«Անոնք Կը Վաճառեն Նոյնիսկ Անձրեւը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Թեմա: clean up, replaced: չնայած → հակառակ using AWB
Տող 34.
Սեպաստիանը կ՛ընտրէ տեղաբնակներէն մէկուն՝ Դանիէլ անունով, Ատուէի՝ Տաինոյի առաջնորդի դերի համար, որ կը ղեկավարէր ապստամբութիւնը ընդդէմ եւրոպացիներուն։ Անոր աղջիկ Պելէնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղար ֆիլմին մէջ։ Սեպաստիանը չէր գիտեր այն մասին, որ Դանիէլը ցոյցի դուրս կու գար ընդդէմ ջուրերու սեփականաշնորհման, որու համար տեղական կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած էր։
 
Նկարահանումները կը սկսին առանց միջադէպերու, չնայածհակառակ դերակատար Անթօնի հարբեցողութեան, որ Կոլումպոսի դերակատարն էր։ Կոստան կը սկսի անհանգստանալ, երբ կը տեսնէ, որ Դանիէլը կը մասնակցի ցոյցերուն եւ կը խնդրէ անոր դադրեցնել այդ մինչեւ նկարահանման աւարտը։ Դանիէլը կը ձեւացնէ, թէ համաձայն է Կոստի հետ, բայց, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ մասնակցիլ ցոյցերուն եւ ոստիկանութեան հետ բախման արդիւնքով դէմքին վէրքեր կը յայտնուին։ Անկէ ետք Կոստան կ'առաջարկէ Դանիէլին քանի մը հազար տոլար, որպէսզի դադարեցնէ մասնակցիլը ցոյցերուն։ Դանիէլը կ՛ընդունի փողերը, բայց չի հրաժարիր ցոյցերուն մասնակցելէ եւ բանտ կ՛իյնայ։ Սեպաստիանը կը սկսի տարակուսիլ, թէ կը յաջողին արդեօք ֆիլմը աւարտի հասցնել։ Բայց Կոստան կը համոզէ անոր շարունակել եւ կը կաշառէ ոստիկանութեան, որ Դանիէլին ազատ արձակեն ֆիլմի առանցքային տեսարաններու նկարահանման ժամանակ։ Նկարահանումները աւարտելէ ետք ոստիկանութիւնը կը ժամանէ եւ կը փորձէ ձերբակալել Դանիէլին, զանգուածային տեսարանի ներկայացուցիչները կը շրջապատեն ոստիկանութեան եւ Դանիէլ կը յաջողի փախչիլ։
 
Ճիշդ այդ երեկոյեան նորութիւններով կը հաղորդեն, որ Կոչապամպի մէջ ոստիկանութեան հետ բախման ժամանակ բռնութիւն կը գործադրուի։ Այդ տեսնելով՝ դերասաններ Խուանը եւ Ալպերթօն կ՛որոշեն տուն երթալ, սակայն Սեպաստիանը կը համոզէ անոնց մնալ։