«Անաստաս Միկոյեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: թ․ (3) using AWB
No edit summary
Տող 45.
1919 թ. հոկտեմբերին ան կանչուեցաւ [[Մոսկուա]] եւ դարձաւ ՌԿԳԿ անդամ։ Բոլշեւիկներու կողմէն Պաքուն գրաւելէ ետք Միկոյեանը վերադարձաւ Պաքու որպէս 11-րդ բանակի ռազմայեղափոխական կոմիտէի լիազօր։ Այնուհետեւ, մինչեւ 1920 թուականը ղեկավարած է Նիժնի Նովգորոդի նահանգային կոմիտէն։
 
1926-1949 եւ 1953-1955 եղած է ԽՍՀՄ Կառավարութեան կազմին մէջ, ղեկավարելով, ըստ հերթականութեան, ԽՍՀՄ Արտաքին եւ ներքին առեւտուրի, Մատակարարման, Սննդի արդիւնաբերութեան ժողովրդական կոմիսարիաները, Արտաքին առեւտուրի, Առեւտուրի նախարարութիւնները։ 1946–1949 եւ 1953-1955 ան նաեւ ԽՍՀՄ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահի տեղակալն էր, 1957-1964 թթ՝ առաջին տեղակալը։
 
Անաստաս Միկոյեանի անուան հետ է կապուած ԽՍՀՄ սննդի արդիւնաբերութեան ծաւալումը։ Դեռեւս 1931 թ., հանդիսանալով ԽՍՀՄ Սննդի արդիւնաբերութեան ժողովրդական կոմիսար, Անաստաս Միկոյեանը ԽՍՀՄ կառավարութեանը ներկայացուց Խորհրդային սննդի արդիւնաբերութեան զարգացման համալիր ծրագիր։ [[1936]] թ. Միկոյեանը իր կնոջ՝ Աշխէնի հետ երկու ամիս այցով գտնուեցաւ [[ԱՄՆ]]-ի մէջ (ԽՍՀՄ պատմութեան մէջ կառավարութեան գործող անդամի ամենաերկարատեւ արտաքին ուղեւորութիւնն էր), որուն ընթացքին հիմնաւորապէս ուսումնասիրեց ամերիկեան սննդի արդիւնաբերութիւնը, մեծ ծաւալի տեխնիկական գնումներ կատարուեցան, որոնք նպաստեցին Խորհրդային սննդի արդիւնաբերութեան վերազինմանը։ Միկոյեանի շնորհիւ ԽՍՀՄ-ի մէջ սկսաւ պաղպաղակներու արտադրութիւնը։ Մինչեւ իր պաշտօնավարման վերջը Անաստաս Միկոյեանը անձնական հսկողութեան տակ կը պահէր պաղպաղակի որակը։
 
1962 աշխոյժօրէն մասնակցած է [[Կարիբեան ճգնաժամ]]ի կարգաւորմանը, անձամբ բանակցելով [[Ջոն Քէնեդի|ջոն Քէնեդու]] եւ [[Ֆիդէլ Կաստրոյ]]յի հետ։ Այդ ընթացքին Մոսկուայի մէջ մահացաւ անոր կինը։ Նոյեմբեր 1963 թուականին ան կը ներկայացնէր ԽՍՀՄ ղեկավարութիւնը Ջոն Քէնեդիի թաղման արարողութեանը։
 
1964 15 Յուլիս 1965 թուականէն․ 9 դեկտեմբեր, ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահն էր։ Այնուհետեւ մինչեւ 1974 ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի անդամ էր։
 
Անոր անունով կը կոչուի Մոսկուայի միսկոմբինատը<ref>[http://www.mikoyan.ru/ «միկոյանիէ միսկոմբինատի պաշտօնական կայքէջը]</ref>: