«Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողով» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:William_Orpen_–_The_Signing_of_Peace_in_the_Hall_of_Mirrors,_Versailles_1919,_Ausschnitt.jpg|մինի|Փարիզի խաղաղութեան Վեհաժողովին գլխաւոր մասնակիցները]]
'''Փարիզի խաղաղութեան Վեհաժողով'''., [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ|Առաջին համաշխարհային պատերազմի]] յաղթական դաշնակիցներու [[1919 թուական|1919]]-ի հանդիպում, որպէսզի պարտուող Կեդրոնական Պետութիւններուն պարտադրուին խաղաղութեան պայմանները։  Հետեւանքն է հինգ տարբեր պայմանագրեր կնքուին, փոխելով [[Եւրոպա|Եւրոպայի]], [[Ասիա|Ասիոյ]], [[Ափրիկէ|Ափրիկէի]] եւ [[Խաղաղական Ովկիանոսի կղզիներ|Խաղաղական Ովկիանոսի կղզիներուն]] աշխարհաքաղաքական քարտէսը։  Այս վեհաժողովին նաեւ կ՛ որոշուի Ազգերու Լիկայի ([[Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն|Մ․Ա․Կ․]] նախակարապետը) ստեղծումը։
 
Փարիզի Վեհաժողովին կը մասնակցին 32 երկիրներ եւ ազգեր։ Հաստատուած հինգ պայմանագրերէն, [[Վերսայլի Պայմանագիր|Վերսայլի Պայմանագիրը]]  կարեւորագոյնը կը նկատուի․ յօդուած 231-ով պատերազմին միակ յանցաւորը կը նկատուին [[Գերմանիա|Գերմանիան]] ու իր դաշնակիցները՝ «Գերմանիան եւ իր դաշնակիցները նախայարձակ»։  
 
== Վեհաժողովին աշխատանքները ==
[[Պատկեր:Big_Four.jpg|մինի|Վեհաժողովին «Քառեակ»ը․ ձախէն աջ՝ Լոյտ Ճորճ (Մեծն Բրիտանիա), Վիթորիօ Օրլանտօ (Իտալիա), Ժորժ Գլեմանսօ (Ֆրանսա) եւ Ուոտրօ Ուիլսըն (Ա․Մ․Ն․)]]
Վեհաժողովին անպաշտօն աշխատանքները կը սկսին [[12 Յունուար]] 1919-ին, [[Փարիզ]], Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին «Ժամացոյցի Սրահ» դահլիճին մէջ։  «Տասնեակի Խուրհուդ»ը (կամ «Բարձրագոյն Ժողով»ը) կազմուած [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]], [[Մեծն Բրիտանիա|Մեծն Բրիտանիոյ]] եւ [[Իտալիա|Իտալիոյ]] արտաքին գործերու նախարարներէն, ինչպէս նաեւ [[Ա․Մ․Ն․]] նախագահէն՝ [[Ուուտրօ Ուիլսըն|Ուտրօ Ուիլսըն]], եւ Ճափոնի ներկայացուցիչներէն իր նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին կ՛ որոշէ վեհաժողովի գործընթացին հիմնակէտերը։
 
Վեհաժողովին պաշտօնական բացումը կը կատարուի [[18 Յունուար|18 Յունուարին]] եւ աշխատանքները կ՛ աւարտին նոյն տարուան [[12 Մայիս|12 Մայիսին]]։  Յաջորդող մէկ ու կէս տարուան ընթացքին՝ մինչեւ Օգոստոս 1920, կը յաջորդեն զանազան առանձնակի դաշինքներու պատրաստական բանակցութիւններ, յենուած Փարիզի Վեհաժողովին առնուած որոշումներուն վրայ։
[[Պատկեր:Japanese_peace_delegates_in_1919_with_Makino_Nobuaki.jpg|մինի|Ճափոնի պատուիրակութիւնը]]
Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովը կը գումարուի Ֆրանսայի վարչապետ [[Ժորժ Գլեմանսօ|Ժորժ Գլեմանսոյի]] նախագահութեամբ եւ Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին մասնակցած 32 երկիրներու եւ ազգերու պատգամաւորներուն ներկայութեամբ։  Իրականութեան մէջ, «Տասնեակի Խուրհուդ»ը  Դաշնակիցներու «Բարձրագոյն Խորհուրդ»ի շարունակութիւնն էր։
 
=== Ազգերու Լիկայի ստեղծումի որոշում ===
Այս վեհաժողովին աշխատանքներուն ընթացքին, 25 Փետրուարին կ՛ որոշուի Ազգերու Լիկայի ստեղծումը, որուն որոշումներով պիտի նախընթանար Միջազգային Խաղաղութեան համագումարը։  Սակայն վեհաժողովին առնուած որոշումները հաշտութեան եւ կամ խաղաղութեան հաստատման պայմաններ չեն, այլ պատերազմին պարտուողներուն պատժամիջոցներ, որոնք կը ներբակեն տնտեսական շահեր եւ Մեծ Պետութիւններուն հովանաւորեալ երկրամասեր։
 
== Վեհաժողովին որոշումները ==
[[Պատկեր:Versailles_Peace_Conference_(4304153704).jpg|մինի|Վերսայլի խաղաղութեան խորհրդաժողովը, նկար 1919]]
Որոշումները որ կ՛ առնուին, պարտուող Կեդրոնական Պետութիւններուն / Կայսրութիւններուն բաժանումին (Գերմանիոյ, [[Աւտրօ-Հունգարիա|Աւտրօ-Հունգարիոյ]] եւ [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութիւններ]]) եւ նոր պետութիւններու ստեղծումին կը վերաբերին։  Ինչպէս օրինակ, [[Լեհաստան|Լեհաստանի]] պետութեան վերականգնում, [[Չեխոսլովաքիա|Չեխոսլովաքիոյ]], [[Եուկոսլաւիա|Եուկոսլավիոյ]] եւ Միջին Արեւելքի մէջ պետութիւններու ստեղծում։
[[Պատկեր:Assyro-Chaldean_delegation_to_the_Paris_Peace_Conference.png|ձախից|մինի|Ասորիներուն եւ Խալտիներուն միացեալ պատուիրակութիւնը]]
Բրիտանիոյ թագաւորութիւնը, Ֆրանսան, [[Պելճիքա|Պելճիքան]], [[Հարաւային Ափրիկէ|Հարաւային Ափրիկէն]], Ա․Մ․Ն․ եւ [[Ճափոն|Ճափոնը]] իրարու միջեւ կը բաժնուին Գերմանական գաղթօճախները։  Իսկ [[Մերձաւոր Արեւելք|Մերձաւոր Արեւելքի]] թրքական տիրութիւնները Ազգերու Լիկայի որոշումով կը բաժնուին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ։
 
== Վեհաժողովէն յառաջացած գլխաւոր դաշինքներ ==
Տող 28.
* Նոյի պայմանագիրը (Treaty of Neuilly), 27 Նոյեմբեր 1919,
* Թրիանոյի Պայմանագիրը (Treaty of Trianon), 4 Յունիս 1920,
* [[Սեւրի Դաշնագիր|Սեւրի Դաշնագիրը]] (Treaty of Sèvres)․ նախագիծը կը ստորագրուի 10 Օգոստոս 1920-ին, սակայն որեւէ երկիր զայն չի վաւերացներ։  [[Լօզանի Համաժողովը|Լոզանի Դաշնագիրը]] (Treaty of Lausanne), 24 Յուլիս 1923, անոր փոխարինողը կը համարուի։
 
== Հայկական Հարցը Փարիզի Վեհաժողովին ==
[[Պատկեր:Armenia_in_Paris_Peace_Conference_1919.jpg|մինի|Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէս, Փարիզի վեհաժողով, 1919]]
Թուրքիոյ պարտութիւնը Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին հայութեան նոր յոյսեր կը ներշնչէ։  Մինչեւ 1918 Հայաստան դիւանագիտական գետնի վրայ մեկուսացած է։  [[Մուտրոսի պայմանագիր|Մուտրոսի պայմանագրով]], թուրքերը պարտաւորուած իրենց բանակը ետ կը քաշեն՝ մինչեւ նախապատերազմեան սահմանները (1914)։  Հայ ժողովուրդը որ Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին տուած է հարիւր հազարներով զոհեր, կը սկսկի ակնկալել հողային եւ բարոյական վարձատրութիւն։  
 
=== Հայկական զոյգ պատուիրակութիւններ ===
[[Պատկեր:Armenia_1919.jpg|ձախից|մինի|Հայաստանի պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած քարտէս, 1919]]
[[Պատկեր:Claims_of_Azerbaijan_in_Paris_Peace_Conference_(1919).jpg|մինի|Ատրպէյճանի կողմէն առաջարկուած քարտէս, 1919]]
Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդրանը, 1918-ի վերջերուն պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ Փարիզի Վեհաժողովին։  1919 Յունուարին, Պատուիրակութիւնը բաղկացած [[Աւետիս Ահարոնեան|Աւետիս Ահարոնեանէն]], Մ․ Պապաջանեանէն եւ [[Համօ Օհանջանեան|Համօ Օհանջանեանէն]], Փարիզ կը գտնուի։  Հոն է նաեւ սփիւռքի չորս կողմերը սփռած հայութեան պատուիրակութիւնը՝ «Հայոց Ազգային Պատուիրակութիւն», գլխաւորութեամբ Եգիպտահայ [[Պօղոս Նուպար Փաշա|Պօղոս Նուպար Փաշայի]]։   Այս երկու հայկական պատուիրակութիւնները երկար բանակցութիւններէ ետք, իրենց միակամ պահանջները յուշագրով մը կը ներկայացնեն Դաշնակիցներուն, հետեւելով Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարար Պիշոնի թելադրանքին։  
[[Պատկեր:Armenia_by_the_Sevres_Treaty_1920.png|ձախից|մինի|Հայաստան ըստ Սեւրի Դաշնագրին, 1920]]
 
=== Հետեւանքները ===
Փարիզի Վեհաժողովին հովանին տակ, [[1920 թուական|1920]] Ապրիլին [[Իտալիա|Իտալիոյ]] [[Սան Րեմոյի Խորհրդաժողով|Սան Րեմօ քաղաքին մէջ կայացած ժողովին]] կը մշակուի Անտանտի (Դաշնակիցներ) եւ [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] միջեւ հաշտութեան նախագիծը։  Այս համաժողովին յատուկ ուշադրութիւն կը տրուի [[Հայկական Հարց|Հայկական Հարցին]]։  Ա․Մ․Ն․ նախագահը, իբրեւ հզօր պետութեան ներկայացուցիչ, 24 Ապրիլին կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը։   Իսկ 1920, 10 Օգոստոսին, հաշտութեան խորհրդաժողովը կ՛ աւարտի [[Սեւրի Դաշնագիր|Սեւրի Դաշնագրի]] ստորագրութեամբ։ստորագրութեամբ<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/473252 Ազդակ - Խոստումներ, Խոստումներ… Այսքան Անուշ Խոստումներ, ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ, 20 Մայիս 2020]</ref> <ref>[http://img43.xooimage.com/files/d/5/c/arm-nie-carte-1919-20bc13c.jpg Հայաստանի պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած քարտէս, 1919]</ref> <ref>[https://external-preview.redd.it/JslOJ-8mytPl0IATfRDW4AQ6rni5-Nbm4Jij_HRnbDw.jpg?width=960&crop=smart&auto=webp&s=fe0d12177bed2041fc8789b34dd6e9a21d29badf Ատրպէյճանի կողմէն առաջարկուած՝ պահանջուած քարտէս, 1919 {{ref-en}}]</ref> <ref>[http://www.historyofarmenia-am.armin.am/am/Encyclopedia_of_armenian_history_Hayk_harcy_Parizi_xax_vehajoxovum Հայոց Պատմութիւն - Հայկական հարցը Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին]</ref> <ref>[https://books.google.gr/books?id=ShonDwAAQBAJ&pg=PP10&redir_esc=y#v=onepage&q&f=false Վերսայլի Պայմանագիրը{{ref-en}}]</ref> <ref>[https://books.google.gr/books?id=-WZUAQAAQBAJ&pg=PA9&redir_esc=y#v=onepage&q&f=false Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի Խաղաղութեան կարգաւորում՝ 1919-1925 - Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովը{{ref-en}}]</ref>։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/473252 Ազդակ - Խոստումներ, Խոստումներ… Այսքան Անուշ Խոստումներ, ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ, 20 Մայիս 2020]</ref> <ref>[http://img43.xooimage.com/files/d/5/c/arm-nie-carte-1919-20bc13c.jpg Հայաստանի պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած քարտէս, 1919]</ref> <ref>[https://external-preview.redd.it/JslOJ-8mytPl0IATfRDW4AQ6rni5-Nbm4Jij_HRnbDw.jpg?width=960&crop=smart&auto=webp&s=fe0d12177bed2041fc8789b34dd6e9a21d29badf Ատրպէյճանի կողմէն առաջարկուած՝ պահանջուած քարտէս, 1919 {{ref-en}}]</ref> <ref>[http://www.historyofarmenia-am.armin.am/am/Encyclopedia_of_armenian_history_Hayk_harcy_Parizi_xax_vehajoxovum Հայոց Պատմութիւն - Հայկական հարցը Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին]</ref> <ref>[https://books.google.gr/books?id=ShonDwAAQBAJ&pg=PP10&redir_esc=y#v=onepage&q&f=false Վերսայլի Պայմանագիրը{{ref-en}}]</ref> <ref>[https://books.google.gr/books?id=-WZUAQAAQBAJ&pg=PA9&redir_esc=y#v=onepage&q&f=false Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի Խաղաղութեան կարգաւորում՝ 1919-1925 - Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովը{{ref-en}}]</ref>
{{Ծնթ․ցանկ}}
 
== Աղբիւրներ ==
# «Հայոց Պատմութիւն», Է․Լ․ Դանիէլեան, Ա․Ա․Մելքոնեան, - [[Երեւան-]], 2008:
 
# «Հայ Դատ» – Տասներկրորդ դասարան, հեղ․ Ռուբինա Փիրումեան, հրատ․՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան, [[Լոս ԱնճելեսԱնճելըս]], 1999:
# «Հայոց Պատմութիւն», Է․Լ․ Դանիէլեան, Ա․Ա․Մելքոնեան - Երեւան-2008
# «Հայաստանի Հանրապետութիւն», [[Սիմոն Վրացեան|Ս․ Վրացեան]], 1928 [[Փարիզ]]:
# «Հայ Դատ» – Տասներկրորդ դասարան, հեղ․ Ռուբինա Փիրումեան, հրատ․՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան, Լոս Անճելես, 1999
# «Հայաստանի Հանրապետութիւն», [[Սիմոն Վրացեան|Ս․ Վրացեան]], 1928 Փարիզ
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
[[Ստորոգութիւն:Դաշնագրեր]]
[[Ստորոգութիւն:Խաղաղութեան Վեհաժողովներ]]