«Արգէոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Արգէոս''' (Argaeus), Փոքր Ասիոյ ամենաբարձր լեռն է, ծովու մակերեսէն 3840 (կամ ըստ Cooperի 3993...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

17:43, 12 Դեկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Արգէոս (Argaeus), Փոքր Ասիոյ ամենաբարձր լեռն է, ծովու մակերեսէն 3840 (կամ ըստ Cooperի 3993 մ.) բարձրութիւն ունի:

Մեծահռչակ յոյն պատմաբան եւ աշխարհագիր Ստրաբոն՝ անձամբ Կերիա ճամբորդած եւ այցելած է Արդէոսը, եւ իր Աշխարհագրութեան մէջ կը խօսի անոր մասին եւ կ’ըսէ թէ հրաբղխային մարած լեռ մ’է. տեղ տեղ այրած եւ խորացած են. շրջակայ ստորոստը անտառային վայրի ծառերով զարդարուն մինչեւ իսկ անոր գագաթը ելլող մարդիկ կը հաւաստեն թէ օդը պայծառ եւ խաղաղ եղած ատեն Արգէոսի բարձրունքին արեւելեան կողմէն կը դիտուի Պոնտոսը, իսկ արեւմտեան կողմէն՝ Սպիտակ Ծովը:

Արգէոսի հարաւային արեւելեան կողմերը գրեթէ գետերու եւ յորդառատ ջրերու ամբարներ են, նամանաւանդ Գօրամազէն բղխող Սարմուսալքը ջուրը-Քէստէլէն, որոնք կեսարական դաշտերը ոռօգելէ յետոյ կը մտնեն Սուլթան Սազը կոչուած կնիւններուն մէջը, եւ անկէ 10 քիլօմէթր վարէն ահագին գետակ մը կազմելով, Պօղազ Քէօբրիւէն կ’անցնի Գարասու (Melas) Մէլաս անուամբ. եւ 15 քիլօմէթր ոռոգելէ ետք կը թափի Թէք-Կէօզիւ կամուրջին մօտ Ալիս գետը, որ օձապտոյտ կ’ընթանայ դէպի Սեւ Ծով 1000 քիլօմէթր:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա., էջ 264: