«Աւստրալիոյ Ազգային Թանգարանը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Թանգարան}}
 
'''Աւստրալիոյ ազգային թանգարանը''', մեծագոյն թանգարանը [[Աւստրալիա|Աւստրալիոյ]] մէջ։ Հիմնադրուած է 1980-ին: Թանգարանին մէջ ներկայացուած է ցուցադրութիւն մը՝ նուիրուած Աւստրալիոյ ընկերային պատմութեան, հիմնական հարցերուն, մարդոց եւ իրադարձութիւններուն մասին, որոնք ձեւաւորած են ժամանակակից աւստրալացի ժողովուրդը:
 
== Ընդհանուր տեղեկութիւններ ==
Աւստրալիոյ ազգային թանգարանը տեղակայուած է Քանպերա (Canberra), Էքթոն շրջանին մէջ՝ Աւստրալական ազգային համալսարանէն ոչ հեռու: Նախապէս թանգարանին տեղը եղած է քանպերական Թագաւորական հիւանդանոցը, որ քանդուած է 13 Յուլիս 1997-ին:
[[Պատկեր:Garden_of_Australian_Dreams,_National_Museum_of_Australia,_Canberra.jpg|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:Garden_of_Australian_Dreams,_National_Museum_of_Australia,_Canberra.jpg|մինի|Աւստրալական երազանքիերազանքին պարտէզը]]
[[Պատկեր:NationalMuseumOfAustraliaObscuredBrailleOnExteriorPanels.jpg|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:NationalMuseumOfAustraliaObscuredBrailleOnExteriorPanels.jpg|մինի|Պրէյլերի ծածկագիրը թանգարանին պատին]]
Թանգարանը նուիրուած է Աւստրալիոյ ընկերային պատմութեան, յատկապէս Աւստրալացի բնիկներուն եւ Տոռեսի նեղուցի բնիկներու պատմութեան եւ մշակոյթին, Աւստրալական պետութեան եւ հասարակութեան 1788-էն ետք, մարդոց փոխազդեցութիւնը շրջապատող միջավայրին հետ<ref>[https://www.nma.gov.au/ National Museum]</ref>: Ընդհանուր առմամբ կան հինգ մշտական ցուցահանդէսներ՝ «Աւստրալացիներու առաջին պատկերասրահ» ({{lang-en|Gallery of the First Australians}}), «Հիւսուած ճակատագիրներ» ({{lang-en|Tangled Destinies}}), «Հեռանկարները` Աւստրալիոյ կարգաւորումը» ({{lang-en|Horizons: the Peopling of Australia}}), «Պետութիւն, Աւստրալիոյ խորհրդանիշներ» ({{lang-en|Nation: Symbols of Australia}}) եւ «Յաւիտենութիւն՝ պատմութիւններ Աւստրալիոյ յուզուած սիրտէն» ({{lang-en|Eternity: Stories From the Emotional Heart of Australia}})<ref>[http://laht.com/article.asp?ArticleId=2451297&CategoryId=13936 Herald Tribune]</ref>: Տեղի կ՚ունենանկ'ունենան նաեւ լրացուցիչ ցուցահանդէսներ:
 
Թանգարանին մէջ կը գործէ սեփական հրատարակչութիւն մը, ինչպէս նաեւ պատմական հետազօտութիւններու թանգարանային կեդրոն մը:
 
== Պատմութիւն ==
Աւստրալիոյ ազգային թանգարանին շէնքը [[Քանպերա|Քանպերայի]] մէջ պաշտօնապէս բացուած է 11 Մարտ 2001-ին: Աւստրալական դաշնութեան ստեղծման հարիւրամեակին առիթով: Թանգարանը հիմնելու առաջին նախագիծը եղած է Ի. դարու սկիզբը, բայց համաշխարհային պատերազմներու եւ նիւթական ճգնաժամերու պատճառով անոնք չեն իրագործուած: Աւստրալիոյ ազգային թանգարանին ստեղծման պաշտօնական տարին կը համարուի 1980-ը, երբ երկրին Խորհրդարանը ընդունած է յատուկ օրէնք մը: Այն ատեն ալ սկսած են հաւաքել թանգարանին հաւաքածոները: 1988-ին Աւստրալիոյ կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է յետաձգել Ազգային թանգարանին շէնքին կառուցումը: 1996-ին որոշուած է նախագիծը վերսկսիլ: 1997-ին տեղի ունեցած է մրցոյթ մը՝ ապագայ կառոյցին լաւագոյն ձեւաւորման համար: Աւստրալացի ճարտարապետ Հաուըրտ Ռակաթ ({{lang-en|Howard Raggatt}}) յաղթած է մրցոյթին:
 
Թանգարանին կառուցման համար ծախսուած է 155 միլիոն աւստրալական տոլար: Բացումէն ետք անիկա քննադատներու շրջանին ստացած է տարբեր գնահատականներ: Օրինակ՝ [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] մէջ Ազգային թանգարանին ճարտարապետը մեղադրած են բանագողութեան մէջ, քանի որ կառուցուած շէնքը նման է [[Պերլին]]ի Հրէական թանգարանին:
 
== Ճարտարապետութիւն ==
Աւստրալիոյ Ազգային թանգարանին շէնքին ցուցասրահները կը կազմեն 6,600 մ ², կառուցուած է postmodern ոճով: Անիկա բաղկացած է քանի մը անհատական սենեակներէ, միաւորուած իրարու մէջ ինչպէս puzzle մը՝ ստեղծելով կիսակառոյց «Աւստրալական երազանքներու այգին»: Արտաքին հատուածին կառոյցները ներկուած են վառ ներկերով՝ [[նարնջագոյն]], մորեգոյն, [[պրոնզագոյն]], [[ոսկեգոյն]], [[սեւ]] եւ [[արծաթագոյն]] գոյներով, որոնք թանգարանը կ'առանձնացնեն [[Քանպերա|Քամպերայի]] մնացեալ շէնքերէն, ուր տուները կառուցուած են բաց դեղնաւուն գոյնի աղիւսներէ: Շէնքը ծածկուած է նաեւ անոդային (''aluminum'') թաղանդով մը: Անոնցմէ շատերը պահպանած են անգլիական բառեր, գրուած [[Պրայլի գիրեր|Պրայլի]] գիրերով <ref>[https://www.nma.gov.au/visit-us/the-museum-building Թանգարանին շէնքը]</ref>, օրինակ՝ «ընկեր», «ներողութիւն», «ներողութիւն խնդրեցէք մեր ցեղասպանութեան համար» (Աւստրալացի բնիկներու գործածած արտայայտութիւն), «Աստուած գիտէ», «ժամանակը ցոյց կու տայ» եւ «սէրը կոյր է»:
 
Թանգարանին մուտքը կ'անցնի մեծ դահլիճով մը՝ կոր պատերով, լուսամուտերով եւ առաստաղով: Ըստ ճարտարապետին՝ անիկա ներսէն նման է հսկայ հանգոյցի մը, որ կը խորհրդանշէ կապը Աւստրալացիներուն միջեւ: Մինչ Ազգային թանգարանին մուտքը կը սկսի Ուլուրու ժայռերու գիծը, վառ-նարնջագոյն քանդակներ հանգոյցներու ձեւով, երկարութեամբ բաշխուած էքթոնի թերակղզիով: Թանգարանին կեդրոնական մասին մէջ Աւստրալիոյ երազանքներու այգին է, որ ջուրի քարտէսի տեսքով հսկայական քանդակագործական կազմն է, փոքրիկ խոտի ծածկով մը եւ քանի մը ծառերով, որ կը պատկերէ Աւստրալիոյ կեդրոնական մասը ճանապարհային նշաններով, dingo ցանկապատի տեսարանով, Աւստրալիոյ բնիկներու անուններով, ինչպէս նաեւ տեղական լեզուներու բաշխման սահմանները: