«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/12-2021» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «* Վիեննայի մէջ սկսած է Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու եօթներորդ փուլը: * Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացած է «Ոսկիէ գնդակ»-ին: * Էրիք...»:
 
No edit summary
 
Տող 1.
* Եւրոպական յանձնաժողովը «[[Պսակաձեւ Ժահր|Քորոնա]]» ժահրի եւ ներգաղթի տագնապի պատճառով առաջարկած է Շենկենի շրջանի կանոնները բարեփոխել, ներառեալ արտակարգ կացութիւններու պարագային ժամանակաւոր սահմանափակումներ սահմանել [[Եւրոպական Միութեան Արդարադատութեան Դատարան|Եւրոպական Միութեան]] արտաքին սահմաններուն երթեւեկին վրայ:
* [[Վիեննա|Վիեննայի]] մէջ սկսած է [[Իրան|Իրանի]] [[Հիւլէ|հիւլէական]] թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու եօթներորդ փուլը:
* [[Ուզպեքիստան|Ուզպեքիստանի]] մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ կայացող ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն [[Հայաստան|Հայաստանի]] հաւաքականի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան դարձած է պրոնզէ մետալակիր:
* [[Արժանթին|Արժանթինի]] ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ [[Լիոնել Մեսսի]] 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացած է «Ոսկիէ գնդակ»-ին:
* [[Իրան]], [[Ազրպէյճան]] եւ [[Վրաստան]] համաձայնած են Արաբական ծոցը [[Սեւ Ծով|Սեւ ծովուն]] կապող տարանցիկ ճամբու կազմակերպման շուրջ:
* Էրիք Իսրայէլեան պարգեւատրուած է [[Կաթողիկէութիւն|Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ]] Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Իսրայէլեան օգտակարութեան մետայլին արժանացած է՝ մարդասիրական իր ծառայութիւններուն եւ քրիստոնէական հաւատքին թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ բերած սպասաւորութեան բերումով: