«Հրանդ Ասատուր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎top: ուղղագրութիւն, replaced: և → եւ using AWB
Տող 4.
Ծնած է Կ․ Պոլիս, [[10 Օգոստոս]] [[1862]]-ին։ Կրթութիւնն ստացած է «Մեզպուրեան Վարժարանի»ն եւ «Ռոպէրթ Գոլէճի»ն մէջ, ուր աւարտելով [[1873]]-ին՝ նուիրուած է գրական-բանասիրական աշխատանքին։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են [[1879]]-ին «Պատանեկան ներշնչումներ» խորագրով։ Նոյն թուականին առանձին գիրքով լոյս տեսած է անոր «Սահմանադրութիւն Եւ Հայ Ժողովուրդը» գրքոյկը։
 
[[1881]]-ին մեկնած է [[Փարիզ]], ուրկէ աշխատակցած է «Մասիս» պարբերականին։ Հոն հետեւած է ու ստացած՝ իրաւաբանական ուսումն, ուր [[1884]]-ին ուսման շրջանն աւարտելով վերադարձած է Կ. Պոլիս։ Արաքս ստորագրութեամբ «[[ԱրևելքԱրեւելք (օրաթերթ)|Արեւելք]]» օրաթերթին մէջ հրատարակած է իր փարիզեան տպաւորութիւնները «Կեանքը ի Ֆրանսիա» խորագրով։ [[1892]]-ին [[Գրիգոր Զօհրապ]]ի հետ խմբագրած է «Մասիս» գրական հանդէսը։ [[1898]]-[[1908]]-ին պաշտօնավարած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս, որպէս՝ գրականութեան եւ [[աշխարհաբար]] լեզուի դասատու։ Իր տիկնոջ՝ Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ) հետ կազմած է լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքեր՝ «Աշխարհաբարի Գործնական Քերականութիւն»ը եւ «Թանգարան» (տարրական, միջին եւ բարձրագոյն դասընթաց), որոնք արժանացած են մի քանի տպագրութեան։
 
[[1899]]-էն յետոյ Հրանդ Ասատուր սկսած է զբաղիլ լուրջ ուսումնասիրութիւններով։ Անոր գրաւոր գործերը ցրուած են «Մանզումէի Էֆքեար», «Թերճիւմանի Էֆքեարի», «Մասիս», «Արեւելք» թերթերուն մէջ, որոնք հաւաքուած, մի քանի հատորներ կրնան կազմել։