«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ ուղղագրութիւն, replaced: և → եւ using AWB
Տող 2.
| ամուսին = Հելեն
| երեխաներ = Լեւոն Չիլինկիրեան, Շամիրամ Չիլինկիրեան
|պատկեր=Ռուբեն ՍևակՍեւակ.JPG}}
'''Ռուբէն Սեւակ''' ({{ԱԾ}}), բանաստեղծ եւ արձակագիր։
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Ռուբէն Չիլինկիրեան։ Ծնած է [[Սիլիվրի]], [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] մօտ։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ագգային վարժարանին մէջ, ապա հետեւած՝ Պարտիզակի Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն, երկու տարի։ Անցած է Պոլիս, ուր փայլուն նիշերով աւարտած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը։ 1905-ին մեկնած է [[Զուիցերիա]], ուր համալսարանական ուսումը ստացած է [[Լոզան|Լօզան]]<nowiki/>ի համալսարանին մէջ, վկայուելով որպէս բժիշկ։
 
 
1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ, ամուսնացած է գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամի (Եաննի Ապել) հետ, որուն հետ ծանօթացած է իր ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանի միջոցով։ Վկայուելէ ետք, 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ, դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
Տող 31 ⟶ 30՝
Օրինակ՝ Օգոստոս, 8, 1908-ի հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, ՌուբԷն Սեւակի յայտնած է. «Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի ամէնէն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ մեր ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռտկար աչքերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել, ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ ինչպէ՞ս կ'ուզէք որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամէնէն անկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չ՛ըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»։
 
Այնուհետեւ Ռուբէն Սեւակ կը զգուշացնէր՝ «Ներսի գաւառներու մէջ կոտորածի վախ կայ, կը լսէ՞ք ԿՈՏՈՐԱԾԻ ՎԱԽԸ», ու կը պահանջէր «մարդկօրէն կատղիլ», այսինքն զինուած ազատագրական պայքար մղել։
 
== Մահը ==
1915-ին, երբ արդէն սկսած էր Առաջին համաշխարհային պատերազմը, Ռուբէն Սեւակ զօրակոչուած է օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած՝ Մաքրիգիւղի (Մագրիքէօյ) զօրամասին մէջ։ 24 Ապրիլ, 1915-ին, զինուորական ծառայութան մէջ ըլլալով, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած է Չանղըրը, ուր տեղւոյն բանտին մէջ գրուած համրիչի 99 հատիկներէն մէկուն վրայ անունը արձանագրուած է։ Չանղըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ Արապաճի Իսմայիլի աղջիկը։ Իսմայիլ անոր յորդորած էր իսլամութիւն ընդունելով փրկուիլ սպառնացող վտանգէն, սակայն բժիշկը հրաժարած է այդ խորհուրդին հետեւելէ, նոյնիսկ իրենց բախտակիցներու յորդորներէն ետք։ Չանղըրըի չէրքէզ փոխ կառավարիչը, որ անոր բարեկամն էր, անզօր պատասխանած է. «Ես չեմ կրնար Պոլիսէն եկած հրաման մը չգործադրել»։ Սեւակը ազատելու համար, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Սոֆիայի դեսպաններուն, Լօզանի հիւպատոսին, Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան [[Հանսֆոն Վանգենհայմ|Հանս ֆոն Վանկենհայմ]]ին բազմաթիւ դիմումներ ուղարկած են անոր աները՝ գերմանական բանակի պահեստի սպայ՝ Ֆրանց Ապելն ու կինը՝ Հելեն Ապել-Չիլինկիրեանը, բոլորն ալ՝ ապարդիւն։ 25 Օգոստոս, 1915-ին, Ռ. Սեւակ հեռագրած է կնոջ, թէ [[Դանիէլ Վարուժան]]ի հետ կը գտնուի Չանղըրըի մէջ եւ թէ շուտով Այաշ պիտի ղրկուի։ 26 Օգոստոս, 1915-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճանապարհին՝ Չանղըրը եւ Գալեճիք (Գալայճըք) գիւղերու միջեւ, Չանղըրըէն կառքով վեց ժամ հեռու գտնուող Թիւնէ (Թիւնայ, Թիւնէյ) կոչուած վայրին մէջ, իր չորս բախտակից ընկերներուն հետ (որոնց շարքին՝ Դանիէլ Վարուժանը), թուրք չէթէներու կողմէն սպաննուած է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով։ Ըստ Գոնիայի պատերազմական ատեանին մէջ կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղած է վերջին սպաննուողը։
 
== Ռուբէն Սեւակի բնակարանը ==
Տող 62 ⟶ 61՝
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
 
== Աղբիւրներ ==
Տող 75 ⟶ 74՝
 
{{DEFAULTSORT:Սեւակ, Ռուբէն}}
 
[[Ստորոգութիւն:15 Փետրուարի ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:26 Օգոստոսի մահացածներ]]