«Ինտիրա Կանտի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
 
Տող 5.
== Կեանքը ==
Ինտիրա Կանտիի «քաղաքական գործունէութիւնը» կը սկսի շատ կանուխ, երեք տարեկանին, երբ յաճախ առանձին կը մնար իրենց հսկայ ապարանքին մէջ: Ան իր շուրջ կը հաւաքէր տան ծառաները, երբեմն ալ` իր պուպրիկները եւ աշխուժ ու խանդավառ, հայրենասիրական ճառեր կը խօսէր անոնց:
 
Ինտիրա Կանտի կը մեծնայ հայրենասիրութիւն եւ անկախութիւն բուրող մթնոլոտի մը մէջ եւ կը սիրէ ու կը «ներշնչուի» այդ մթնոլորտէն: Ազգայնականներու օճախ դարձած իրենց տունը ինքնաբերաբար կը ստիպէ, որ ան հետաքրքրուի քաղաքականութեամբ, ժողովուրդով եւ զանգուածով:
 
Տասներկու տարեկանին`1929-ին, Կանտի կը հիմնէ մանուկներու կազմակերպութիւն մը՝ «Ման քի Պրիկէյտ» անունով, որուն վեց հազար անդամներուն պարտականութիւնն էր լուր հաղորդել կամաւորներուն եւ ճաշերու պատրաստութեան ու վիրաւորներու խնամքին օգնել:
 
Ֆերոզ Կանտիի հետ կ'ամուսնանայ 1942-ին: Հազիւ վեց ամիս անցած` քաղաքական խնդիրներով կը ձերբակալուին եւ բանտ կը մնան: Կանտի կը ճաշակէ բանտն ու «լաթիս»-ը (գաւազան): Համբերութեամբ կը տոկայ եւ իր բանտարկութեան տասներեք ամիսներու ընթացքին գրել-կարդալ կը սորվեցնէ անուս բանտարկեալներու<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/468448 Կանտի կը ճաշակէ բանտն ու «լաթիս»-ը]</ref>:
 
Անկախութենէն ետք, առանց ուղղակի քաղաքական գործունէութիւն ունենալու, ընկերային կեանքի մէջ մեծ դեր կը խաղայ, մանաւանդ` երեխաներու պաշտպանութեան գործին մէջ: Աւելի ետք կ'ըլլայ անդամ Միացեալ ազգերու գործադիր մարմինին եւ կարեւոր դեր կը խաղայ համաշխարհային գետնի վրայ:
 
Կանտի Քոնկրես փարթիի նախագահ կ'ընտրուի 1959-ին:
Տող 12 ⟶ 18՝
1964-ին` հօր մահէն ետք, կը դառնայ տեղեկատուութեան եւ ձայնասփռումի նախարար<ref>{{Cite web|url=https://www.britannica.com/biography/Indira-Gandhi|title=Indira Gandhi {{!}} Biography & Facts {{!}} Britannica|website=www.britannica.com|language=անգլերէն|accessdate=2022-01-13}}</ref>:
 
====== Կանտի՝ Վարչապետ ======
26 Յունուար, 1966-ին Ինտիրա Կանտի կը ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:
 
Կանտի, 48 տարեկան հասակին` հանգուցեալ վարչապետ Ժաւահարլալ Նեհրուի, Քոնկրեսի կուսակցութեան կողմէ, ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, կը կոչուի Լալ Պահատուր Շասթրիի դժուար յաջորդութեան:
 
== Ծանօթագրութիւն ==