«Ոդիսական» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 34.
Ոդիսեւս, յոգնած կը քնանայ։ Աթինա աստուածուհին Ֆէաքեսի թագաւորին (Ալքինոս) աղջկան՝ Նաֆսիքային երազին մէջ կը յայտնուի կերպանափոխուած անոր ընկերուհիներէն մէկուն։ Նաֆսիքային կը յիշեցնէ թէ հարսնցուի տարիքին հասած է եւ պէտք է գետափ իջնէ ու հագուստները լուայ։
 
Նաֆսիքա ընկերուհիներուն հետ գետափ կ՛ իջնեն։ Հագուստները կը լուան, կը լոգնան, կը ճաշեն եւ գնդակով կը խաղան ու կ՛ երգեն։ Օտիսէաս ձայներէն կ՛ արթննայ եւ կը փորձէ գուշակել թէ ուր կը գտնուի։ Կ՛ որոշէ թուփերէն դուրս գալ փորձելով մերկութիւնմերկութիւնը պահել։ Աղջիկները անոր տեսքին կը շուարին ու կը փախչին։ Նաֆսիքա Աթինային յորդորումով կը մնայ։ Օտիսէաս կը գովէ անոր գեղեցկութիւնը եւ կը մաղթէ ունենայ երջանիկ ամուսնութիւն մը։ Նաֆսիքա կը գնահատէ անոր ազնուութիւնը եւ կը հաւաստիացնէ թէ իրենց երկրին մէջ բարով պիտի ընդունուի։ Ընկերուհիներուն կ՛ ըսէ չվախնան անորմէ։
 
Օտիսէաս անդին կը լոգնայ եւ Աթինա զայն կը շրջապատէ աստուածային գեղեցկութեամբ։ Նաֆսիքա կը զմայլի եւ Օտիսէասին պալատ կը հրաւիրէ։ Իրիկնամուտին պալատ կը հասնի։
 
==== Օտիսէասին յանձնարարութիւնը Ֆէաքեսներուն ====
Ալքինոս թագաւորը Օտիսէաս պալատականներուն կը ներկայացնէ։ Կը հրահանգէ նաւ մը պատրաստուի եւ բոլորին կերուխումի կը հրաւիրէ։ Ան, նաեւ կ՛ երգէ երգ մը Տրոյեան պատերազմէն․ Ախիլէասի եւ Օտիսէասի վիճաբանութիւնը։ Օտիսէաս ինքնութիւն չի յայտնէր, կը յուզուի, սակայն կը յաջողի արցունքները պահել։
 
Ապա բոլորը միասին շուկայ կ՛ իջնեն, ուր երիտասարդները կը մրցին։ Ոդիսեւսին ալ կը հրաւիրեն՝ քանի ան երիտասարդի ու յաղթանդամի երեւոյթը ունի։ Էվրիալոս զայն կը գրգռէ։ Օտիսէաս կը զայրանայ, եւ ամենածանր սկուտեղը բոլորէն հեռու կ՛ արձակէ։ Տեղացիները անխօս կը մնան եւ ան կը յայտնէ թէ Տրոյան պատերազմին առաջիններէն էր։ Ալքինոս թագաւորը կը պատասխանէ վեր առնելով իր հպատակներուն նաւագնացութեան, քէֆի եւ լաւ ժամանցի առաքինութիւնը։
 
Թագաւորը, հասկնալով թէ Ոդիսեւս պատահական մէկը չէ, իր ազնուականներուն կ՛ առաջարկէ անոր արժէքաւոր նուէրներ նուիրեն։ Խրախճանքի իրիկունը, Տիմոքիքոս կ՛ երգէ «Փայտէ Ձի»ն։ Օտիսէաս կը յուզուի լսելով թէ կ՛ երգուին իր քաջագործութիւնները։ Ալքինոս կը դադրեցնէ խրախճանքը եւ կը սկսի անոր հարցաքննել։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ոդիսական» էջէն