«Արամ Հայկազ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Գրական վաստակ: Ճշդուած է The Fall of the Aerie գործին վերնագիրը։
→‎top: Բուն մականունը սրբագրուած է (Չեքենեան, ոչ Չեքեմեան)։ Կատարուած են փոփոխութիւններ մատենագիտութեան մէջ։
Տող 29.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Արամ Հայկազ (ՉեքեմեանՉեքենեան)''' ([[22 Մարտ]], [[1900]], [[Շապին Գարահիսար]] - [[10 Մարտ]], [[1986]], [[Նիւ Եորք]]), ամերիկահայ արձակագիր։
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Արամ Չեքեմեան։Չեքենեան։ Ծնած է [[Շապին Գարահիսար]]։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Ազգային վարժարանին մէջ։ 1915-ի Ամրան, երբ թուրքական զօրքը արդէն մօտեցած էր իրենց քաղաքին, 5000 հայեր այրելով իրենց տուներն ու դաշտերը կը բարձրանան լեռ, որու գագաթին հռովմէական հին բերդի մը մնացորդները կային։ Ասիկա յայտնի է Շապին Գարահիսարի ապստամբութիւն անունով։ Արամ Հայկազ ինք եւս մասնակցած է [[1915]]-ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, որ հետագային նկարագրած է «Շապին Գարահիսար Եւ Իր Հերոսամարտը» գործին մէջ ([[1957]])։ Մայրն (Իւղաբեր) <ref>[http://asbarez.com/arm/45142/ Գրող Արամ Հայկազ Հայաստան Վերադարձաւ]</ref>ու քոյրերը, օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն, բռնի կերպով իրենց բնօրրանէն կ'աքսորուին դէպի [[Սուրիական անապատ|սուրիական անապատ]]ը: Սովահար եւ ընչազուրկ` անոնք կը հասնին գիւղ մը, ուր կը հանդիպին հայերու, որոնք [[Իսլամութիւն|իսլամութիւն]]ը ընդունելէ ետք կ՛աշխատէին թուրքերու տուներուն մէջ: Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն` փոքրիկն Հայկազ եւս հաւատափոխ կը դառնայ: Յաջորդող չորս տարիներուն ան կ'ապրի քրտական ցեղախումբերու մօտ` ոչխարներ արածելով, բերքը հաւաքելով եւ հաւերը կերակրելով : Քիւրտ ընտանիքներու անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով` ան կը սորվի անոնց սովորութիւնները, գաղտնիքները եւ խորամանկութեամբ` խոցելի կէտերը: Չորս տարի ետք կը յաջողի դուրս գալ Փոքր Ասիայէն:[[1919]]-ին կը փախչի Պոլիս եւ կ'ապաստանի Պոլսոյ որբանոցին մէջ, իսկ մէկ տարի ետք վերջնականապէս կը հաստատուի [[Նիւ Եորք]]։
 
== Գրական վաստակ ==
21 տարեկանին [[Ամերիկայի Միացյալ Նահանգներ|Ամերիկա]] գաղթելով կը սկսի գրել եւ հրապարակել իր յուշերը ջարդերուն մասին, որոնց զոհ գացած էին իր հայրն (Արսէն) ու եղբայրները (որոնցմէ իրմէ երկու տարի մեծ եղբօր՝ Հայկազին անունը ժառանգած է իբրեւ իր գրական անունը), եւ իր փորձառութիւնները գրի կ'առնէ կարճ պատմութիւններու մէջ, որոնք լոյս կը տեսնեն «Տը Արմինիըն Ռիվիու»<ref>[http://armenianreview.org/ The Armenian Review ]</ref>-ի մէջ: Անոնցմէ մէկ քանին կը ներառէ յուշագրութեան մը մէջ, որ կը հրատարակուի հայերէնով` [[1972]]-ին, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» վերնագիրով: Այժմ այսԱյս գիրքը իր աղջկան` Այրիս ՉեքէմեանիՉեքենեանի կողմէ ամփոփուած ու խմբագրուած է եւ թարգմանուած` անգլերէնի։անգլերէնի (2015)։
 
Գրած է պատմուածքներ, նորավէպեր եւ վիպակներ։ Զուարթախոհութեան զգացումը (հիւմըր), որ տիրապետող է իր պատմուածքներուն մէջ, նոր եւ թարմ շունչ մըն էր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ։Ան ունի իւրայատուկ թախծաշեշտ լաւատեսութիւն, լուսավճիտ բարութիւն եւ զուարթախոհ դատողութիւն:Անոր գրականութիւնը կը պատմէ շարունակուող կեանքը, հոն կայ կեանքի աւիշը… Համեստութիւնը սրամտութեամբ կը դիմագրաւէ ան: Կեանքէն վրէժ լուծելու թափով գրած է ան:Անոր տիպարներուն ընդմէջէն կը նկատենք մարդը, հա՛յ մարդը:
Տող 45.
*«Ցեղին Ձայնը» ([[1949]]),
*«Ցեղին Ձայնը՝» Բ. հատոր ([[1954]]),
*«Շապին Գարահիսար եւ իր հերոսամարտը» (Պէյրութ, 1957-ին։
*«Չորս Աշխարհ» (Պէյրութ, [[1962]]),
*«Պանդոկ» (Պէյրութ, [[1967]]),
*«Կարօտ» (Պէյրութ, [[1971]]),
*«Չորս տարի քիւրտիստանիՔիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (Պէյրութ, [[1973|1972]]),
*«Ապրէք երեխէք» (հատընտիր), (Պէյրութ, 1973),
*«Երջանկութիւն (Պէյրութ, [[1978]])։
 
The Fall of the Aerie վերահրատարկուած է 2010-ին, ծննդեան 110-րդ տարեդարձին առթիւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «[[Համազգային]]ի» կողմէ<ref>http://www.armenianweekly.com/2011/02/09/hamazkayin-program/ Hamazkayin Program Marks 110th Anniversary of Aram Haigaz’s Birth - The Armenian Weekly - February 9th, 2010 - retrieved 1/21/2012</ref>։ 2009-ին Երեւանի մէջ տպագրուած են Մարգարիտ Խաչատրեանի կազմած Արամ Հայկազի նամակներու ընտրանին, 2010-ին՝ «Մոռցուած էջեր. 1924-1950» (Ա.հատոր), 2012-ին՝ «Մոռցուած էջեր. 1951-1960» (Բ.հատոր), 2013-ին՝ «Մոռացուած էջեր. 1961-1966» (Գ. հատոր), 2012-ին՝ «Պատմուածքներ» ժողովածուները։