«Վանի հերոսամարտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
#WPWP #WPWPWAM
#WPWP #WPWPWAM
Տող 7.
 
Այս պայմաններուն տակ, [[Արամ Մանուկեան]]ի գլխաւորութեամբ, Վանի ղեկավարները [[Ապրիլ 5|5 Ապրիլ]]<nowiki/>ին ձեռնարկեցին ինքնապաշտպանութեան գործնական աշխատանքներուն. կազմուեցաւ Զինուորական մարմին մը, որ պատրաստեց ինքնապաշտպանութեան ծրագիրը։ [[Ապրիլ 7|7 Ապրիլ]]<nowiki/>ի արեւածագին հայկական դիրքերը պատրաստ վիճակի մէջ էին, երբ թուրք զինուորներ առեւանգեցին [[Շուշանց գիւղ]]էն Այգեստան մտնող խումբ մը հայ կիներ. ասոր յաջորդեցին կրակոցները։ Քանի մը վայրկեան ետք Վանը պաշարող թուրք զինուորները ընդհանուր յարձակման անցան։ Այգեստան սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ եւ զգալիօրէն աւերուեցաւ, բայց հայ կռուողները ոչ միայն մնացին իրենց դիրքերուն վրայ, այլեւ կռուի առաջին օրն իսկ գրաւեցին թրքական հեռագրատունը եւ պաշարեցին հայկական թաղերու կեդրոնը գտնուող Համմուտ աղայի զօրանոցը, զոր հրդեհեցին քանի մը օր ետք։
[[Պատկեր:Van April 1915 Armenians.png|մինի]]
 
Այգեստանի վրայ յարձակման հետ միաժամանակ քաղաքամէջին ալ սկսաւ կռիւը։ Հոն եւս կազմուեցաւ Զինուորական մարմին, իսկ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման կեդրոնը դարձաւ հայոց առաջնորդարանը։ [[Ապրիլ 28|28 Ապրիլ]]<nowiki/>ին սաստիկ ռմբակոծումները քանդեցին հայկական դիրքերու պատնէշները. տեղի ունեցան բուռն կռիւներ, ինկան մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ։ Յաջորդող օրերուն թրքական յարձակողականի թափը կասեցաւ, որովհետեւ երբ թուրքերը իմացան, որ ռուսական յառաջապահ զօրամասերը եւ հայ կամաւորական գունդերը մօտեցած են Վանին, սկսան փախուստի դիմել։ [[Մայիս 3|3 Մայիս]]<nowiki/>ին հայերը գրաւեցին Թոփրագ Գալէի զօրանոցը եւ հրդեհեցին Հաճի Պեքիրի զօրանոցը։