«Մեխակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Տող 6.
[[Պատկեր:Dianthus_carthusianorum_Sturm24.jpg|ձախից|մինի|Բուսաբանական նկարագրութիւն]]
Ցօղունը հանգուցաւոր է, բարձրութիւնը՝ մինչեւ 70 սմ։ Տերեւները հակադիր են, ամբողջական, գծաձեւ կամ նշտարաձեւ։ Տեսակներուն մեծ մասին ցօղունը եւ տերեւները գորշ կապտաւուն երանգ ունին։ Ծաղկաբոյլը գագաթնածաղկող է, երբեմն՝ գլխիկով։ Ծաղիկները երկսեռ են (յաճախ՝ մէկական), ծոպաւոր, սպիտակ, վարդագոյն, կարմիր, ծիրանագոյն, դեղնականաչաւուն եւ այլն։ Կը ծաղկի Մայիսէն Օգոստոս ամիսներուն։ Պտուղը երկարաւուն, միաբուն, բազմասերմ տուփիկ մըն է։ Սերմերը սեւ են, մանր, տափակ։
 
Դաշտային մեխակը եւ մեխակի ծառը նոյնը չեն: Որոշ պարագաներու, բուժումներու մէջ անոնց օգտագործումը կը համընկնի, օրինակ՝ պաղարութեան կամ նեարդային լարուածութեան պարագային, իբրեւ ցաւազրկիչ օգտագործելու պարագային, սակայն կազմութեամբ անոնք տարբեր են: Պէտք է նշել նաեւ, որ դաշտային մեխակը կ'աճի գրեթէ ամէնուր, ինչպէս նաեւ՝ Սիպերիոյ մէջ, իսկ մեխակի ծառը կը սիրէ արեւադարձային կլիմայ<ref>[https://lifeinfo.am/%D5%B4%D5%A5%D5%AD%D5%A1%D5%AF#poleznye-svoystva-gvozdiki Դաշտային մեխակը եւ մեխակի ծառը]</ref>:
 
== Մեխակին յատկութիւնները ==
Մեխակին քիմիական կազմը շատ մեծ է։ Անոր օգտակար յատկութիւնները կը բացատրուին կենսանիւթերու, հանքանիւթերու եւ եթերային իւղերու մեծ պարունակութեամբ։
 
Մեխակին կոկոնները կը պարունակեն` А, В խումբի (В1, В2, В3 կամ РР, В4, В6, В9), С , Е եւ К կենսանիւթեր։ Մեխակը կը պարունակէ օգտակար հանքանիւթեր` կրածին, նատրոն, փոսփոր, երկաթ, մագնէս, պղինձ եւ զինկ։
 
Մեխակը կը պարունակէ նաև Օմեկա-3 եւ Օմեկա-6 չյագեցած ճարպաթթուներ։
== Մեխակին բուժիչ յատկութիւնները ==
Մեխակը կարելի է օգտագործել իբրեւ դեղամիջոց.
 
* Մանրէազերծ,
* հակասնկային,
* ցաւազրկող,
* վէրքը դարմանող,
* հակաքաղցկեղային
* Մեխակը կ'օգտագործուի նաեւ հաստ աղիքի բորոբոքման, եւ լեարդի հիւանդութիւններու բուժման համար<ref>[https://newsarmenia.am/am/news/society/chor-mekhaki-8-buzhich/ Մեխակին բուժիչ յատկութիւնները]</ref>։
 
== Տարածում ==
Տող 19 ⟶ 37՝
* Մանրածաղիկ մեխակ՝ [[Վայոց ձոր|Վայոց ձորի]] մարզի (Խաչիկ եւ Գեւիշիկ գիւղերու միջեւ) միջին լեռնային գօտիի չոր, քարքարոտ լանջերուն։ Այս տեսակները գրանցուած են Հայաստանի [[Կարմիր գիրք|Կարմիր գիրքին]] մէջ։
 
Մեխակի բազմաթիւ տեսակներ (պարտէզային կամ հոլանտկան Մեխակ, մօրուքաւոր կամ տաճկական Մեխակ, փետրաձեւ Մեխակ եւ այլն) կը մշակվուինմշակուին հին ժամանակներէ ի վեր․ ծանօթ են բազմաթիւ արժէքաւոր պարտէզային ձեւեր եւ տեսակեր։ Մեխակ կը կոչուի նաեւ մեխակածառի չորցած ծաղկակոկոններէ ստացուող համեմունքը կամ՝ գամերը։
 
== Մեխակի գամերու օգտագործումը ==
Տող 27 ⟶ 45՝
* Խոհանոցին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել` մէջը 5 – 10 մեխակի գամ աւելցնելով:
* Ճանճի բոլոր տեսակները հեռու պահելու համար կիտրոնը երկուքի կիսել, կիսուած բաժինը մեխակի գամերով ծածկել, ապա զանոնք զետեղել պատուհանի եզրին, պատշգամը կամ պարտէզը<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/262338 Մեխակի գամերու օգտագործումը]</ref>:
*Յօդային կամ մկանային ցաւերէ տառապողները գաւաթ մը եռացած ջուրի մէջ քանի մը մեխակի գամ նետելով կրնան տաք-տաք խմել<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/280748 Յատկութիւններ]</ref>:
== Պատկերասրահ ==
<gallery>
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մեխակ» էջէն