«Ոտնագնդակ (Ֆութպոլ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 7.
Ֆութպոլը կը խաղան բնական կամ արհեստական խոտածածկ դաշտի մը մէջ։ Խաղադաշտը նշանագծուած ուղղանկիւն հրապարակ է։ Դաշտի մը առաւելագոյն երկարութիւնը պէտք է ըլլայ 109.88 մեթր, իսկ առաւելագոյն լայնութիւնը՝ 90.728 մեթր։ Երբեմն պաշտօնական խաղերուն համար կ'օգտագործեն 100-100 X69-75 մեթր չափի դաշտ։ Աշխարհի ամենամեծ Ֆութպոլային մարզադաշտը Մայ Դայ Ստատիոնն է, Հիւսիսային Քորէայի մէջ, ուր կրնայ գտնուիլ մինչեւ 150,000 հանդիսաւոր։
 
ԺԹ. դարուն սկիզբ առած է ոտնագնդակի խաղը՝ Անգլիայէն: Անցեալին, ոտնագնդակի խաղերը կը տարբերէին այսօրուան խաղերէն:
== Ֆութպոլի օրէնքները ==
 
== Պատմութիւն ==
 
* Խումբով խաղալու սկսած են 3000 տարի առաջ, սակայն գնդակի փոխարէն օգտագործած են քարը:
* Խաղը տարածած են ազդէքները:
* Սկզբնական շրջանին գնդակը կը խորհրդանշէր արեւը:
* Պարտուող խումբին խմբապետը կը զոհաբերէին աստուածներուն:
* Գնդակին ոտքով հարուածելու սկսած են Չինաստանի մէջ, երկրորդ եւ երրորդ դարերէն սկսեալ: Այդ օրերուն, խաղը կը կոչէին ''«Քուճու»'' եւ կը խաղային քառակուսի դաշտի մը մէջ:
* Աւելի ուշ, Ճափոնի մէջ, քիչ մը տարբեր ձեւ որդեգրելով, խաղը կոչած են ''«Քեմարի»:''
 
=== Խումբերու Կազմութիւն ===
 
* Օրինաւոր խումբեր սկսած են կազմուիլ ԺԵ. դարէն սկսեալ, առանց որեւէ պաշտօնական ճանաչումի:
* Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, առաջին խումբը հիմնուած է Էտինպուրկի մէջ, 1824-ին «Foot Ball» անունով:
* ԺԹ. դարուն, խումբերը կը կազմուէին շրջանաւարտ  դպրոցականներու կողմէ:
* Շրջանաւարտներու առաջին  խումբը կազմուած է Շեֆիլտի մէջ, 1855-ին:
* Ամէնէն հին եւ պաշտօնական խումբը Notts County-ն է, որ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ:
 
====== ՖութպոլիԽաղին օրէնքները ======
Գնդակին շրջագիծը 680-711 մմ. է, եւ զանգուածը՝ 396-453 կր., իսկ դարպասին բարձրութիւնը 2,44 մ. է եւ լայնութիւնը՝ 7,32 մ.։