Հեղինակային այս «բացակայութիւն»ը կը դժուարացնէ թատերագիրին գործը։ Իրեն համար, արտայայտուելու միակ ճամբան՝ գործող անձերու խօսքն է. ան պարտաւոր է ե'ւ հերոսներու հոգեբանութիւնը, ե'ւ գործողութեան զարգացումը, ամէ՛ն բան՝ տեղաւորել այդ խօսքերուն մէջ։ Առաւելագոյնը՝ կրնայ փակագծուած շատ կարճ նշումներ արձանագրել, ինչպէս՝ բեմանկարի, հերոսներու ելեւմուտքին, կամ որոշ պահերու՝ անոնց կեցուածքին մասին։
* Թատերգութեան բնորոշ այս յատկանիշը՝ հեղինակային «բացակայութիւն» եւ կերպարներու խօսքի կենսական պաշտօն,– կը նշէ երկրորդ հանգամանք մը.– թատերակ մը, գրեթէ միշտ, կը գրուի բեմադրուելու համար - թատրոնի համար։ Թատրոնը այն համադրական, «խառն» արուեստի վայրն է, ուր կը միանան գրականութիւնգրականութիւնը եւ բեմական ներկայացում։ներկայացումը։
-Թատրոնը թատերակներուն կըյատուկ պարտադրէկառոյց մասնաւորկը կառոյց։պարտադրէ։ Հանրութեան դադարներ տալու եւ բեմանկար փոխելու համար, անոնք՝անոնք գործողութեան ընթացքին համաձայն՝ բաժնուած կ՛ըլլանկ'ըլլան արարներու, 3 էն 5 արար։ Արարները իրենց կարգին բաժնուած կ՛ըլլանկ'ըլլան պատկերներու կամ եւ տեսիլներու։
* Նշուած յատկանիշներով՝ կը բացատրուի նաեւ թատերգութեանթատրերգութեան գործողութեան կուռ կառուցուածքը՝ կեդրոնացումը, լարումն ու արագութիւնը։ Որեւէ շեղում կամ դանդաղում, որ այս կամ այն ձեւ կարելի պիտի ըլլար վէպի կամ բանաստեղծութեան մէջ,– ըմբռնելի եւ ընդունելի չէ հոս։