«Եփրատ գետ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 37.
Արեւմտեան Եփրատը սկիզբ կ'առնէ Ծաղկաւէտ լեռներուն Ոսկեանց (3914 մ) գագաթէն։ Հոս աղբիւր մը կը բխի (ջերմաստիճանը՝ 3˚), որ անցեալին պաշտամունքի աղբիւր համարուած է։ (Ըստ աւանդութեան, Է. դարուն բիւզանդացի Հերակլ կայսրը Քրիստոսի խաչը վտանգէ փրկելու համար թաղած է այս վայրին մէջ, եւ երբ խաչը դարձեալ դուրս բերած են, տեղը աղբիւր մը ժայթքած է։ Սուրբ համարուող աղբիւրին ջուրին մէջ մարդիկ կը լողան եւ մեղքերէ կը փրկուին)։
 
Եփրատ այնուհետեւ կ'իջնէ [[Կարնոյ դաշտ]]: Հոս գետի ջուրին կը խառնուին նաեւ հանքային աղբիւրներու ջուրերը։ Կարնոյ դաշտէն գետը կը մտնէ Շողանի կամ Շուղնի ձորը, դուրս կու գայ Աշկալայի ու Դերջանի (Մամախաթունի) դաշտերը եւ կ'անցնի Դերջանի ու Երզնկայի գոգաւորութիւններով։ Ապա կը մտնէ Կամախի սարահարթ՝ ստեղծելով խորունկ կիրճ եւ դուրս կու գայ Խարբերդի դաշտ, որուն արեւմտեան մասին մէջ կը միանայ Արածանի ճիւղին։ Կամախի մէջ կը գտնուի նախկին Անի բերդը։ Վերջինիս մէջ կը թաղուէին Արշակունի թագաւորները եւ բերդին մէջ կը պահուէին արքունական գանձերը։ Երզնկան կը համարուէր Անահիտ դիցուհիին սրբավայրը։ Հոն կը գտնուէր գլխաւոր մեհեանը։
Եփրատը այնուհետեւ կ'իջնէ [[Կարնոյ դաշտ]]:
 
====== Եփրատը Հին Կտակարանին մէջ ======
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Եփրատ_գետ» էջէն