«Քսենոֆոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ |վարած պաշտօններ=զօրավար|երեխաներ=Ղրիլոս}}
'''Քսենոֆոն''' (հին յունարէն՝ Ξενοφῶν), հին յոյն գրող, պատմիչ, զօրավար եւ քաղաքական գործիչ։ Անոր գրական ստեղծագործութիւններէն նշանաւոր են «Անաբասիս» եւ «Կիւրոփետիա» (Կիւրոսի դաստիարակութիւնը) գործերը, որոնք, ի թիւս այլ արժանիքներու, եզակի տեղեկութիւններ կը պարունակեն [[Հայաստան|Հայաստանի]] Ք.Ա. 6-րդ- 4-րդ դարերու պատմութեան վերաբերեալ (երկու գործերն ալ թարգմանուած են հայերէն Սիմոն Կրկյաշարեանի կողմէ)։
 
== Կենսագրութիւն ==
[[Պատկեր:Raffael 069.jpg|մինի|[[Սոկրատ|Սոկրատես]] եւ երիտասարդ Քսենոֆոն (հատուած [[Ռաֆայել Սանտի|Ռաֆայէլի]] «Աթենական դպրոց» որմնանկարէն)]]
Քսենոֆոնի ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է, գիտնականներու մեծամասնութեան կարծիքով ան ծնած է Ք.Ա. 431-ին [[Աթէնք|Աթէնքի]] մօտ գտնուող փոքրԷրհիա քաղաքի(այսօրուան Սփաթա) փոքր մըքաղաքին մէջ։ Սերած է ազնուական ընտանիքէ։ Երիտասարդ տարիներուն ան մասնակցած է Կիւրոս Կրտսերի կողմէ իր անդրանիկ եղբօր՝ [[Աքեմենեան Պարսկաստան|Աքեմենեան Պարսկաստանի]] թագաւոր Արտաքսերքսես Բ.-ի դէմ կատարած արշաւանքին, որ տեղի ունեցած է Ք.Ա. 401-400-ին։ Քսենոֆոն կը գրէ, որ երբ խորհուրդ հարցուցած է [[Սոկրատ|Սոկրատեսէն]]՝ արդեօք կ'արժէ՞ ընդունիլ Կիւրոսի առաջարկը եւ մասնակցիլ այդ արշաւանքին, Սոկրատես անոր խորհուրդ տուած է դիմել Տելֆիի Ափոլլօ տաճարի քահանայապետուհիին՝ Փեթիային, իսկ վերջինս ալ անոր տուած է հետեւեալ պատասխանը.
{{քաղվածք||Ընտրէ՛. թէ ո՛ր աստուծոյ կ'ուզես աղօթել, եւ զոհաբերութիւն ըրէ այն բանին համար, որ կ'ուզես յաջողութեամբ աւարտի։}}
[[Պատկեր:Xenophon statue - Vienna.jpg|ձախից|մինի|Քսենոֆոնի արձանը՝ Վիեննայի մէջ]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քսենոֆոն» էջէն