայի բնակիչները]</ref>: Թեւատի 4 տեսակներ կ՛ապրին Անթարքթիքայի մէջ` ատելին, ճենթուն, էմփըրըրը եւ չենսթրափը:
* Անթարքթիքայի մէջ ամառը ցերեկը 24 ժամ կը տեւէ:
* Անթարքթիքան կը պարունակէ երկրագունդի սառոյցին մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը:
* Եթէ Անթարքթիքայի ամբողջ սառոյցը հալէր, ովկիանոսները 60 մեթր պիտի բարձրանային:
* Անթարքթիքան ամէնէն զօրաւոր քամիներ ունեցող ցամաքամասն է: Կարգ մը քամիներու արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 300 քմ.-ի, եւ անոնք կրնան մարդիկ թռցնել:
* Հին յոյն փիլիսոփայ Արիստոտէլ բնաւ չէր տեսած Անթարքթիքան, սակայն ան կը հաւատար, որ անիկա վստահաբար գոյութիւն ունի հիւսիսը գտնուող հողերուն հետ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար:
* Անթարքթիքան գտնուած է 1820-ական թուականներուն: Սակայն աւելի քան 75 տարիներ ետք է, որ մարդիկ հոն ոտք դրած են, 1911-ին նորվեկիացի Ռոալտ Ամունտսըն հոն ոտք դնող առաջին անձը եղած է<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/463117 Ցուրտ անապատը]</ref>:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ՀՍՀ|հատոր=1|էջ=446}}