«Աթէնքի Բազմարուեստարանի Համալսարանի Ապստամբութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 3.
 
== Հակիրճ պատմական տեղեկութիւններ ==
[[21 Ապրիլ]] [[1967 թուական|1967-]]<nowiki/>ի զինուորական հարուածէն ետք, Յունաստանի բռնատիրական վարչակարգը երկիրը կը ղեկավարէ ռազմական օրէնքի դրութեամբ, գրաքննութեամբ եւ առանց վճիռի անսանձ ձերբակալումներու։  Նաեւ, կ՛ արգիլէ համալսարաններէն ներս ուսանողական ընտրութիւնները, ուսանողական միութիւններուն մէջ կը նշանակէ իրեն հակած ղեկավարներ որոնք ընտրուած չեն եւ զինակոչի կը հրաւիրէ իրենց ուսումը չաւարտած ուսանողներ։  Այս բոլոր կարգամիջոցները ընդիմութեան եւ բողոքի ալիք կ՛ առաջացնեն։  
 
1960-ի տասնամեակին երիտասարդական զանազան շարժումները եւ մանաւանդ [[1968 թուական|1968]]-ի Փարիզի Մայիսեան իրադարձութիւնները (Մայիս ՛68) կ՛ազդեն յոյն ուսանողներուն վրայ։
Տող 11.
[[5 Փետրուար|5 Փետրուարին]], Բազմարուեստարանի ուսանողները կ՛ որոշեն դասարան չմտնել։ 
 
[[13 Փետրուար|13 Փետրուարին]], Բազմարուեստարանի շրջափակին մէջ ուսանողները բողոքի ցոյց կը կատարեն։  Զինուորական վարչակարգը անտեսելով համալսարանական ապաստանը, ոստիկանութեան միջամտել կը հրամայէ։ 11 ուսանողներ կը ձերբակալուին եւ դատի կը քշուին։  Հետեւանքն է [[Աթէնք|Աթէնքի]] Իրաւաբանական Համալսարանի 4 000 ուսանողները գրաւեն իրենց ուսումնարանի շէնքը (Աթէնքի կեդրոն, Սոլոնոս բողոցփողոց)․ անոնք կը պահանջեն 1347 օրէնքի վերացումը եւ յետս կոչել 88 ուսանողներու պարտադրուած զինակոչը։  Ոստիկանութիւնը համալսարան ներխուժելու հրաման կը ստանայ․ բազմաթիւ ուսանողներ շուրջի բողոցներունփողոցներուն մէջ կը հալածուին։
 
== Բազմարուեստարանի եղելութիւնները ==
Տող 23.
Աթէնքի ուրիշ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ բռնատիրութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կը կատարուին։
 
Քանի մը մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ իրենցուսանողներուն կողքին կը գտնուին, ինչպէս օրինակ [[Նիքոս Քսիլուրիս]], որ ուսանողներուն հետ համալսարանի ցանկապատէն ներս կ՛ երգէ «Երբ երկինքը պայծառ պիտի ըլլայ» (Πότε θα κάνει ξαστεριά)<ref>[https://www.youtube.com/watch?v=nzSjGLAVQpY&ab_channel=SmileLikeYouMeanIt88 «Երբ երկինքը պիտի մաքրուի» (Πότε θα κάνει ξαστεριά)]</ref> եւ «Թշնամիները քաղաք մտան» (Μπήκαν στην πόλη οι οχτροί)<ref>[https://www.youtube.com/watch?v=Ri4PDOF_KxM&ab_channel=copernikos1 «Թշնամիները քաղաք մտան» (Μπήκαν στην πόλη οι οχτροί)]</ref> կրետական աւանդական երգերը։ Ուրիշներ ալ ոստիկանութեան մօտ կը միջամտեն, որպէսզի ուսանողները առանց պատժական միոցառումներու ապահով լքեն համալսարանը։
 
=== Բանակի ռազմակառքերու ներխուժումը համալսարան ===
Տող 40.
== Հետեւանք – Արձագանգ ==
[[Պատկեր:Polytexneio.jpg|մինի|Բազմարուեստարանի զոհերու յուշարձանը, զետեղուած Տրամա քաղաքի (հիւսիսային Յունաստան) հանրային պուրակին մէջ]]
Բազմարուեստարանի անզէն ուսանողներու ըմբոստութեան արիւնարբու ճնշումը, միջազգային անդրադարձըանդրադարձ կ՛ ունենայ։
 
[[1981 թուական|1981]]-էն ետք, Բազմարուեստարանի ուսանողներու ապստամբութիւնը պաշտօնապէս կը յիշատակուի [[17 Նոյեմբեր|17 Նոյեմբերին]]։  Այդ օրը Յունաստանի բոլոր դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ յատուկ միջոցառումներ տեղի կ՛ ունենան։ Եղելութիւններուն յիշատակման կեդրոնական ձեռնարկը տեղի կ՛ ունենայ Բազմարուեստարանի Համալսարանի շրջափակին մէջ, իսկ համալսարանը կը փակուի [[15 Նոյեմբեր|15 Նոյեմբերին]], յիշատակելով շէնքին գրաւումը ուսանողներէն 1973-ին։