«Հայկական Տաւրոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 6.
Հայկական Տաւրոսին մակերեւոյթը մասնատուած է [[Եփրատ գետ|Եփրատի]], [[Տիգրիս (գետ)|Տիգրիսի]] եւ իրենց վտակներուն հովիտներով։ Իրենցմէ քանի մը հատը միջանցիկ կիրճեր են, որոնցմով Հայկական Տաւրոսը կը բաժնուի 3 մասերու. Կիլիկիոյ եւ Եփրատի կիրճերուն միջեւ, միջին՝ մինչեւ [[Պիթլիս|Պիթլիսի]] կիրճը եւ արեւելեան՝ մինչեւ Բոհտանի կիրճը։
 
Հայկական Տաւրոսին արեւելեան մասին առանձին լեռնաճիւղերը կը տարածուին դէպի [[Վանայ լիճ]], հասնելով [[ՎարագասարՎարագայ լեռ]]՝ կը տրոհուին առանձին լեռնազանգուածներու եւ կը ձուլուին Հայոց ձորի հովիտին բլուրային տարածքին։
 
Հայկական Տաւրոսին բուռն ծալքաւորուած փալիոզոյեան (Paleozoic) եւ մեսոզոյեան (Mesozoic) կրաքարերու եւ թերթաքարերու դէպի հարաւ շրջուած թեփուկներով եւ վրաշարժային կառուցուածքով լեռնային համակարգ մըն է, բարդացած նոր կերտուած կամարաձեւ բարձրացումներով եւ բարձրակողմանի խզումներով։ Պիթլիսի շրջանին մէջ նստուածքային շերտերը ճեղքուած են եւ ներարկուած օձաքարային հզօր զանգուածներով։ Հիւսիսային լանջը ենթարկուած է հզօր խորքային բեկուածքի մը, որուն ուղղութեամբ կ'երկարի [[Խարբերդ|Խարբերդի]], [[Բալու (քաղաք)|Բալուի]], [[Մուշ|Մուշի]] եւ Վանայ լիճի իջուածքային գոգաւորութիւններու գօտին։ Յաճախակի են բարձրաքանդակային ձեւերը, բնորոշ կառային դաշտերով։ Կան ստորերկրեայ քարանձաւներ։