«Ջերմոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «մինի|Լոլիկի աճեցման ջերմոց, Հայստան, Ապրիլ 2015 '''Ջերմոց''' (կամ ջերմանոց)․ արուեստական կառոյց մըն է ուր՝ անկախ տարուան եղանակէն, տարբեր  բոյսեր, պտուղներ, բանջարեղէններ կ՛աճին։  == Հակիրճ տեղեկութիւններ == Ջերմոցը կը կառուցուի բացօթեայ տարածութ...»:
 
Տող 5.
Ջերմոցը կը կառուցուի բացօթեայ տարածութեան մը վրայ։  Անոր կառուցումը կախեալ է տեղական կլիմայական պայմաններէն՝ մանաւանդ ձմեռուան ամիսներուն եւ նաեւ մշակուած բոյսին տեսակէն։  Ան կը ծածկուի լուսաթափանց նիւթերով՝ մանրաթելերով, ապակիով եւ կամ կերպնկալով։
 
Կառուցման ձեւը երկրէ երկիր կը տարբերի։ Հիւսիսային երկիրներուն ջերմոցները ապակեայ են եւ նոյնիսկ կրկնապակեայ եւ անոնցմէ շատեր երկյարկանի են․ ջեռուցիչ կը գործածուի, որպէսզի օդը տաքցուի։  Իսկ հարաւային շրջաններու մէջ, ինչպէս օրինակ [[Յունաստան|Յունաստանի]] Մեսինիա ([[Պելոպոնես]]) կամ [[Կրետէ]],  ջերմոցներուն կառուցումը թեթեւ է՝ փայտեայ եւ կամ բարակ երկաթաթելերու վրայ կերպնկալով ծածկուած, եւ ջեռուցիչ չի գործածուիր։
 
Արտադրութեան նպատակներով ջերմոցներու կողքին, կան նաեւ զբօսնելու ջերմոց-պարտէզներ, իւրաքանչիւրը ուրոյն ճարտարապետական ոճով։
Տող 13.
Հին տարիներէն մարդիկ փորձած են բոյսեր աճեցնել տարբեր եղանակներու ընթացքին ալ։  Հռոմէացի Թիպերիուս կայսրը ամէն օր վարունգ կ՛ ուտէր․ պարտիզպանները արուեստական միջոցներ որոնած էին, հար ու նմար ջերմոցներու, որպէսզի տարուան բոլոր եղանակներուն գոհացնեն իրենց կայսրին ախորժակը։
 
Տաքցուած ջերմոցներու առաջին նկարագրութիւնը մեզի հասած է Սանկա Եորոքիէն՝ [[Քորէա|Քորէայի]] Չոսոն կամ Ճոսոն հարստութեան արքունիքի բժիշկ, 1450-ական թուականներուն։  [[Չոսոն Հարստութեան Տարեգիրք|Չոսոն Հարստութեան Տարեգիրքը]] կը հաստատէ թէ ջերմոցանման կառոյցները «օնտոլ»ի (''ondol'') միջոցով կը տաքցնէին, որպէսզի մանտարին մշակեն, 1438-ի ձմեռը։
[[Պատկեր:Bachman greenhouse.jpg|մինի|Վարունգներու աճման ջերմոց, Ռիկֆիրթ, Մինեսոդա, Ա․Մ․Ն․, 1910]]
[[Եւրոպա|Եւրոպայի]] մէջ առաջին ջեռմոցը Կեդրոնական Եւրոպայի [[Պոհեմիա|Պոհեմիոյ]] պատմական տարածքներուն վրայ ([[Չեխիա]]) կը յայտնուի մօտաւորապէս [[1680 թուական|1680]]-ին։  Հոն խոլորձիայ կը մշակեն։  [[1750 թուական|1750]]-ական թուականներուն, [[Լիխթընշթայն|Լիխթընշթայնի]] Իշխանը հարաւային Չեխիոյ Լետնիչէ (''Lednice'') քաղաքին մէջ կառուցել կու տայ Եւրոպայի առաջին մեծ ջերմոցները որոնց օդը կը տաքցնէին։
 
[[1980 թուական|1980]]-ական թուականներուն, հարաւային Ամերիկայի լեռնային շրջաններուն մէջ կը տարածուին ընդյատակեայ բանջարեղէնի արտադրութեան ջերմոցները։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ջերմոց» էջէն