«Արատէսի Վանք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Արատէսի Վանք''', կը գտնուի համանուն գիւղին մէջտեղ բարձրավանդակի մը վրայ, ի հնումըն կառուցու...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

17:54, 12 Դեկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Արատէսի Վանք, կը գտնուի համանուն գիւղին մէջտեղ բարձրավանդակի մը վրայ, ի հնումըն կառուցուած: Այս վանքը գիւղին հետ Ստեփանոս Օրբէլեան պատմչին ժառանգութեան վիճակելով իր Տարսայիճ հօրմէ՝ զայն Նորավանից նուիրեց իբրեւ կալուած եւ բնակարան ամրան: Տակաւին թէեւ մասամբ կանգուն են վանացս եկեղեցիները, սակայն ամայի, օրէ օր քայքայման եւ կործանման տխուր վիճակի մէջ: Այս եկեղեցիներէն գլխաւորը կառուցուած է չորս որմափակ սեանց վրայ, ունի երկու աւանդատուն եւ մատուռներ աջ եւ ձախ կողմերը, որոնց մէջ կան պատարագի սեղաններ: Ունի նաեւ ժամատուն՝ կոփածոյ քարերով շինուած, վեց որմափակ սիւներով: Արեւելեան որմոյն մօտը կայ որոցանձեւ տապան մը (1280) թուականով գեղեցկատառ արձանագրութեամբ, որուն մէջ կը հանգչին վանքս նորոգող րաբունապետ Հայրապետի նշխարքը: Երկրորդ եկեղեցւոյ գաւթի արեւմտեան դրան ճակատը կայ ճարտարաքանդակ պատկեր Տիրամօրն՝ Յիսուս գիրկը, եւ երկու կողմը կրկին արձանագրութիւնք: Երրորդ եկեղեցւոյն նոյնպէս կիսակործան քանդակներն եւ դրան դրուագները աւելի նուրբ արուեստով շինուած են, ուր կը տեսնուին զանազան ձեւերով խաչեր, ողկոյզներ, կենդանիներ եւ այլն: Վանացս եկեղեցիներու որմերու եւ խաչարձանններու վրայ կան բաւական թուով արձանագրութիւններ, յորոց մին կը յայտնէ երեք եկեղեցիներուն անունները, որոնք են Ս. Սիովն, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Կարապետ: Վանացս արձանագրութիւնները չեն յայտներ շինութեան թուականը, եղած թուականներէն հնագոյնն է:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 261: