«Արամ Հայկազ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 32.
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Արամ Չեքեմեան։ Ծնած է [[Շապին Գարահիսար]]։ Մայրը՝Իւղաբեր <ref[http://asbarez.com/arm/45142/ Գրող Արամ Հայկազ Հայաստան Վերադարձաւ]></ref>ու քոյրերը [[1915]]-ին օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն դարձան, բռնի կերպով իրենց տունէն քալեցին [[Սուրիական անապատ|սուրիական անապատ]]ին մէջ: Սովահար եւ ընչազուրկ` անոնք հասան գիւղ մը, ուր այլ հայերու հանդիպեցան, որոնք [[Իսլամութիւն|իսլամութիւն]]ը ընդունելէ ետք կ՛աշխատէին թուրքերու տուներուն մէջ: Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն` փոքրիկն Հայկազ եւս հաւատափոխ դարձաւ: Յաջորդող չորս տարիներուն ան ապրեցաւ քրտական ցեղախումբերուն մօտ` արածելով ոչխարները, հաւաքելով բերքը, կերակրելով հաւերը: Քիւրտ ընտանիքներուն անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով` ան սորվեցաւ անոնց սովորութիւնները, գաղտնիքները եւ խորամանկութեամբ` խոցելի կէտերը: Չորս տարի ետք ան յաջողեցաւ դուրս գալ Փոքր Ասիայէն:[[1919]]-ին կը փախչի Պոլիս, իսկ մէկ տարի ետք վերջնականապէս կը հաստատուի [[Նիւ Եորք]]։
 
== Գրական վաստակ ==