«Արամ Երեմեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Երեմեան Արամ''', բանասէր, գեղարուեստագէտ, աշխատակից «Հայ Հանրագիտակ»ի, ծնած է 1898ին Մարզու...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

12:26, 13 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Երեմեան Արամ, բանասէր, գեղարուեստագէտ, աշխատակից «Հայ Հանրագիտակ»ի, ծնած է 1898ին Մարզուան (Փոքր Հայքի հին Փազիմոն քաղաքը): Հայրը Գարեգին իր ժամանակին հասարակական գործիչ՝ Սոց. Դեմկրատ: Մայրը՝ Մաքրուհի, ուսումնասէր մի կին:

Իր միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Երեմեան՝ ծննդավայրի Ս. Սահակեան վարժարանը, յետոյ երկու տարի Անգարայի պետական մանկավարժական դպրոցը եւ տարի մ’ալ Կալկաթայի Մարդասիրական Ճեմարանի մէջ, իսկ բարձրագոյն՝ Վիեննայի համալսարանի պատմադրական ֆաքիւլդէի մէջ. յետոյ ամբողջապէս կը նուիրուի գռական-մանկավարժական գործունէութեան:

1915ին հեռու իր ծննդավայրէն՝ զինքը Նոր Ջուղայի մէջ կը գտնանք:

Երեմեան կենսագրականը եւ գործունէութիւնը պատկերացուցած է հետեւեալ գրութեան մէջ՝ որ լոյս ընծայուեցաւ քանի մը թերթերուն մէջ 1937ին, անոր գրական գործունէութեան քսանամեակի առթիւ:

Հայ բանասիրական կաճառի լաւագոյն դէմքերէն մին է Արամ Երեմեան, որուն գրական գործունէութեան քսանամեակը լրացաւ այս տարի (1936ին):

Երեմեանի բանասիրական գեղարուեստական աշխատանքները հարուստ են եւ բազմազան: Անոր բանասիրական գործունէութեան առաջին շրջանի կեդրոնը կը հանդիսանայ հարաւային Իրանը: 1906ին, Շահ Աբասի ձեռքով, Հին-Ջուղայէն գաղթած ժողովուրդն է որ կ’ապրի հոն, ուր ներկայիս կեդրոնացած է Սպահանի Նոր Ջուղա արուարձանին եւ Փէրիա, Զարմահալ եւ ուրիշ գաւառներու մէջ: Ահա հայկական այս միջավայրին մէջ Երեմեան լուրջ աշխատանքի կը լծուի: Այդ ժողովուրդը իր անգիր բանահիւսութիւնն ունէր, որ տակաւին ուսումնասիրուած չէր: Երեմեան այդ երգերու մէջ կը տեսնէ պարզուկ ժողովուրդին սիրտը, անոր բանաստեղծական մեծ ոգին: Եւ նա առաջին բանասէրը կը հանդիսանայ, որ գիւղէ գիւղ շրջելով՝ վեց տարի շարունակ կ’ապրի ժողովուրդին սրտին մօտ եւ կը հաւաքէ ժողովրդական բանահիւսութեան բեկորները եւ կը հաւաքէ երկու հատորներու մէջ:

Առաջինին մասին Հ.Ն. Ակինեան կը գրէ գրախօսականի մը մէջ.— «Արամ Երեմեան այս փոքրիկ աշխատութիւնը իր համառօտութեան մէջ իսկ կը համարիմ անգնահատելի գործ մը իւր տեսակին մէջ որ կու տայ մեզի հայ ժողովրդեան տարաշխարհիկ բեկորի մը աւանդութեանց փշրանքները, խնամքով հաւաքուած»:...

ԺԷ. Դարուն մէջ (1606ին) Արտատեան աշխարհէ Հարաւային Իրան գաղթած ժողովուրդն ունէր իր ուրոյն կենցաղը, վարք ու բարքը, սովորութիւնները, իր տնտեսական անմխիթար կեաքը, որոնք նոյնպէս դեռ չէին ուսումնասիրուած:

Ազգագրական մարզին մէջ ես Երեմեան կը հանդիսանայ ամենաառաջին բանասէրը, որ կը շրջի Սպահանի Փէրիա եւ Զարմահալ գաւառներու հայաբնակ գիւղերը, մանրամասն գրի կ’առնէ գեղջուկներու կեանքի եւ կենացգի էջերը: Այս ումումնասիրութեան արդիւնքն են անոր «Սպահանի Փէրիա գաւառ»ը եւ «Սպահանի Զարմահալ գաւառը»: Առաջին աշխատութիւնը գնահատուած է Բրոֆ. Աճառեանի յառաջաբանով:

Բայց Երեմեան բանասիրական աշխատութիւններու մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ անոր աշուղական ուսումնասիրութիւնները: Ան առաջին բանասէրն է, որ մոռացութեան փոշիներէն կը փրկէ իրանահայ անյայտ աշուղները, որոնք առանձին գրքոյկով լոյս տեսան «Պարսկահայ աշուղներ» խորագրով: Այդ աշուղներէն յիշենք, «Աշուղ Էմիր օղլի, Ղուլ Էգազ եւ Աբգին օղլի» (տպ. Նոր Ջուղա 1920ին). «Աշուղ Յարութ օղլի» (տպ. Նոր Ջուղա 1920ին): «Բաղէր օղլի», «Ղուլ Սարգիս Շրիշկանցի» եւ՛ «Միսկին Ստեփան» (տպ.Վիեննա 1925ին), «Աշուղ Ամիր օղլի» (տպ. Վենետիկ 1930ին), «Աշուղ Ղուլ Յովհաննէս» (տպ. Վենետիկ 1930ին): Աշուղներու այս շարանը, որոնցմէ մի քանին Յարթուն օղլի, Ղուլ Յովհաննէս, իրենց մոդիվներուն մեզ կը յիշեցնեն Սայեաթ Նովայի քնարը, անխոնջ եւ բեղմնաւոր եւ գնահատելի գործունէութիւնը:

Երեմեան հայ գրականութեան նուիրած է նոր աշխատութիւն մ’ալ «Իդէալիստը» վերնագրով բանդոմինան (տպ. Նոր Ջուղա 1919ին): Դա գրական մի նորութիւն է, ա՛յն տեսակէտով՝ որ մենք հայերս չունինք բանդոմինական գրականութիւն: Ատով Երեմեան կը լրացնէ հայ թատերական գրականութեան մէկ մեծ բացը»:

Երեմեան 1925ին Խ. Հայաստան կը փոխադրուի, ուր նախ Երեւանի պետական թանգարանի պատմագրական բաժնին մէջ կը վարէ գիտական հսկիչի պաշտօնը եւ հոն կը խմբագրէ «ՍԵՒԱՆ» երաժշտական ժողովածուն, որուն մէջ հանդէս կու գան Հայաստանի ամենատաղանդաւոր երաժշտագէտները: Այդ գործը մեր մէջ երաժշտական առաջին ալմանախն է զոր իրաւամբ կը գնահատէ Ջօպանեան: Այդ շքեղ հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ 1927ին Վենետկոյ Ս. Ղազարու վանքի տպարանէն:

Տարի մը ետք, 1927ին, Երեմեան «Հայ նկարիչների ալմանախը» կը խմբագրէ: Այդ եւս մեր մէջ ամենառաջին նկարչական ժողովածուն է: Անոր մէջ ի յայտ կու գան Հայաստանի առաջին շրջանի ամենատաղանդաւոր նկարիչները:

Նոյն 1927 թուին, Երեմեան Երեւանի մէջ կը խմբագրէ «ԱՐՒԵՍՏ» նկարչական-երաժշտական առաջին հանդէսը, որուն մէջ կը համախմբուին Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ ապրող ամենատաղանդաւոր արուեստագէտները — Վահրամ Գայֆէճեան, Գաբրիէլ Գիւրջեան, Աղեքսանդր Սպենդարեան, Անտոն Մայիլեան, Սպիրիտոն Մելիքեան, Ովսաննա Տէր Գրիգորեան, Գրիգոր Շարբաբչեան եւ ուրիշներ:

Սակայն Երեմեանի պատմաբանասիրական աշխատութիւններու գլուխ գործոցը, անոր «Ռուսահայ թատրոնի պատմութիւնը» հատորն է, 754 էջերէ բաղկացած, որը ռուսահայ թատրոնի պատմութեան նուիրուած ամենաառաջին աշխատութիւնն է, որ իր բովանդակութեամբ ցոյց կու տայ յայտնի բանասէրի ուսումնամիրելու, քննադատելու, վերլուծելու ձիրք ու հմտութիւնը:

Երեմեան 1929-1933 թուականը կ’աշխատի Թիֆլիսի «Պրոլետար» թերթի խմբագրգտունը, ուր յայտնի վիպագիր Նարգոսի հետ կը սրբագրէ «Պրոլետար» թերթը:

Երեմեանի գրական-բանաիրական արդիւնալից կեանքը չի ամփոփուիր միայն պատմաբանասիրական տեսութեամբ. իր կեանքի որոշ մէկ մասը նա նուիրած է նաեւ հայ դպրոցին, ուր մերթ ուսուցչական, մերթ տեսչական պաշտօնով նուիրուած է նոր սերունդին: Իր մանկավարժական գործունէութիւնը կը սկսի Նոր-Ջուղայի Ազգային երկսեռ դպրոցներուն մէջ (վեց տարի), յետոյ տեսչական պաշտօն կը վարէ Երեւանի «Ձերժինսկու» վարժարանին մէջ (հինգ տարի), ապա Թեհրանի «Դաւիթեան» դպրոցին մէջ (ուսուցիչ՝ երկու տերի): Ամէն տեղ ալ սիրուած ու յարգուած է իր աշակերտ-աշակերտուհիներէն, բացառիկ հմտութեամբ վարած է մանկավարժական գործը:

Երեմեանի իր գրական ուն դաստիարակչական գորթունէութեան ընթացքին աշխատակցած է ժամանակի աչքառու թերթերուն եւ հանդէսներուն, որոնցմէ յիշենք. Մշակ, Աղբիւր Տարազ, Արեւ, Մարտակոչ, (Թիֆլիս), Թատրոն եւ երաժշտութիււն (Բագու), Հայաստանի Կոչնակ, Նաւասարդ, Արեգ, Հանդէս Ամսօրեայ, Բազմավէպ, Գեղունի, Թէոգիկի Ամենուն Տարեցոյց, Հայ Կին, Ճակատամարտ, Արագած, Անահիտ, Զուարթնոց, Խ. Հայաստան, Աշխատաւոր, Նոր Ակոս, Վերելք, Արեւ, Նոր Շարժում, Զանգ, Մինարէթ, Հորիզոն, Առաւօտ, Վերածնունդ, Դիցաւան, եւայլն: Այս բոլոհ թերթերուն մէջ Երեմեանը հրատարակած է թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ բանասիրական շարք մը կարեւոր ուսումնասիրութիւններ: Ներկայիս (1839) Երեմեան Նոր Զուղայի Աղգ. Վարժարանի տեսչութիւնը կը վարէ միշտ աշխատակցելով շատ մը հենդէսներու եւ թերթերու:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 703: