«Արեան Խումբ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
"Karl_Landsteiner,_1920s..jpg" Ֆայլը Ջնջվել է: Վիքիպահեստում՝ Natuur12 մասնակցի կողմից: Պատճառը սա է՝ per c:Commons:Deletion requests/File:Karl Landsteiner, 1920s..jpg:
Տող 4.
'''Արեան խումբ''', [[Արիւն|արեան]] ժառանգաբար փոխանցուող իմունային առանձնահատկութիւններ են, որոնց հիման վրայ եւ ըստ պարունակուող նիւթերու (խմբային [[հակածիններ (արեւմտահայերէն)|հակածիններ]] կամ իզոհակածիններ) նմանութեան արիւնը կը դասուի որեւէ խումբի։ Մարդու պատկանելիութիւնը արեան այս կամ այն խումբին անհատական կենսաբանական առանձնահատկութիւն է, որ կը ձեւաւորուի [[սաղմնային զարգացում (արեւմտահայերէն)|սաղմնային զարգացման]] վաղ շրջանիմ եւ չի փոխուիր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Աւելի գործնական նշանակութիւն ունին արեան կարմիր մարմնիկներու ([[էրիթրոցիտներ (արեւմտահայերէն)|էրիթրոցիտներ]]) A եւ B իզոհակածինները, ինչպէս նաեւ բնականոն պայմաններու մէջ [[արեան շիճուկ]]ի մէջ պարունակուող α եւ β իզոհակամարմինները։ Մարդու արեան մէջ միասին կրնան գտնուիլ միայն տարասեռ իզոհակածիններ եւ իզոհակամարմիններ, քանի որ միասեռի պարագային տեղի կ'ունենայ արեան կարմիր մարմնիկներու միակպչում՝ սոսնձում ([[հեմակլուտինացում]])։ Անկախ ռասայէն, տարիքէն, սեռէն, ինչպէս նաեւ արեան մէջ A, B իզոհակածիններու եւ α, β իզոհակամարմիններու առկայութենէն, մարդու արիւնը կը բաժնեն 4 խումբի։
== Պատմութիւն ==
 
[[Պատկեր:Karl Landsteiner, 1920s..jpg|thumb|upright|[[Քարլ Լանտշտայնըր]]]]
Արեան խումբի մասին ուսումնասիրութիւն առաջացած է [[19-րդ դար]]ու վերջերուն։ Անիկա ընդհանուր իմունաբանութեան կարեւոր բաժիններէն է, արեան փոխներարկման հիմքը եւ լայնօրէն կը կիրառուի [[արիւնաբանութիւն|արիւնաբանութեան]], [[վիրաբուժութիւն|վիրաբուժութեան]], [[մանկաբարձութիւն|մանկաբարձութեան]], գինեկոլոգիայի, դատական բժշկութեան, ինչպէս նաեւ [[մարդաբանութիւն|մարդաբանութեան]] եւ մարդու [[գենետիկա (արեւմտահայերէն)|գենետիկայի]] մարզերուն մէջ։