«Սեբաստիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: և → եւ (17) using AWB
Չ →‎Անթիկ եւ Միջին Դար: clean up, replaced: ամենէն → ամէնէն using AWB
 
Տող 15.
Ըստ ուսումնասիրութիւններու «Թօբրաքթէբէ» հաստատութիւնը կը փաստէ Հիթիթեան ներկայութիւնը Սեբաստիոյ մէջ, բայց հակառակ ասոր այդ գիտելիքը գիտցուած միակ բանն է Հռովմէական ժամանակէն: ՔԱ 64 թուականին իր [[Փոքր Ասիա|Փոքր Ասիոյ]] վերակառուցումի նպատակով ([[3-րորդ Միթրիտաթիկ Պատերազմ]]էն վերջ) [[Մեծն Պոմպէյ]]ը այդ շրջանին կառուցեց աւան մը «Մեկալաբօլիս» անունով: Դրամագիտական փաստերի համաձայն Ք.Ա. առաջին դարուն Մեկալաբօլիսը դարձաւ «Սեպասթէ», որ իգական ձեւն է Օգոստոս Կայսրի յունական վերագրուումն է: «Սիվաս»ը թրքական ձեւն է, որ վերածուած է Սեբաստիայէն, որ քաղաքը կ‘անուանուէր այսպէս հռոմէական շրջանին: Սեբաստիան դարձաւ մայրաքաղաք Փոքր Հայքի մարզին Տիօքլէթեան կայսրին գերիշխանութեան տակ: Սեբաստիան ունեցած է շատ մեծ կարեւորութիւն կանուխ Քրիստոնէական ժամանակի համար: 4-րդ դարուն Սեբաստիոյ մէջ կ‘ապրէր Սբ. Պլէյզ եւ Սբ. Պետրոս Սեբաստացի, որոնք եպիսկոպոսներն էին Սեբաստիոյ եւ Էուսթաթիուսին ով առաջին հիմնադիրներէն էր վանականութեան Փոքր Ասիոյ մէջ։ Նոյն ժամանակ Սեբաստիան այն տեղն էր, որ Քառասուն Մանկանցը կը գտնուէր: [[Ժուսթինեան Ա]] ը պատ քաշեց քաղաքի շրջապատին:
 
Սեբաստիան ամենէնամէնէն կարեւոր քաղաքներէն էր, որ 1059-ին թրքական տոհմը կողոպտեցին քաղաքը: Այդ թուականի Օգոստոս ամսուան էմիրներու շատ մը խումբեր հաւաքուեցան քաղաքը գրաւելէ առաջ: Առաջնապէս թուրքերը վարանած էին թալանել քաղաքը, կարծելով եկեղեցւոյ գմբէթները իբր զինական վրան: Վերջապէս անդրադարձան թէ քաղաքը անպաշտպան էր, քաղաքը այրեցին 8 օրուան մէջ, ջարդեցին բնակչութեան մեծամասնութիւնը եւ շատը գերի տարին։ Քաղաքը Թուրքմէն Տանիշմէնտներու իշխանութեան տակ մտաւ [[Մանազկերտ Պատերազմ]]էն (1071) վերջ 1155-1192 թուականներու միջեւ: [[Տանիշմէնտ Կազի]]ի մահէն ետք Սվասը անցաւ [[Նիզամէթթին Եաղըպասան]]ին, որ գրաւեց քաղաքը Տանիշմէնտի յաջորդներու հետ պատերազմելով: 1174-ին քաղաքը գրաւուեց Սէլջուկ արքայի կողմէ եւ ժամանակի ընթացքին Սվասը Գոնիային հետ գործեց իբրեւ մայրաքաղաք: Սէլջուկի իշխանութեան ժամանակ Սվասը շատ կարեւոր կեդրոն էր Մետաքսի Ճամբայով, Միջնաբերդ ըլլալով նաեւ մզկիթներով եւ մետրեսէներով: Վերջը Սվասը գրաւեցին [[Իլխանություն|Իլխան]]ները եւ [[Էրէթնա]]ն:
 
Քաղաքը գրաւեց Օսմանեան սուլթան [[Պայէզիտ Ա]] ը (1389-1402): 1398-ին [[Թիմուրլէնկ]]ը մտաւ Սվաս եւ 1400-ին քանդեց, որ Օսմանեան սուլթանը վերգրաւեց 1408-ին: Օսմանեան իշխանութեան տակ Սվասը գործեց իբր մարզային կեդրոն [[Րում Վիլայէթ]]ի մինչեւ 19րդ դարու վերջաւորութիւնը: Հայ Առաքելական Եկեղեցին հաստատեց 6 եկեղեցիներ որոնք են. Մարիամանա, Սբ. Մինաս, Սբ. Փրկիչ, Սբ. Յակոբ, Սբ. Գեւորգ; 4 վանքեր՝ Սբ. Նշան, Սբ. Հրեշտակապետ, Սբ. Անապետ, Սբ. Հնդրակատար; որբանոց եւ դպրոցներ: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ լատինը ունէին մէկ եկեղեցի: Կային երկու բողոքական եկեղեցիներ եւ 8 դպրոցներ (որոնք մեծամասնութամբ Ամերիկեան եւ Գերմանական): 1915-էն սկսեալ քաղաքի Քրիստոնիայ ժողովուրդը եղող հայերը (ցեղասպանութիւն) եւ յոյները ջարդուեցան:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սեբաստիա» էջէն