«Վազգէն Շուշանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
→‎Կենսագրութիւն: Լեզուական խմբագրութիւն։
Տող 4.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Արեւելեան [[Թրակիա|Թրակիոյ]]՝ Ռոտոսթօ՝ Եւրոպականեւրոպական Թուրքիոյ երբեմնի հայահոծ Ռոտոսթօ քաղաքին մէջ։ 1915-ի Եղեռնին կը կորսնցնէ ընտանիքին բոլոր անդամները ու կը մնայ որբ։ Կ'ապաստանի [[Հալէպ]], իսկ 1919-ին, զինադադարէն ետք, կ'անցնի Պոլիս եւ կը յաճախէ Արմաշի երկրագործական վարժարանը։ 1920-ին, երբ վարժարանը կը փոխադրուի [[Հայաստան]], ինք եւս կը մեկնի հայրենիք։ [[Երեւան]] ու շրջանները որոշ ժամանակ ապրելէ ետք, դէպքերու վերիվայրումին հետ կ'անցնի [[Թիֆլիս]], [[Պաթում]] ու աւելի հեռու։
 
Հանրապետութեան անկումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուրկէ 1922-ին կ'անցնի [[Ֆրանսա]], իբրեւ հասարակ բանուոր աշխատելու համար Ռընոյի եւ ապա Մոնրուժի գործարաններուն մէջ։ Կ'աւարտէ Մարսէյլի երկրագործական վարժարանը (1926), ապա գործի բերումով կայք կը հաստատէ Ֆրանսայի զանազան շրջաններուն, յատկապէս [[Փարիզ]]ի եւ [[Մարսէյլ|Մարսէյլի]] մէջ։
Տող 10.
Կը վկայուի Մարսէյլի համալսարանէն, բայց կանգ չ'առներ ուսումնառութեան ճամբու կէսին: Բարձրագոյն ուսման կը հետեւի Փարիզի համալսարանին մէջ, ուրկէ 1930-ին կը վկայուի հասարակական գիտութեանց մէջ:
== Գրական վաստակ ==
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդին օտար ափերու վրայ վերաշխուժացման այդ դժուարին շրջանին, Շուշանեան հրապարակագիրը ի յայտ կու գայ իր ամբողջ խորութեամբ եւ քննադատական տարերքով։ Հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու համաստեղութեան մէջ իր արժանի տեղը կը նուաճէ իբրեւ տաղանդաւոր այն արձակագիրն ու հրապարակագիրը, որ կը մարմնաւորէ մեր ժամանակներու Առաջին սփիւռքահայու կերպարը `ամբողջական հայու հաւատարմութեամբ, թէ՛ իր հասարակական կեանքով եւ թէ՛ մանաւանդ իր գրական վաստակով: Շուշանեան եւ [[Շահան Շահնուր]] կը մնան Փարիզի տղոց ամէնէն աչքառու ու ամէնէն իրաւ մտաւորականները միանգամայն: Անոնց գծած ճանապարհը սփիւռքեան գրականութեան նոր արահետ մը կը բանայ:
 
Գրած է ու մամուլիհրատարակած մէջ հրատարակածէ պատանի տարիքէն, հանդէս եկած է նախ՝ բանաստեղծութիւններովբանաստեղծութիւններ, ապա՝ գրեթէ միայն արձակով։արձակ։ 1925-ին լոյս տեսած է իր առաջին վէպը, որուն յաջորդած են, մեծ մասամբ մամուլի մէջ ու երբեմն միայն առանձին հատորով, ուրիշ արձակ գործեր՝ վէպ ու վիպակ, քնարական-ինքնակենսագրական կամ խորհրդածական-տպաւորապաշտ էջեր, որոնք յաճախ տէր են գեղարուեստական-գաղափարական անվիճելի գեղեցկութեանգեղեցկութիւն ու թափի։թափ ունին։
[[Պատկեր:ՄԵՆՔ պարբերաթերթի կողք.jpg|մինի|«ՄԵՆՔ» պարբերաթերթին կողքը]]
1931-ին Փարիզի մէջ կը ստեղծուի «Մենք» գրական պարբերաթերթը, որ արեւմտահայ գրականութեան շարունակութիւն մը կ'ուզէր ապահովել, բայց նաեւ կոչ կ'ուղղէր անցեալէն խզուելու։ Ասիկա շարժում մը պիտի հանդիսանար՝ արեւմտահայ գրականութեան վերջին լայնածիր փորձը ժամանակակից գրողները համախմբելու միեւնոյն գաղափարախօսութեան մը տակ։ Պարբերաթերթին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 20 Ապրիլին, առաջին էջին վրայ մատուցելով յայտարարութիւն մը՝ տասնհինգ գրողներու ստորագրութեամբ ([[Նշան Պէշիկթաշլեան]], Ղեւոնդ Մելոյեան, Հրաչ Սարգիսեան, [[Ռաֆայէլ Զարդարեան]], Յարութիւն Ֆրէնկեան, Ոստանիկ, Գ. Գեղարքունի, [[Նիկողոս Սարաֆեան]], [[Բիւզանդ Թոփալեան]], [[Փայլակ Միքայէլեան]], [[Արշամ Տատրեան]], [[Զարեհ Որբունի]], [[Շահան Շահնուր]], Վազգէն Շուշանեան, [[Շաւարշ Նարդունի]]): «Մենք»ի հինգ թիւերուն մէջ հանդէս կու գան երիտասարդ գրողները իրենց քննադատական յօդուածներով, կարծիքներով ու գրական ստեղծագործութիւններով<ref>{{cite web | url=http://asbarez.com/arm/47737/ | title=«Մենք» Խմբաւորումը Եւ Սփիւռքահայ Գրականութեան Սկզբնաւորութիւնը}}</ref>:
 
== Շուշանեան յեղափոխականը ==
Շուշանեան [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|ՀՅԴ]] [[Ֆրանսա]]յի կազմակերպութեան աշխուժ գործիչներէն դարձած է, ուսանող տարիքին իսկ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընտրուելով։ 1925-ին, միացած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «[[Դրօշակ (թերթ)|Դրօշակ]]»<nowiki/>ի խմբագրութեան, որ հրատարակութեան իր երկրորդ շրջանը կը սկսէր Փարիզի մէջ` [[Սիմոն Վրացեան]]ի խմբագրապետութեամբ, իբրեւ օգնական խմբագիրներ եւունենալով [[Շաւարշ Միսաքեան|Շաւարշ Միսաքեանն]]ի ու Վազգէն Շուշանեանի իբրեւ օգնական խմբագիրի աշխատակցութեամբՇուշանեանը: Յատկապէս ընկերվարական շարժման վերաշխուժացման զուգադիպած այդ ժամանակաշրջանին, Շուշանեան կը ներկայացնէ «Դրօշակ»ն ու Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Ընկերվար միջազգայնականինՄիջազգայնականին մօտ:
Յառաջանալով ինքնահաստատման երեք ուղղութիւններու` գրական ստեղծագործութեան, ընկերային-գաղափարական հրապարակագրութեան եւ ՀՅԴ կազմակերպչական աշխուժ գործունէութեան ճակատներուն վրայ, Շուշանեան նոյնքան խստապահանջ դարձած է ե՛ւ իր անձէն, ե՛ւ իր մտաւորական ու կուսակցական շրջապատէն:
Շուշանեան դարձած է առաջին սփիռքահայերէն, որ զոհ գացած է խորհրդային իշխանութեանց շղթայազերծած հակադաշնակցական պայքարին, «Մարտկոցական» շարժումի օրերուն (1932-1933)։ Կեանքին վերջին տարիներուն, Շուշանեան լրիւ քաշուած է ազգային-հասարակական գործունէութենէ: Ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է Ֆրանսայի կորսուած մէկ շրջանին մէջ, ապրելով ծայր աստիճան թշուառ պայմաններու տակ, բայց շարունակած է ստեղծագործել:
 
[[Թոքատապ]]ի անակնկալ սաստկացումը, 2 Յունիս 1941-ին, մահացու կ'ըլլայ Վազգէն ՇուշանեանինՇուշանեանի համար: Մահուան յաջորդող հինգ տարիներուն Շուշանեան թաղուած է Փարիզի արուարձաններէն՝ Պանէոյի գերեզմանատան մէջ։ Սակայն, հինգ տարուան ժամկէտը լրանալէ ետք, պայմանագիրը չէ նորոգուած եւ Շուշանեանի աճիւնը թաղուած է անյայտ հաւաքական գերեզմանի մը մէջ։ Պանէոյի գերեզմանատան մատեաններու ցանկին մէջ տակաւին նշուած է Շուշանեանի թաղման առաջին վայրը: Վաղահաս մահուան պատճառով, անոր գործերուն մէկ մասը մամուլի մէջ ցրուած մնացած է, որոշ գործեր ալ՝ մասամբ կամ լրիւ անտիպ։
 
====== Շուշանեանի տածած սէրը՝ Հայոց լեզուին հանդէպ ======