«Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան (Քարտիֆ, Ուէյլս)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքար''', յուշարձան-խաչքար Ուէյլսի Քարտիֆ քաղաքի Խաղաղութեան տաճարի հարակից այգիին մէջ։ == Պատմութիւն == Յուշարձան-խաչքարը տեղադրուած է 2 Նոյեմբեր 2007-ին՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն։ Խաչ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:55, 25 Սեպտեմբեր 2021-ի տարբերակ

Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքար, յուշարձան-խաչքար Ուէյլսի Քարտիֆ քաղաքի Խաղաղութեան տաճարի հարակից այգիին մէջ։

Պատմութիւն

Յուշարձան-խաչքարը տեղադրուած է 2 Նոյեմբեր 2007-ին՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն։ Խաչքարի համար հողատարածքը տրամադրուած է Միջազգային յարաբերութիւններու Ուէյլսի կեդրոնի կողմէն եւ պատրաստուած է ուէյլսցի վարպետներու կողմէն Ուէյլսի մէջ բնակող փոքրաթիւ հայերու միջոցներով։ Խաչքարի տեղադրման նպաստած է Ուէյլսի մէջ գործող «Wales-ArmeniaSolidarity» կազմակերպութեան նախագահ Ջոն Թորոսեանը եւ ազգութեամբ ուէյլսցի Էլիան Ուիլիամսը։

Խաչքարի բացման արարողութեան մասնակցած են Մեծ Բրիտանիոյ Թագաւորութեան Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանը, Ուէյլսի խորհրդարանի նախագահ լորտ Տաֆիտ Էլիս-Թոմասը, ՄԹ-ի մէջ հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդ սրբազան Նաթան Յովհաննիսեանը։ Միջոցառման ներկայ գտնուած են Միացեալ Թագաւոութեան տարբեր վայրերէն ժամանած շուրջ 300 հայեր, Ուէյլսի խոհրդարանի, եկեղեցւոյ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

28 Յունուար 2008-ին՝ Հոլոքոսթի օրը յուշարձանի վրայի խաչը վնասած են։ Այգիի տարածքին յայտնաբերուած է մուրճ, եւ կ՚ենթադրուի, որ անով պղծած են յուշարձանի խաչը։