«Միութիւն Եւ Յառաջադիմութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (2) using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: և → եւ (5) using AWB
 
Տող 1.
{{միացնել|Երիտասարդ Թուրքերու Կուսակցութիւն}}
 
'''Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն''' ([[թրքերէն|թուրք.]] «Ittihat ve terakki»,«իթթիհաթ վէ թերաքքի»), [[Երիտասարդ թուրքեր|երիտթուրք]]եր, թրքական քաղաքական կուսակցութիւն։ Հիմնուած է [[1889]] թ. [[մայիս 21]]-ին՝ «Օսմանեան միասնութեան ընկերութիւն» անունով։ Նպատակն էր [[1876]] թուականի Սահմանադրութեան ու խորհրդարանի վերականգնումը։ Աւելի ուշ վերանուանուած է «Միութեան և յառաջադիմութեան օսմանեան ընկերութիւն» ևեւ միացած է երիտթուրքերու [[Փարիզ]]ի խումբին։ Հիմնադիրներն էին՝ Ապտուլլահ Ճեւտէթ, Իսհակ Սիւքութին, Իպրահիմ Թեմոն, Հիլմի Թունալըն ևեւ Աքիլ Մուխթարը։ Հալածանքներու պատճառով ղեկավարները կը փախչին արտասահման։ [[1897]] թուականին կը սկսին գործել ընկերութեան [[Ժնեւ]]ի, ապա [[Գահիրէ]]ի բաժանմունքները։ Ընկերութիւնը հրատարակած է թերթեր [[Կ.Պոլիս|Կ.Պոլսոոյ]], [[Զմիւռնիա]]յի, Ժնեւի, Գահիրէի մէջ, եւ քննադատած՝ [[Ապտուլ Համիտ Բ.]]ի վարչակարգը։ [[1902]] թուականի Փարիզի համագումարին ընկերութիւնը կը պառակտուի եւ կը բաժնուի՝ 2 խումբի՝ Սապահէտտինի կողմնակիցներ ևեւ Ահմէտ Ռիզայի կողմնակիցներ։ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Դաշնակցութեան]] ներկայացուցիչ՝ Խ. Մալումեանի միջնորդութեամբ, կողմերը կը համաձայնին միաւորել իրենց ուժերը սուլթանին դէմ պայքարին մէջ։ Այդ ժամանակ [[Սալոնիկ]]ի մէջ կը գործէր Ազատութեան օսմանեան ընկերութիւնը, որ կայսրութեան ներքին գործերուն՝ եւրոպական տէրութիւններուն միջամտութիւններուն դէմ արտայայտութիւններով հանդէս եկած էր։ 1908 թուականին այս ընկերութիւնը կ'որոշէ միանալ Փարիզի ընկերութեան հետ, եւ անոր պարագլուխները կը մտեն ԿԿ կազմի մէջ։ 1908 թուականի [[յուլիսի 23]]-ի զինեալ յեղափոխութեան հետևանքովհետեւանքով իթթիհատականները կը հռչակեն սահմանադրութեան վերականգնումը։ Անկէ ետք գաղտնի ԿԿ անդամներ [[Թալեաթ փաշա|Թալեաթ]]ը, Էնվերը, Պեհաէտտին Շաքիրը, Միթհատ Շիւքրին ևեւ ուրիշներ Սալոնիկէն կը տեղափոխուին Կ. Պոլիս, շուտով անոնց գլխաւորած ընկերութիւնը կը հռչակուի քաղաքական կուսակցութիւն։ Բանթուրքիզմի մոլի ջատագովներ ըլլալով՝ անոր ղեկավարները իրենց տասնամեայ գործունդէութեան ընթացքին (1908-18) Օսմանեան կայսրութւնը երեք անգամ ներքաշած են արկածախնդրական պատերազմներու (1911 թուականին՝ Տրիպոլիտանական, 1912-13-ին՝ Պալքանեան, 1914-18-ին՝ Առաջին աշխարհամարտ) մէջ՝ նոր տարածքներ գրաւելու նպատակով։
 
[[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի|Առաջին համաշխարհային պատերազմի]] նախօրեակին եւ ընթացքին «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավարները ծրագրած եւ իրագործած են [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|հայոց ցեղասպանութիւնը]]։ Պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ պարտութենէն ետք՝ [[1918]] թուականի [[հոկտեմբերի 19]]-ին, տեղի է կ'ունենայ կուսակցութեան վերջին համագումարը, որու ընթացքին կուսակցութիւնը ինքնալուծարման կ'ենթարկէ ինքզինք եւ կը յայտարարէ նոր՝ «Թեժատտուտ» («Վերածնունդ») կուսակցութեան ստեղծումը։ Սակայն [[նոյեմբերի 2]]-ին դաշնակիցներու(Անտանտի) զօրքերը կը մտեն Կ.Պոլիս, եւ «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավարները կը փախչին արտասահման։