«Թատրերգութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Սեւան Դանիէլեան Մկրեան տեղափոխեց էջը «Թատերգական սեռ»-էն «Թատրերգութիւն»
Տող 10.
[[Պատկեր:Aristophanes - Project Gutenberg eText 12788.png|մինի|Արիստոֆանէս]]
 
== Սեռին բնորոշ գիծերը==
-Ի՞նչ բնորոշ գիծեր ունին թատերգական սեռի երկերը, այսինքն՝ թատերգութիւնները (կ՛ըսենք նաեւ թատերակ կամ տռամա)։
 
* Ինչպէս պատմողական սեռի երկերը, ասոնք եւս կը զարգանան գործողութիւններու եւ կերպարներու միջոցով։ Բայց հեղինակը չի միջամտեր գործողութիւնները պատմելու կամ կերպարները ներկայացնելու համար։ Կերպարները՝ թատերգութեան գործող անձերը, կը ներկայանան ուղղակի։ Իրենց խօսքով եւ շարժումներով՝ անոնք «կը ստեղծեն» իրենք զիրենք ե'ւ կը կատարեն գործողութիւնը - իբր տեղւոյն վրայ ծնող, իրականացող գործողութիւն (եւ ոչ՝ արդէն տեղի ունեցած ու հիմա պատմուող - ինչպէս կ'ըլլայ պատմողական սեռի պարագային)։