«Քսենոֆոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ |վարած պաշտօններ=զօրավար|երեխաներ=Ղրիլոս|մահուան վայրը=Կորնթոս}}
'''ՔսենոփոնՔսենոֆոն''' (հին յունարէն՝ Ξενοφῶν), հին յոյն գրող, պատմիչ, զօրավար եւ քաղաքական գործիչ։ Անոր գրական ստեղծագործութիւններէն նշանաւոր են «ԱնապասիսԱնաբասիս» (բառացի կը հնչուի Անավասիս) եւ «Կիւրոփետիա» (Կիւրոսի դաստիարակութիւնը) գործերը, որոնք, ի թիւս այլ արժանիքներու, եզակի տեղեկութիւններ կը պարունակեն [[Հայաստան|Հայաստանի]] Ք.Ա. 6-րդ- 4-րդ դարերու պատմութեան վերաբերեալ (երկու գործերն ալ թարգմանուած են հայերէն Սիմոն Կրկեաշարեանի կողմէ)։
 
== Կենսագրութիւն ==
[[Պատկեր:Raffael 069.jpg|մինի|[[Սոկրատ]] եւ երիտասարդ ՔսենոփոնՔսենոֆոն (հատուած [[Ռաֆայել Սանտի|Ռաֆայէլի]] «Աթենական դպրոց» որմնանկարէն)]]
ՔսենոփոնիՔսենոֆոնի ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է, գիտնականներու մեծամասնութեան կարծիքով ան ծնած է Ք.Ա. 431-ին [[Աթէնք|Աթէնքի]] մօտհիւսիս-արեւելքը գտնուող Էրհիա (այսօրուան Սփաթա) փոքր քաղաքին մէջ։ Սերած է ազնուական ընտանիքէ։ Երիտասարդ տարիներուն ան մասնակցած է Կիւրոս Կրտսերի կողմէ իր անդրանիկ եղբօր՝ [[Աքեմենեան Պարսկաստան|Աքեմենեան Պարսկաստանի]] թագաւոր Արտաքսերքսես Բ.-ի դէմ կատարած արշաւանքին, որ տեղի ունեցած է Ք.Ա. 401-400-ին։ Քսենոփոն կը գրէ, որ երբ խորհուրդ հարցուցած է [[Սոկրատ|Սոկրատի]]՝ արդեօք կ'արժէ՞ ընդունիլ Կիւրոսի առաջարկը եւ մասնակցիլ այդ արշաւանքին, Սոկրատես անոր խորհուրդ տուած է դիմել Տելֆիի Ափոլլոնասի տաճարի քահանայապետուհիին՝ Փիթիային, իսկ վերջինս ալ անոր տուած է հետեւեալ պատասխանը.
{{քաղվածք||Ընտրէ՛. թէ ո՛ր աստուծոյ կ'ուզես աղօթել, եւ զոհաբերութիւն ըրէ այն բանին համար, որ կ'ուզես յաջողութեամբ աւարտի։}}
[[Պատկեր:Xenophon statue - Vienna.jpg|ձախից|մինի|Քսենոֆոնի արձանը՝ Վիեննայի մէջ]]
== Գործերը ==
ՔսենոփոնՔսենոֆոն նշանաւոր է իր «ԱնապասիսԱնաբասիս» «''Նահանջ Բիւրոց''» (յունարէն՝ ''Ἀνάβασις'') գործով, որ պատմա-յուշագրական երկ մըն է եւ բաղկացած է եօթ գիրքերէ, որոնց մէջ նկարագրուած է Ք.Ա. 401-ին գահատենչ Կիւրոս Կրտսերին վարձկան ուժերուն՝ 10 հազար յոյներու անյաջող արշաւանքը Աքեմենեան թագաւոր Արտաքսերքսես Բ.-ի դէմ եւ Կունաքսայի (Միջագետք) ճակատամարտին պարտուելէ ետք, անոնց նահանջը Հայաստանի ճամբով դէպի [[Սեւ Ծով|Սեւ ծով]]։ Հեղինակը մասնակցած է արշաւանքին ու նահանջին (յոյն զօրավարներու նենգաբար սպաննութենէն ետք, ան նահանջող զօրքին հրամանատարն էր)։ Անաբասիսը արժանահաւատ եւ անփոխարինելի սկզբնաղբիւր է յատկապէս Հայաստանի հնագոյն պատմութեան ուսումնասիրման համար։ Անապասիսի մէջ արծարծուած է Ք.Ա. 5-4-րդ դարերուն Հայաստանի քաղաքական-տնտեսական կեանքին մասին։
 
ՔսենոփոնՔսենոֆոն, [[Թուկիդիդես|Թուկիդիդեսի]] երկրպագուն ըլլալով, յանձն կ'առնէ շարունակել անոր՝ Պելոպոնեսեան պատերազմին նուիրուած անաւարտ «Պատմութիւնը»։ ՔսենոփոնՔսենոֆոն ատիկա կը կատարէ «Յունաստանի պատմութիւն» գործին՝ «Հելլենականք» մասին մէջ, որ ունի պատմական մեծ նշանակութիւն։ Այս գործը կը սկսի «Այս դէպքերէն ետք» բառերով։ Երկը կը ներկայացնէ Պելոպոնեսեան պատերազմին վերջին եօթ տարիները։
 
Գրած է նաեւ «Յիշողութիւններ Սոկրատի մասին» երկը, ուր շարադրած է Սոկրատի փիլիսոփայական հայեացքները՝ իր պատկերացումով, «Խնճոյք» գործը՝ իբրեւ նախորդին լրացում, «Սոկրատի պաշտպանականը» փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական քաղաքական եւ գործնական բնոյթի այլ գործեր։ Քսենոֆոն շատ կը սիրէր իր հայրենի Աթէնքը, սակայն չէր ընդուներ անոր քաղաքական կարգը։
 
Աւելի ուշ ՔսենոփոնՔսենոֆոն արտաքսուած է Աթէնքէն, հաւանաբար այն պատճառով, որ մասնակցած էր սպարտացի թագաւոր Ագեսիլայոս Բ.-ի՝ Քորոնիոյ մէջ (Koroneia) Աթէնքի դէմ կատարած արշաւանքին։ Քսենոփոնի մահուան թուականը եւ վայրը ստոյգ չեն։ Ան մահացած է կա´մ Կորնթոսի, կա´մ Աթէնքի մէջ։ Ընդունուած է, որ ան մահացած է Ք.Ա. 354-ին կամ 355-ին։
 
ՔսենոփոնՔսենոֆոն նաեւ գրած է տարբեր նիւթերով մանր գործեր («Լակեդեմոնեան պոլիտեա», «Տնտեսութեան մասին», «Սոկրատական գործեր»)։ ՔսենոփոնիՔսենոֆոնի գործերը, յատկապէս «ԱնապասիսըԱնաբասիսը», առաւելապես կ'ընթերցուին յունարէնի սկսնակ ուսումնասիրողներու կողմէ։
 
==== Քսենոփոն՝Քսենոֆոն՝ Հայաստանի մասին ====
ՔսենոփոնՔսենոֆոն անցած է հայկական գիւղերէն եւ իր «Անաբասիս» կամ «10 հազարի նահանջ» գործով ձգած է շարք մը վկայութիւններ Հայաստանի գիւղերուն մասին, որոնցմէ կարելի է տեղեկանալ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ այդ օրերուն գարեջուր պատրաստած են․
{{քաղուածք|Հոս կային նաեւ ցորեն եւ գարի, ինչպէս նաեւ խառնոցներու մէջ գարիէն պատրաստուած գինի, որուն երեսին կը լողային գարիի հատիկներ. խառնոցներուն մէջ կային նաեւ եղէգներ՝ մեծ ու փոքր։ Խմելու պարագային, մարդ պէտք էր այդ եղէգին ծայրը բերանը դնէր եւ խմէր։ Համը այնքան դառն էր, որ եթէ ջուր չխառնէին, կարելի չէր խմել, իսկ վարժ մարդու համար շատ ախորժելի ըմպելի մըն էր:|<ref>[https://tondrak.am/armenia-is-a-beer-country/ Քսենոֆոն՝ Հայաստանի մասին]</ref>}}
 
Հին հայկական գիւղական համայնքին մասին մէկ-երկու ուղղակի, բայց մեծ մասամբ անուղղակի վկայութիւններ ալ ձգած է ՔսենոփոնՔսենոֆոն: Ան Հայասատնը կոչած է «մեծ ու բարեկեցիկ» երկիր: Այս «մեծ ու բարեկեցիկ» երկիրին բնակչութիւնը նստակեաց էր. կը զբաղէր ոչ միայն երկրագործութեամբ, այլեւ այգեգործութեամբ, կը մշակէր մշակաբոյսեր:
 
Արմէն-հայերը կը ցանէին ցորեն, գարի եւ այլ հացաբոյսեր: Կը մշակէին այգիներ, բանջարանոցներ, կը ստանային խաղող, սեխ, ձմերուկ, կորիզաւոր բազմատեսակ պտուղներ: Այգեգործութեան իբրեւ արդիւնք կը ստանային անուշահոտ գինիներ, օղի, ոգելից այլ խմիչքներ, կը պատրաստէին չամիչ, ունէին ամէն տեսակի ընդեղէններ, կը մշակէին շուշմայ, ձիթապտուղ, խոզի ճարպ եւ դառն նուշի իւղեր:
 
Ունէին ընտանի անասուններ՝ եզներ, կովեր, ձիեր, ոչխարներ, այծեր եւ թռչուններ: ՔսենոփոնՔսենոֆոն գրած է, որ հայերը (Ք.Ա. 570-72) ունէին 8 հազար հաշուող այրուձի` ձիաւոր ռազմիկ<ref>{{Cite web|url=https://www.aztagdaily.com/archives/403155|title=Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները (Ա.)|date=|website=|language=|accessdate=}}</ref>:
 
Արմէններուն մեծ մասը կ'ապրէր գիւղերուն մէջ: Իւրաքանչիւր գիւղ ունէր իր գիւղապետը: Գիւղապետը միւս արմէններէն զանազանուելու համար կ'ապրէր իրեն համար կառուցուած «ապարանք-ամրոցի մէջ»: Ան կը կառավարէր գիւղը, կը բաժնէր հողերը, պարտաւոր էր ռազմական արշաւանքներու ընթացքին մատակարարել բանակը, կազմակերպել եւ դուրս բերել ռազմասայլերը:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քսենոֆոն» էջէն