«Ոդիսական» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 2.
'''Ոդիսական''' ({{lang-grc|Ὀδυσσεία}}), [[Հոմերոս]]ին վերագրուող դիցաբանութիւններէն երկրորդը ([[Իլիական]]էն ետք)։ Գրուած է, հաւանաբար, Ք.Ա. 8-րդ դարուն։
 
Ի տարբերութիւն «Իլիականի»` «Ոդիսականի» նիւթը հերոսական չէ, այլ [[հեքիաթ]]ային, արկածային եւ [[կենցաղ]]ային։ Կը պատմէ Իթաքի կղզիի արքայ Ոդիսեւսի` Դրոյեան պատերազմէն ետք տուն վերադառնալու ճանապարհին տասը տարի տեւած արկածներուն, ինչպէս նաեւ [[Իթաքի (կղզի)|Իթաքիի]] մէջ [[Ոդիսեւս|Ոդիսեւսին]] սպասող հաւատարիմ կնոջը՝ Փինելոփիին բաժին ինկած փորձութիւններուն մասին։
 
«Ոդիսականը» նոյնպէս բաժնուած է 24 գիրքերու կամ երգերու։ Կառուցուածքի առումով «Իլիականի» համեմատ «Ոդիսական»ը աւելի բարդ է։ Դիւցազներգութիւնը կը սկսի պատմութեան կէսէն, իսկ նախորդող իրադարձութիւններուն մասին կը տեղեկանանք կեդրոնական երգերէն։ Գլխաւոր հերոսի կերպարը աւելի վառ արտայայտուած է։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ոդիսական» էջէն