«Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողով» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «մինի|Փարիզի խաղաղութեան Վեհաժողովին գլխաւոր մասնակիցները '''Փարիզի խաղաղութեան Վեհաժողով'''. Առաջին համաշխարհային պատերազմի յաղթական դաշնակիցներու 1919-ի...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:56, 26 Նոյեմբեր 2021-ի տարբերակ

Փարիզի խաղաղութեան Վեհաժողով. Առաջին համաշխարհային պատերազմի յաղթական դաշնակիցներու 1919-ի հանդիպում, որպէսզի պարտուող Կեդրոնական Պետութիւններուն պարտադրուին խաղաղութեան պայմանները։  Հետեւանքն է հինգ տարբեր պայմանագրեր կնքուին, փոխելով Եւրոպայի, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Խաղաղական Ովկիանոսի կղզիներուն աշխարհաքաղաքական քարտէսը։  Այս վեհաժողովին նաեւ կ՛ որոշուի Ազգերու Լիկայի (Մ․Ա․Կ․ նախակարապետը) ստեղծումը։

Փարիզի խաղաղութեան Վեհաժողովին գլխաւոր մասնակիցները

Փարիզի Վեհաժողովին կը մասնակցին 32 երկիրներ եւ ազգեր։ Հաստատուած հինգ պայմանագրերէն, Վերսայլի Պայմանագիրը  կարեւորագոյնը կը նկատուի․ յօդուած 231-ով պատերազմին միակ յանցաւորը կը նկատուին Գերմանիան ու իր դաշնակիցները՝ «Գերմանիան եւ իր դաշնակիցները նախայարձակ»։  

Վեհաժողովին աշխատանքները

 
Վեհաժողովին «Քառեակ»ը․ ձախէն աջ՝ Լոյտ Ճորճ Մեծն Բրիտանիա, Վիթորիօ Օրլանտօ Իտալիա, Ժորժ Գլեմանսօ Ֆրանսա եւ Ուոտրօ Ուիլսըն Ա․Մ․Ն․

Վեհաժողովին անպաշտօն աշխատանքները կը սկսին 12 Յունուար 1919-ին, Փարիզ, Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին «Ժամացոյցին Սրահ» դահլիճին մէջ։  «Տասնեակի Խուրհուդ»ը (կամ «Բարձրագոյն Ժողով»ը) կազմուած Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ արտաքին գործերու նախարարներէն, ինչպէս նաեւ Ա․Մ․Ն․ նախագահ Ուտրօ Ուիլսըն եւ Ճափոնի ներկայացուցիչներէն իր նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին կ՛ որոշէ Վեհաժողովի գործընթացին հիմնակէտերը։

Վեհաժողովին պաշտօնական բացումը կը կատարուի 18 Յունուարին եւ աշխատանքները կ՛ աւարտին նոյն տարուան 12 Մայիսին։  Յաջորդող մէկ ու կէս տարուան ընթացքին՝ մինչեւ Օգոստոս 1920, կը յաջորդեն զանազան առանձնակի դաշինքներու պատրաստական բանակցութիւններ, յենուած առնուած որոշումներուն վրայ։

 
Ճափոնի պատուիրակութիւնը

Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովը կը գումարուի Ֆրանսայի վարչապետ Ժորժ Գլեմանսոյի նախագահութեամբ եւ Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին մասնակցած 32 երկիրներու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ։  Իրականութեան մէջ, «Տասնեակի Խուրհուդ»ը  Դաշնակիցներու «Բարձրագոյն Խորհուրդ»ի շարունակութիւնն էր։

Ազգերու Լիկայի ստեղծումի որոշում

Այս վեհաժողովին աշխատանքներուն ընթացքին, 25 Փետրուարին կ՛ որոշուի Ազգերու Լիկայի ստեղծումը, որուն որոշումներով պիտի նախընթանար Միջազգային Խաղաղութեան համագումարը։  Սակայն վեհաժողովին առնուած որոշումները հաշտութեան եւ կամ խաղաղութեան հաստատման պայմաններ չեն, այլ պատերազմին պարտուողներուն պատժամիջոցներ, որոնք կը ներբակեն տնտեսական շահեր եւ Մեծ Պետութիւններուն հովանաւորեալ երկրամասեր։

Վեհաժողովին որոշումները

 
Վերսայլի խաղաղութեան խորհրդաժողովը, նկար 1919

Որոշումները որ առնուեցան, պարտուող Կեդրոնական Պետութիւններուն / Կայսրութիւններուն բաժանումին (Գերմանիոյ, Աւտրօ-Հունգարիոյ եւ Օսմանեան կայսրութիւններ) եւ նոր պետութիւններու ստեղծումը կը վերաբերէին։  Ինչպէս օրինակ, Լեհաստանի պետութեան վերականգնում, Չեխոսլովաքիոյ, Եուկոսլավիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ պետութիւններու ստեղծում։

 
Ասորիներուն եւ Խալտիներուն միացեալ պատուիրակութիւնը

Բրիտանիոյ թագաւորութիւնը, Ֆրանսան, Պելճիքան, Հարաւային Ափրիկէն, Ա․Մ․Ն․ եւ Ճափոնը իրարու միջեւ կը բաժնուին Գերմանական գաղթօճախները։  Իսկ Մերձաւոր Արեւելքի թրքական տիրութիւնները Ազգերու Լիկայի որոշումով կը բաժնուին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ։

Վեհաժողովէն յառաջացած գլխաւոր դաշինքներ

Վեհաժողովէն յառաջացած գլխաւոր դաշինքները եղան․-

Հայկական Հարցը Փարիզի Վեհաժողովին

 
Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէս, Փարիզի վեհաժողով, 1919

Թուրքիոյ պարտութիւնը Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին հայութեան նոր յոյսեր կը ներշնչէ։  Մինչեւ 1918 Հայաստան դիւանագիտական գետնի վրայ մեկուսացած է։  Մուտրոսի պայմանագրով, թուրքերը պարտաւորուած իրենց բանակը ետ կը քաշեն՝ մինչեւ նախապատերազմեան սահմանները (1914)։  Հայ ժողովուրդը որ Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին տուած է հարիւր հազարներով զոհեր, կը սկսկի ակնկալել հողային եւ բարոյական վարձատրութիւն։  

Հայկական զոյգ պատուիրակութիւններ

 
Հայաստանի պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած քարտէս, 1919
 
Ատրպէյճանի կողմէն առաջարկուած քարտէս, 1919

Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդրանը, 1918-ի վերջերուն պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ Փարիզի Վեհաժողովին։  1919 Յունուարին, Պատուիրակութիւնը բաղկացած Աւետիս Ահարոնեանէն, Մ․ Պապաջանեանէն եւ Համօ Օհանջանեանէն, Փարիզ կը գտնուի։  Հոն է նաեւ սփիւռքի չորս կողմերը սփռած հայութեան պատուիրակութիւնը՝ «Հայոց Ազգային Պատուիրակութիւն», գլխաւորութեամբ Եգիպտահայ Պօղոս Նուպար Փաշայի։   Այս երկու հայկական պատուիրակութիւնները երկար բանակցութիւններէ ետք, իրենց միակամ պահանջները յուշագրով մը կը ներկայացնեն Դաշնակիցներուն, հետեւելով Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարար Պիշոնի թելադրանքին։  

 
Հայաստան ըստ Սեւրի Դաշնագրին, 1920

Հետեւանքները

Փարիզի Վեհաժողովին հովանին տակ, 1920 Ապրիլին Իտալիոյ Սան Րեմօ քաղաքին մէջ կայացած ժողովին կը մշակուի Անտանտի (Դաշնակիցներ) եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան նախագիծը։  Այս համաժողովին յատուկ ուշադրութիւն կը տրուի Հայկական Հարցին։  Ա․Մ․Ն․ նախագահը, իբրեւ հզօր պետութեան ներկայացուցիչ, 24 Ապրիլին կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը։   Իսկ 1920, 10 Օգոստոսին, հաշտութեան խորհրդաժողովը կ՛ աւարտի Սեւրի Դաշնագրի ստորագրոթեամբ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Աղբիւրներ

  1. «Հայոց Պատմութիւն», Է․Լ․ Դանիէլեան, Ա․Ա․Մելքոնեան - Երեւան-2008
  2. «Հայ Դատ» – Տասներկրորդ դասարան, հեղ․ Ռուբինա Փիրումեան, հրատ․՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան, Լոս Անճելես, 1999
  3. «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Ս․ Վրացեան, 1928 Փարիզ

Ծանօթագրութիւններ