«Արեան Խումբ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Արյան խումբ}} Պատկեր:ABO blood type.svg|thumb|right|410px|Արեան խումբը կ'որոշուի արյան էրիթր...»:
 
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 5.
== Պատմութիւն ==
[[Պատկեր:Karl Landsteiner, 1920s..jpg|thumb|upright|[[Քարլ Լանտշտայնըր]]]]
Արեան խումբի մասին ուսումնասիրութիւն առաջացած է [[19-րդ դար]]ու վերջերուն։ Անիկա ընդհանուր իմունաբանութեան կարեւոր բաժիններէն է, արեան փոխներարկման հիմքը եւ լայնօրէն կը կիրառուի [[արիւնաբանութիւն|արիւնաբանութեան]], [[վիրաբուժութիւն|վիրաբուժութեան]], [[մանկաբարձութիւն|մանկաբարձութեան]], գինեկոլոգիայի, դատական բժշկութեան, ինչպէս նաեւ [[մարդաբանութիւն|մարդաբանութեան]] եւ մարդու [[գենետիկա (արեւմտահայերէն)|գենետիկագենետիկայի]]յի մարզերուն մէջ։
 
== Ակլիուտինոկէն-ակլիուտինին Փոխազդեցութիւն ==
Էրիթրոցիտներու թաղանթին վրայ կան բարդ միացութիւններ՝ հակածիններ (ակլիուտինոկէններ), որոնք օժտուած են հակածնային յատկութիւններով։ Անոնք կրնան փոխազդել արեան փլազմայի յատուկ [[սպիտակուց (արեւմտահայերէն)|սպիտակուցսպիտակուցներու]]ներու` հակամարմիններու հետ։
 
Հակածին-հակամարմին հակազդեցութեան հետեւանքով տեղի կ'ունենայ էրիթրոցիտներու սոսնձում՝ [[ակլիուտինացիա]]։ Ըստ այս երեւոյթի անունին, էրիթրոցիտներու թաղանթի հակածինները կը կոչուին [[ակլիուտինոկէններ]], իսկ փլազմայի հակամարմինները՝ [[ակլիուտինիններ]]։
Տող 139.
Բացի A եւ B իզոհակածիններէն, որոշ մարդոց արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ կը հանդիպին H եւ O առանձնայատուկ հակածիններ։ Օրինակ, անոնք մշտապէս առկայ են 0, β (I) խումբ ունեցող անձերու արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ։ Բացի արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ պարունակուող իզոհակածիններէ, արեան միւս բաղադրիչ տարրերու մէջ կը յայտնաբերուին իզոհակածիններ, որոնք միայն իրենց բնորոշ են։ Այսպէս հաստատուած է արեան սպիտակ մարմնիկներու ([[լէյկոցիտներ]]) աւելի քան 40 հակածիններ միաւորող խումբի գոյութիւնը։ Կ'առանձնացնեն արեան շիճուկին մէջ պարունակուող սպիտակուցներու խումբ մը, որ կը բաժնուի [[իմունոկլոպուլիններ]]ու, [[ալպումիններ]]ու, [[պոստալպումիններ]]ու, α-, β-, γ-կլոպուլիններու եւ [[լիպոփրոթէիտներ]]ու։
 
Մարդու արեան այլ համակարգերուն պատկանող իզոհակածինները ունին աւելի փոքր գործնական նշանակութիւն, քան ABO եւ ռեզուս համակարգերը, բայց կարեւոր են դատաբժշկական բժշկութեան, [[գենետիկա (արեւմտահայերէն)|գենետիկագենետիկայի]]յի, [[Մարդաբանութիւն|մարդաբանութեան]] համար։
 
== Ռեզուս Գործօն ==
ABO իզոհակածիններէն ետք [[գործնական բժշկութիւն|գործնական բժշկութեան]] մէջ, ըստ նշանակութեան, երկրորդ տեղը կը գրաւեն ռեզուս՝ Rh ({{lang-en|Rhesus}}) համակարգի արեան խումբը։ Անիկա արեան ամենաբարդ համակարգերէն է եւ կը ներառէ աւելի քան 20 իզոհակածին։ Զանոնք կը յայտնաբերեն աւստրիացի գիտնականներ [[Քարլ Լանտշտայնըր]]ը եւ U. Վիները, 1940-ին՝ [[մակակ-ռեզուս կապիկներ (արեւմտահայերէն)|մակակ-ռեզուս կապիկներկապիկներու]]ու արիւնէն ստացուած կարմիր մարմնիկներու օգնութեամբ։ Պարզուած է, որ մարդոց 85%-ի արիւնը ռեզուս դրական է, այսինքն կը պարունակէ իմունածին յատկութեամբ օժտուած D ռեզուս գործօն, իսկ 15%-ի մօտ վերջինս կը բացակայի, այդ պատճառով կը համարուին ռեզուս բացասական։
 
=== Ռեսուզ Հակադրում ===
Տող 186.
 
== Արեան Խումբի Որոշում ==
Արեան խումբերը կ'որոշեն չափորոշիչ [[շիճուկ (արեւմտահայերէն)|շիճուկշիճուկներու]]ներու օգնութեամբ, արեան կարմիր մարմնիկներու մէջ իզոհակածիններ յայտնաբերելու միջոցով։ Աւելի գործնական նշանակութիւն ունի ABO համակարգի արեան խումբի բացայայտումը, ընդ որուն, կ'որոշեն ոչ միայն արեան կարմիր մարմնիկներու իզոհակածինները, այլեւ շիճուկի իզոհակամարմինները։ ABO համակարգի արեան խումբի որոշման համար կը կատարեն ակլուտինացման հակազդեցութիւն (շիճուկի համապատասխան հակամարմիններով արեան կարմիր մարմնիկներու սոսնձում), որ կը կատարեն թրջուող մակերեւոյթով սպիտակ թիթեղիկի վրայ, սենեակային ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ։ Վերջնական արդիւնքը կ'ըլլայ մանր, կարմիր հատիկներու առաջացումը, որոնք կազմուած են սոսնձուած արեան կարմիր մարմնիկներէ (դրական հակազդեցութիւն) կամ փոփոխութեան բացակայութիւնը (բացասական հակազդեցութիւն)։
 
== Տես Նաեւ ==