«Գէորգ Արծրունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Անիմաստ Պէտքը չկայ
Տող 10.
 
Քահանայութենէն վերջը շարունակած է վարժապետութիւնը եւ օգտուելով Ճէզայիրլեանի իր վրայ ունեցած համադրութենէն, Կար Ժաբանը նորոգել եւ բարեկարգել տուած է քանի մը հազրա անձերու գործ գտնել եւ կարգ մըն ալ պատանիներ Եւրոպա ղրկել տալու խորհուրդը տուած է բարեսիրտ Ամիրային։
 
Արդէն Ճէղայիրլեանի կենսագրութեան մէջ պատմած ենք թե՝ ինչպէս Արծրունի ամբաստանուած է իբր անհաւատ։ Տ. Գէորգ Վ. յետոյ Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Պատրիարքին հրամանով Արծրունի քահանան Պատրիարքարան կը կանչէ։
 
Տ. Գէորգ Արծրունի, Պատրիարքարան կոչուելով, կ՛առաջնորդուի ստորին հարկը՝ հին փոխանորդարանի դէմք սենեակը, ուր առանձին նստած էին Յակոբոս Արքեպոս (Պատրիարքական խորհրդական) եւ Փոխանորդն՝ Սէթեան Յովհաննէս վարդապետ։ Եւ կը սկսի հացաքննութիւնը։
'''Յակոբոս Արքեպիսկոպոս.-''' Մկրտիչ Ամիրային մեծ ծախքերէ ելլալուն պատճառւ դո՞ւն ես եղեր։
 
'''Արծրունի.-''' Այո՛, Սրբազան. Ազգին զաւակաց կրթութեան, դպրոցին շինութեան եւ ընտիր դասախօսներ բերելու համար դիմեցի իրեն ու ինք սիրայօժար յանձն առաւ այդ ծախքերը։
 
'''Յակոբոս Արք.-''' Բայց դուն քահանայ ես, ի՞նչ բան ունիս ատանկ գործերու կը խառնուիս եւ վարժապետութիւն ալ կ՛ընես։
 
'''Արծրունի.-''' Եթէ հրաման կ՛ընէք այդ պաշտօնը չվարելու, այսօրուընէ հրաժարեալ եմ։ _Եւ աջը համբուրելու համար դէպ իրեն կը մօտենայ։
 
'''Յակոբոս Արք.-''' Գնա՛, հակառակորդներուդ պատասխան տուր։
 
'''Արծրունի.-''' Եթէ արդարութիւնը չէ կորսուած, բոլորովին պատրաստ եմ պատասխան տալ՝ ուր եւ որու առջեւ ալ որ ըլլայ։
 
Հազիւ արտասանած էր Արծրունին այս վերջին բառերը, եւ ահա իւր ետեւ կեցած որկու ժամկոչներ՝ թեւէն բռնելով կ՛իջեցնեն զինք վար եւ կը տանին եկեղեցւոյ սենեակներէ մըն, ուր կը մնայ Մեծ Պահոց առաջին չարթուան երեքշաբթիէն մինչեւ Աշխարհամատրան կիրակի օրն ու դասեոլվ որ զինք գտնեն։
 
Վերջապէս Ս. Լուսաւորչայ չարթուն, երեքշաբթի, պատրիարքական ընտրութեան համար Պատրիարքարանի մեծ դահլիճին մէջ ըստ օրինի կը հաւաքուին [[Ստեվաննոս Պատրիարք]], [[Յակոբոս Արքեպիսկոպոս]] (ընտրելի Պատրիարք), Ամիրայք, եկեղեցեայ մրթէվէլլիք, էսնաֆներու գլխաւորներն եւ այլն։ Այդ պահուն կ՛որոշեն որ նախ Տ. Գէորգն իրենց առջեւ բերուլով դատուի։ Եւ ահա երկու ժամկոչներուն հետ Տ. Արծրունին կը ներկայանայ Ատեան։
 
Քանի մը վայրկեան լռութիւն։
 
Մագրուտ Ամրբան նշանացի կերպով իւր մօտ կանչելով զԱրծրունի, կ՛ըսէ.- «զԶեզ ուսեալ եւ բարի անձ մը կը ճանչնանք, ուստի կ՛ուզենք որ գործին ճշմարտութիւնը խօսիք»։
 
'''Արծրունի.-''' Պերճապատիւ Ամիրա, ի՞նչ է Ձեր փնտռածը։
 
'''Ներկայք.-''' Շիտակը խօսեցքէ. ի՛նչ որ ըրիք անիկա խոստովանեցէք։
 
'''Արծրունի.-''' Դուք հաւա՞տք կը փնտռէք ինձմէ. ուրեմն աւասիկ բոլոր սրտովս եւ կատարեալ հաւատով կը խոստովանիմ։ _ Եւ կը սկսի բարձրաձայն «Հաւատամք ի մի Աստուած ի Հայրն Ամենակալ, արարիչն Երկնի եւ Երկրի»։
 
Երբ մինչեւ հոս կը հասնի, ճարտարապետ Ամիրան ընդմիջելով կ՛ըսէ. «Այդ ըսածդ մենքն կ՛ըսեն. սա դպրոցին մէջ ինչ որ ըրիր նէ անիկա զուրցէ»։
 
'''Արծրունի.-''' Դպրոցին մէջ մեր սորվեցուցածը աշակերտները շատ աղէկ գիտեն, մեր քարոզածը կրնաք անոնցմէ ստուգել։ Քառասուն աշակերտ կանչեցէք հոս, եթէ միայն երկուքը զիս ամբաստանող ըլլան եւ 38 ջատագով, թող մերժուի 38ի ջոտագովութիւնն եւ ընդունուի երկուքին ամբաստանութիւնը։
 
'''Ներկայք.-''' Հոս պատրաստ են այդ [[40]] աշակերտները։
 
'''Արծրունի.-''' Թո՛ղ գա՛ն. ու ետին կը դառնայ տեսնելու համար։
 
'''Ներկայք.-''' Թէ որ սրտիդ մէջ վախ չունէիր ինչո՞ւ ետիդ նայեցար։
 
'''Արծրունի.-''' Դուք այնպիսի բան մը կը փնտռէք որ մարմնաւոր աչօք չի տեսնուիր։ Երբ Փրկիչն Պիղատոսի առջեւ ներկայացած կը կենար, Պիղատոս ըսաւ անոր.- այս ի՞նչ ամբաստանութիւններ է որ կ՛ընեն քեզի համար։ Յիսուս Քրիստոս պատասխանեց «Ճշմարտութեան մը համար եկեր եմ:» Քրիստոս ճշմարտութիւնն իբրեւ նիւթական ինչ չցուցուց Պիղատոսին։ _Ճանիկ Ամբրա քթին տակէն կը խնդայ. Ստեփաննոս Պատրիարք կը մրմնջէ.
 
-«Ոչ ինչ վնաս գտնանեմ ի դմա:»
 
Եւ Արծրունին դարձեալ երկու ժամկոչներով դահլիճէն դուրս հանելով կ՛առաձնորդուի եկեղոցւոյ այն խուցն ուր արդէն փակուած էր։
 
Ֆիզիքա Պօղոս վարժեպետն ալ նոյն օրերն աքսորուած էր Կեսրաիա։ Ստեփաննոս Պատրիարք քաշւոախ էր Արմաշի վանքն եւ անոր յաձոդած էր Յակոբ Սրբազան։ Խասգիւղցիք մեծ յոյսեր ունէին նորընտիր Պատրիարքին վրայ, եւ կը սպասէին որ Աշխարհամատրան կիւրակ էօրը Ս. Ստեփաննոս եկեղեւոյ մէջ պատարագելուն առթիւ Տ. Գէորգ Արծրունին իրեն հետ բերէր։ Բայց նոյն առաւօտուն, ի յարգանս Խասգիւղցիներուն, աւելի մեղմ տնօրինութիւն մը կ՛ընէ, ղրկելով Տ. Արծրունին մայրաքաղաքիս մօտակայ մէկ վայրն՝ ի Չօրլու, 1839 թուականին, Փետրուար ամսուն։
 
Արծրունի [[7]] ամիս Չօրլու կը մնայ, այնտեղի Առաջնորդարանին մէջ ուր իրեն բազմաթիւ համակրողներ կը գտնէ, մսնաւորբար Յակոբոս Կրճիկեանը՝ որ մեծանուն Րէշիտ փաշայի անձնական քարտուղարն էր Անոնք չափազանց կ՛աշխատին քահանային վերադարձին համար։ Նոյն ինքն Յակոբոս Պատրիարք ալ համոզուելով Արծրունիի անմեղութեան, կ՛աշխատի նոյն գործին եւ հաւաքական դիմումներու եւ միջնորդութիւններու շնորհիւ Արծրունի [[Պոլիս]] կը վերադառնայ, ուր Պալեան ամբրայ ալ զգալով իր սխալիլը ներողութիւն կը խնդրէ Տ. Գէորգէն։