«Ս․ Սարգիս (տօն)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 60.
*Ըստ աւանդութեան, ան հրեշտակներու ուղեկցութեամբ կ'անցնէր, եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ իր սպիտակ ձիու պայտին հետքը ձգէր (մաքրութեան եւ անաղարտութեան խորհրդանիշ), այդ տարի կ'իրականանային երիտասարդին երազները։
*Կար ուրիշ սովորութիւն մըն ալ. ծոմ պահողները իրենց փոխինդէն կտոր մը կը դնէին տան տանիքը եւ կը հետեւէին, թէ այդ կտորը կտցող թռչունները ո՛ր կողմ կը թռչէին, այդ կողմէն ալ կը սպասէին իրենց ապագայ ամուսինը կամ կինը:
* Տօնին առթիւ սիրահարուած երիտասարդները իրարու բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն: Տօնին օրը Ս. Սարգիս Զօրավարին անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:
*Մայր աթոռ [[Ս. էջմիածին]]էն առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի կը բերուին Ս. Սարգիս Զօրավարին մասունքները: Ամբողջ օրուան ընթացքին մարդիկ առիթը կ'ունենան տեսնելու սուրբին մասունքները եւ հայցել անոր բարեխօսութիւնը:
*Մարաշցիները մեծ կարեւորութիւն կու տային Ս. Սարգիսի տօնին եւ այդ շաբաթ 3-5 օր պահք կը պահէին։ Ծոմի ժամանակ արգիլուած էր օգտագործել կենդանական ծագում ունեցող մթերք, փոխինդ, ցորեն եւ ալիւրէ պատրաստուած ուտելիքներ։
 
Ծոմին երրորդ օրը մասնակիցները Չորեքշաբթի առտու եկեղեցի կ'երթային «Խաչմէր» (օրհնուած ջուր) խմելով կ'աւարտէին պահքը։ Այնուհետեւ տուն վերադառնալով՝ «ալլա հոց» կոչուող հացը (առանց աղի եւ թթխմորի հաց) կ'ուտէին կամ «փէխանդը»։ Վերջինս կը պատրաստուէր բոված ալիւրէ եւ խաղողի ռուպէ (խաղողահիւթէ պատրաստուած քաղցու)։ Փոխինդը ընդունուած էր եփել մեծ քանակութեամբ եւ բաժնել դրացիներուն՝ Ս. Սարգիսի բարեգթութեան խնդրանքով։
Տող 78.
[[Մուսա Լեռ|Մուսա Լերան]] աւանդական խոհանոցին մէջ, մինչեւ օրս պահպանուած է «գումպա» անուամբ [[Ծէս|ծիսական]] հաց-քաղցրեղէնի պատրաստութիւնը։ Խմորը կը շաղեն երեկոյեան եւ անիկա ամբողջ գիշերը կ'եփի մարած թոնիրի տաքութեամբ։
 
Գումպան«Գումպա»ն կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով։ Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որո՛ւ որ ելլէ այդ դրամը, ան կը համարուի տարուան բախտաւորը։<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/103943 Տօներ – Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս Զօրավար Երիտասարդներու Եւ Սիրոյ Տօնը]</ref>:
 
== Ս. Սարգիսի տօնը հայկական տօնացոյցին մէջ ==