«Օսմանեան Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ծանօթագրութիւններ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Տող 13.
== Օսմանցի Թուրքերը եւ Օսմանեան Կայսրութեան Ստեղծումը ==
Փոքր Ասիոյ մնացած մասը կը գտնուէր այլ փոքր պետութեանց ձեռքը, որոնց պետերն էին սելճուք անկախ էմիրներ:
[[Յոյներ]]ու անգիտակից վերաբերումը, ինչպէս նաեւ [[Ճենովա]]յի ևեւ [[Վենետիկ]]ի միայն առեւտրական եւ կարճատես քաղաքականութիւնն էր, որ պատրաստեց օսմանցիներու տարածման ճամբան: ներքին կռիւներով պառակտուած եւ [[Պալքանեան]] սլաւ ժողովուրդներու հետ կռուի բռնուած Բիւզանդիոնը իրեն օգնութեան կանչեց օսմանցի թուրքերը, որոնք Եւրոպա ոտք դնելէ ետք գրաւեցին Կալիպոլիի թերակղզին եւ իրենց պահեցին:
Մուրատ Ա.ի եւ Պայազիտ Ա.ի որով (ԺԴ. Դարու վերջը) օսմանցի թուրքերը գրաւեցին Էտիրնէն, յոյներու դէմ մղուած կռիւէ մը ետք, եւ հոն փոխադրեցին իրենց մայրաքաղաքը: Այնուհետեւ անջատաբար ճզմեցին Պալքաններու սլաւ ժողովուրդները (պուլկաներ եւ սերպեր):
ԺԵ. դարու սկիզբը սկիզբը Պայազիտ Ա. Կը պատրաստուէր յարձակելու Պոլսոյ վրայ, երբ տեղի ունեցաւ, Լենկթիմուրի գլխաւորութեամբ, մոնկոլական երկրորդ մեծ արշաւանքը: Ինչպէս յիշեցինք, Պայազիտ Ա. Իր բանակով դէմը ելաւ Լենկթիմուրի, որ Հայաստանէն կու գար, իր անցքին վրայ ամէն ինչ բնաջնջելով: երկու բանակներուն ճակատամարտը, օսմանցի թուրքերունը Պայյազիտի եւ մոնկոլներունը Լենկթիմուրի հրամանատարութեան տակ, տեղի ունեցաւ Անգարայի մէջ (1402) եւ վերջացաւ թրքական բանակի պարտութեամբ: Պայազիտ Ա. Գերի ինկաւ: Լենկթիմուրի, ինչպէս ծանոթ է, ուղղուեցաւ դէպի արեւելք եւ ճամբան մեռաւ : իր կայսրութիւնը անդամահատուեցաւ: Իր արկածախնդրութիւնը այն հետեւանքը ունեցաւ սակայն, որ Պոլսոյ անկումը յիսուն տարի ուշացուց: